Հայկազեան Համալսարանի 2012 Տարուան Աւարտական Հանդէս
Ուսումնական ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, ուրբաթ, 29 յունիս 2012-ին, 144 ուսանողներ (125 ընթացաւարտներ եւ 19 շրջանաւարտներ) հպարտութեամբ իրենց վկայականները ստացան` ձեռամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանի, ջերմ ծափահարութիւններու տարափին եւ բարձր տրամադրութիւններով յագեցած մթնոլորտին մէջ:
Շրջանաւարտներու եւ դասախօսական կազմի պաշտօնական մուտքէն ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, ապա հոգաբարձութեան անդամ Ճան Սաղըրեան աղօթքով բացումը կատարեց 52-րդ աւարտական հանդէսին:
«Ձեր ուսերուն վրայ կը բեռցնեմ ծանր պատասխանատուութիւնը ձեր ստացած ուսումը վերածելու լաւ, մասնագիտացած ծառայութեան եւ առաքինի վերաբերմունքի», ըսաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան` խօսքը ուղղելով 2012 տարուան շրջանաւարտներուն: Ան ուսումը նկատեց «խոստում» մը: Համալսարանները այդ խոստումը ասպարէզի կը վերածեն: Հետեւաբար համալսարանները իրենց վրայ վերցուցած են պարտականութիւնը դիմակալելու ապագայի մարտահրաւէրները, նոյնիսկ` պետութեան կարողութենէն անդին:
Հայրական իր յորդորները փոխանցած ատեն նախագահը շեշտեց, որ շրջանաւարտները ըլլան` «խաղաղութեան գործիքներ, գիտութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը միախառնեն ու ազատամտութիւնը վայելեն»: Եզրակացնելով` ան ըսաւ. «Աշխարհ կարօտ ունի լաւ խոստումներու: Մենք լաւ օրերու մէջ չէ, որ կ՛ապրինք: Երիտասարդ մասնագէտներ, որոնք լաւին խոստումը կու տան, լաւագոյն մեկնակէտը կը նկատուին, եւ Աստուած պիտի օրհնէ տարուած ջանքերը»:
Օրուան բանախօս, Քառնեկի Միջին Արեւեքի կեդրոնի տնօրէն, խորհրդատու, դասախօս եւ քաղաքագէտ տոքթ. Փոլ Սալեմ, անդրադառնալով արաբական աշխարհի մէջ ծաւալած շարժումին` նշեց. «Գարունը վերածնունդ է. «Արաբական գարուն»-ը կ՛առաջնորդուի երիտասարդներու կողմէ, որոնք կը ներկայացնեն հասարակութիւններու վերածնունդը»: Բանախօսը շեշտը դնելով «փոփոխութիւններ»-ու վրայ` շրջանաւարտներուն թելադրեց դրական լիցքերով եւ իտէալներով զինուիլ` յառաջիկայ տասնամեակները լաւագոյնս ձեւաւորելու համար: Ան աւելցուց. «Վախով մի՛ առաջնորդուիք: Ձերբազատեցէք վախէն եւ վատ սովորութիւններէն: Դուք ձեզ զոհի տեղ մի՛ դնէք: Անցեալին մէջ մի՛ ապրիք, մոռցէք վիրաւորանքներն ու անհատական վիշտերը…»:
Ապա երկու շրջանաւարտներ իրենց ընկերներուն անունով կարդացին ուղերձներ:
Շրջանաւարտ Բալիկ Լատոյեան իր ուղերձին մէջ շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ ինչպէս որ Հայկազեան համալսարանը յատուկ էր, նաեւ անոր հազարաւոր շրջանաւարտները զգալիօրէն իւրայատուկ: Ակնարկելով Պենճամին Ֆրանքլինի խօսքին, թէ` «գիտութեան շահարկումը միշտ լաւ տոկոս կու տայ», ան ըսաւ, որ Հայկազեանը մեզի հայթայթեց հաւասարակշռուած կեանք` գիտութեան եւ անհատականութեան միջեւ: Լատոյեան թելադրեց իր շրջանաւարտ ընկերներուն երախտապարտ ըլլալ սիրելի Լիբանանին եւ ծառայել ի նպաստ անոր բարօրութեան:
