«Բիճեր»-ու Եւ «Խնդացող… Ագռաւներ»-ու Մասին
Վերնագրին «խնդացող ագռաւներ»-ու պատկերը առած եմ թուրք հրապարակագրի մը յօդուածէն ուր հեղինակը կը յայտնէր, թէ հայերը, եթէ ուզեն ռազմական միջոցներով վերատիրանալ իրենց հողերուն «նոյնիսկ ագռաւները կը խնդան»: Յօդուածագիրը, անկախ իր ճշգրտութենէն կամ սխալէն, դիպուկ պատկերով բացատրած էր այժմու ռազմական հաւասարակշռութիւնը որ մաղթենք, ոչ շատ հեռու ապագային ի նպաստ մեզի կը փոխուի:
Ագռաւներու մասին` քիչ ետք մինչ այդ պիտի անդրադառնամ անգլիացի գրող Քրիստոֆըր տը Պլէյկի 2010-ին լոյս ընծայած «Ըմբոստ Երկիր» գիրքին` քաղաքական իրականութիւնը ունենալով իբրեւ ընդհանուր խորապատկեր: Թէեւ ուշացած է այս անդրադարձը, սակայն միշտ այժմէական ընթերցում մըն է ապրիլեան օրերուն կամ որեւէ մէկ այլ օրուան, երբ ազգովին կը նշենք, կ՛ողբանք Եղեռնը կամ կը մտածենք անոր մասին, եւ որուն հեղինակը կը ծանօթանայ զարտուղի ճանապարհներով: Գիրքը կը քրոնկագրէ մեր պատմութեան հանդէպ իր հետաքրքրութեան հոլովոյթը:
Ո՛չ տարօրինակ եւ ո՛չ ալ զարմանալի պէտք է ըլլայ մեզի համար, թուրք պետութեան եւ թուրք լեզուագար շաղակրատութեան որ համազօր է թուրք պատմագիտութեան, շարունակական ուրացումները Ցեղասպանութեան եւ հետեւողական մերժողական քաղաքականութիւնը նոյն այդ Ցեղասպանութեան: Ուրացումն ու մերժումը հասած են տեղ մը, որ ախտաբանական բնոյթ ունեցող ծիծաղելիութեան հոգեվիճակ կը թելադրեն` անկախ կարեկցանքի զգայնութիւններէն:
Թուրք պետութիւնը կը շարունակէ մնալ այն դիրքերու վրայ, զորս օսմանօֆաշիստ իթթիհատականները որդեգրեցին 1915-ի եղեռնէն ետք: Հակառակ այն կիսատ-պռատ ջանքերուն, որոնք տեղի ունեցան պատերազմէն անմիջապէս ետք, օսմանեան կայսրութեան վերջին կառավարութեան անդամներու դատավարութիւնը եզրայանգումի մը չհասաւ: Իսկ քեմալականներու ջուրին երես գալէ ետք, յստակ էր իրենց որոշումը` ամէն գնով մերժել Ցեղասպանութեան իրականութիւնը եւ վերաբերիլ այնպէս մը, որ կարծէք այդ բոլորը պատահեր էին տարբեր մոլորակի վրայ: Բնական էր երեւոյթը` քեմալական առաջին խորհրդարանի ներկայացուցիչներուն զգալի մասը եթէ ոչ մեծամասնութիւնը օսմանօֆաշիստ իթթիհատականներն էին… Գներ էին` մեր արեան ու պատանդի դրամով, Քեմալն ու խորհրդարանը որպէսզի հաշուեյարդարի չկանչուին: Մեր նախնիներէն գողցուած միլիոնաւոր թէ միլիառաւոր օսմանեան ոսկեդրամները Քեմալը եւս վերածեցին հասարակ գողի, ըլլալէ ետք հարազատ հոգեղբայրը Թալէաթ, Էնվեր կամ Ճեմալ փաշաներուն. այսինքն նոյն ոճրամէտ իթթիհատականը` ծպտուած բարեխիղճի գործածուած ու ծակծկուած ձորձով: Առաւել, Լենինի յատկացուցած մէկ միլիոն ոսկեդրամի նուէրը Քեմալին` որոշեցին մեր երկրի ճակատագիրը: Մեր պապերուն կողոպտուած հարստութեամբ եւ Լենինի նուէրով յանուն ժողովուրդներու եղբայրութեան ցնորքին, օսմանօֆաշիստները Արեւմտահայաստանը զաւթելէ ետք վերջին հարուածը փորձեցին տալ մեր գոյատեւման: Մազապուրծ փրկուեցաւ Հայաստանի մէկ շերտը միայն` Խորհրդային Հայաստան անունով:
Օսմանօֆաշիստները վերջնականօրէն կնքեցին ճակատագիրը մեր հողերուն, երբ Լոզանի մէջ Իսմեթ Ինէօնիւն մերժեց ամէն առաջարկ որեւէ հողային սրբագրութեան, մանաւանդ Անիի պարագային մնաց անդրդուելի, երբեմն խուլ ձեւանալով: Հետեւաբար ամէն ինչ մնաց իրենց գրպանին մէջ: Քեմալի պատասխանը, թէ պատերազմի մէջ կորսուած հողերը պատերազմով կ՛առնուին, եղաւ վերջին անարգանքը մեր ժողովրդի երեսին նետուած: Զարմանալի չեն այս բոլորը, թուրքն էր, իր ծնաբանական լրբութեամբ որ մտաւ Արեւմտահայաստան:
Ունենալով Լոզանը իբրեւ յաջող նախընթաց` Լոզանէն ետք իրերայաջորդ բոլոր թուրք կառավարութիւնները որդեգրեցին նոյն կեցուածքը: Այդ վատութեան շարունակականութիւնը ապահովեցին իրապէս օսմանօֆաշիստ թոյնով սնած թուրք սպայակոյտի աւագանին, ընելով թուրք բանակը մայրն ու կնքահայրը, միեւնոյն ատեն, մերժումի քաղաքականութեան: Ուրացում, որ ամբողջ թուրք ժողովուրդը կ՛անարգէր, հասնելով մինչեւ Տինքի եւ երտասարդ զինակոչիկ Սեւան Պալըքճիի նահատակումներուն մղուած միեւնոյն այն նկարագրի ու խառնուածքի մթին ախորժակներէն, որոնք յանգեր էին մեր ժողովրդի ցեղասպանութեան:
Հանգիտօրէն, ուրեմն, շարունակուող մերժումը կ՛արտացոլացնէ թուրք ժողովրդին գրեթէ ամբողջական զանգուածին գործնական մեղսակցութիւնը` կատարուած ու կատարուող ոճրագործութեանց մէջ: Օսմանօֆաշիստ իթթիհատականները յղացան գաղափարը, ժողովուրդը գործադրեց զայն եւ, հետեւաբար, յաջորդական բոլոր կառավարութիւնները, ներառեալ` ներկայ կառավարութիւնը, շարունակեցին մեղսակից լռութիւնը եւ, ուրեմն, եղան մեղսակից ու պատասխանատու ոճիրին, եւ նաեւ համարատու:
Ներկայ կառավարութիւնը ինքզինք ի վերջոյ դիմազերծեց անցեալ փետրուարին, երբ հարիւր հազարաւոր թուրք հրոսակներ ցոյցի էին ելած եւ պարզած` պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր.
«Բոլորդ հայեր էք»
«Բոլորդ` բիճեր»:
Այդ պաստառը պարզողներէն մին երիտասարդ աղջիկ մըն էր կամ երիտասարդ կին մը: Ցոյցին կը մասնակցէր նաեւ ներքին գործոց նախարարը` այդ պաստառներէն մէկուն տակ կեցած, տալով ոճրամիտ այդ վոհմակին օրինականութեան կեղեւը ու խանդավառ կերպով ելոյթ կ՛ունենար նոյն այդ ոգին ցոլացնող ճառով` ուղղակիօրէն հաստատելով պետական արտօնութիւնը այդ կազմակերպուած լրբութեան:
Պաստառին վրայ գրուածը ճիշդ է թէ սխալ, կարեւոր չէ, եւ մենք պէտք չէ իրարու անցնինք, երբ ո՛չ նախարարը եւ ո՛չ ալ այդ երիտասարդ կինը կամ աղջիկը վստահ պատասխան մը կրնան տալ հետեւեալ հարցումին.