Իր կողմէ, շրջանաւարտ Նաթաշա Շելլեն, մեկնաբանելով առաքինութիւններու գլխաւորը` սէրը, Հայկազեան համալսարանին մէջ ունեցած իր փորձառութեան վրայ հիմնուելով` ըսաւ, թէ ամօթխածութեան պատեանէն դուրս ելլելով` մտած էր սիրոյ պատեանէն ներս: Ան Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի խօսքը մէջբերելով` ըսաւ. «Սիրոյ խորութիւնը կը զգանք յատկապէս բաժանման պահուն: Սէրը պիտի մեծնայ, ուժ դառնայ եւ բարին պիտի տիրապետէ աշխարհին, իսկ չարը պիտի մեռնի եւ փոշիանալով հովը զայն պիտի անհետացնէ»:
ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ հանդէսը իր աւարտին հասաւ: 2012-ի շրջանաւարտները ուրախ մթնոլորտի մէջ իրենց գլխարկները օդը նետեցին, մինչ ճերմակ փուչիկներ կը ծփային օդին մէջ:
Հայկազեան համալսարանի 2012-2013 տարուան հունձքը
Վարչագիտութեան եւ քաղաքական տնտեսագիտութեան պսակաւոր արուեստի վկայական
Նաթալի Աղպոշեան, Թանիա Աղուորեան, Շանթալ Արապսայիսեան, Մարիա Արթինեան, Սիրվարդ Պապիկեան, Սիլվի Պերթիզլեան, Երուանդ Ռոստոմ Տանակէօզեան, Գարլա Տենգեզեան, Գարին Ճունտուրեան, Սիլվի Էզաճեան, Մարի Գալայճեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Նաթալի Գալայճեան(պատուոյ յիշատակութեամբ), Նայիրի Գալայճեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Փաթիլ Գալֆայեան, Սարին Գարաճեան, Փաթիլ Գազանճեան, Յովիկ Քեպապճեան, Անտրէ Քենտիրճեան, Յակոբ Քէօշկերեան, Գէորգ Քէօշկերեան, Կերի Կարպիս Գունտաքճեան, Մարինա Գրիգորեան, Բալիկ Լատոյեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Շողեր Զգուշեան, Աբրահամ Բագլայեան, Արմիկ-Ազատ Փամպուքեան, Գէորգ Սապաճեան, Հերա Սարաֆեան, Հրակ Սարգիսեան, Մարիա Թելֆէեան, Բիւզանդ Թորոսեան, Հրակ Իւրնեշլեան, Ատրինէ Զենեան:
Ընկերաբանութեան եւ կենցաղավարութեան պսակաւոր արուեստի վկայական
Մարգրիտ Անթոսեան, Կարինէ Պալեան, Պերճ Տեքերմենճեան, Նանոր Կարապետ, Ժերար Ղազարեան, Շաղիկ Յովսէփեան, Մարինէ Ժապրայեան, Արմիկ Գալայճեան, Կասիա Գարաճեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Մարիլին Խաչեր, Կրէյս Մանուկեան, Կրէյս Նաճարեան, Ռիթա Նարինէ Օհանեան, Մարիա Փալազեան, Կարին Շաննաքեան, Սեւան Չիւրեքճեան, Գէորգ Վարդանեան:
Մարդագիտութիւն պսակաւոր արուեստի վկայական
Լիանա Ղազարոսեան, Արենի Թասլաքեան
Պսակաւոր գիտութեան վկայական
Հերա Ակոբեան, Սեւակ Ագլեան, Րաֆֆի Աւագեան, Դալար Տէր Վարդանեան, Փոլ Տօնիկեան, Նարէ Հաւաթեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Կարէն Քէշիշեան, Նազարէթ Շիրինեան, Մովսէս Սթանպուլեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Մարալ Թադէոսեան:
Վարչագիտութեան եւ քաղաքական տնտեսագիտութեան մագիստրոսի վկայական
Սարին Քանտարաքճեան, Լեւոն Ղարիպեան, Յարութ Սահակեան, Հուրի Եողուրթճեան:
Ընկերաբանութեան եւ Կենցաղավարութեան մագիստրոսի վկայական
Սաթենիկ Աղասեան, Յովիկ Տեմիրճեան, Մարինա Հաքիմեան, Հուրի Լոճիքեան-Պալթաճեան, Յարութ Սողոմոնեան, Մարիա Թէքէեան, Կրէյս Լիւսի Վարդան, Լալէ Եողուրթճեան :