– Վստահ է՞ք, թէ դուք եւս հայու… բիճեր չէք:
Որովհետեւ նոյնինքն իրենց տուեալներով, Եղեռնէն ետք հայ վերապրողները մօտաւորապէս կը հաշուէին 200 հազար (կարգ մը նոր աղբիւրներ աւելի մեծ թիւ մը կու տան) հայ: Անկախ ատկէ, հազարաւոր հայ պարմանի աղջիկներ ու պատանի տղաք առեւանգուեցան եւ մաս մըն ալ ծնողներու կողմէ պահ դրուեցան թուրք բարեկամներու մօտ, որպէսզի զերծ մնային ստոյգ ոչնչացումէ: Թուրքերը պէտք չէ՞ արդեօք խուսափին այդպիսի ելոյթներէ` նկատի ունենալով հետեւեալ իրականութիւնը. թուրք ժողովուրդը գրեթէ ամբողջութեամբ հայերու, յոյներու, ասորիներու բիճեր են: Թուրքերը իւրացուցին այդ անտէր ու անմեղ աղջիկները, իւրացուցին անգիտնալով, թէ թուրք ծնատաշտը պիտի բարելաւուէր եւ հանգիտաբար նաեւ թուրք ցեղը պիտի ազնուանար: Այդ փորձը չէ յաջողած փաստովը թուրք ոճրամտութեան շարունակուող տիրապետումին` օտարամուտ (հայ/յոյն/ասորի), բայց ազնուացնող ծիներու հետ բաղդատած: Եզրակացնելով… բիճերու այս վարկածը, Թուրքիոյ նախագահն ու մանաւանդ վարչապետը պարոններ Կիւլն ու Էրտողանը, պէտք չէ քաջալերեն սատարելով հասարակ ստահակներու ելոյթները, եւ նախընտրեն լուռ մնալ ի տես այդպիսի արարքներու եւ արտայայտութիւններու: Գոնէ սահմանուած պատիժներովը յանցագործներուն` կրնան թերեւս շատ դիւրաբեկ արդարամտութեան խաբկանքը տալ այլապէս երեւոյթները հաստատօրէն պիտի առաջնորդեն թրքական ծանօթ առածի անվիճելի ճշգրտութեան` «չոք գարըշտըրմա…», մնացեալը իրենք կ՛ամբողջացնեն:
Այդ ցոյցերէն անկախ, արտաքին գործերու նախարար պրն. Տաւութօղլուն յայտարարած էր, թէ մեր սփիւռքը խորքին մէջ իրենց` թուրքերուն ալ սփիւռքն է, որովհետեւ սփիւռքի հայ ժողովրդին մեծ մասը սերած է Օսմանեան կայսրութեան գործադրած տեղահանութեան ու սպանդի ողջ մնացածներու զաւակներէն ու թոռներէն: Հետեւաբար, կապ պէտք է հաստատել եւ սիրաշահիլ զիրենք` հակազդելու իրենց հակաթուրք աշխատանքներուն եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ վերջնականապէս չէզոքացնելու այդ ջանքերը: Ճիշդ արժեւորում ու մօտեցում են` ճշդուած նպատակը իրականացնելու համար: Կարելի է շնորհաւորել արտաքին գործերու նախարարը` Հայկական հարցի նկատմամբ իրատեսական գործընթաց մը նախաձեռնած ըլլալուն համար:
Բայց,
Մանրամասնութիւն մը սակայն վրիպած է պրն. նախարարին ուշադրութենէն. մենք` սփիւռքահայութիւնը, թոռներն ու վերընձիւղումն ենք տեղահանուած ու Ցեղասպանութիւնը վերապրած օսմանեան քաղաքացիներուն: Այս մանրամասնութիւնը դիտումնաւոր կերպով թերեւս անտեսուած էր իր ու իր գործընկերներուն կողմէ, եւ թէ իրենց համար նման իրականութիւն գոյութիւն չունի ինչպէս ինք` պրն. նախարարը անցեալ ապրիլին յայտնած էր, թէ «այսօր ապրիլ 23-ն է, վաղը ապրիլ 24, իսկ միւս օր ապրիլ 25, անսովոր ոչինչ կայ եւ ուրեմն ոչինչ կայ ընելիք»:
Պրն. նախարարը կը սխալի եւ իր վերլուծական տաղանդը կը հանդիպի կրանիտէ պատուարի մը, ուր իր մեկնաբանութիւնները կը փշրուին: Չ՛անդրադառնար, թէ չի կրնար գտնել ոեւէ սփիւռքահայ, որ ըլլայ այնքան անզգամ ու վատ եւ… օդ կլլող, որ ուրանար Եղեռնը, միշտ բացառելով եղկելի խաֆիէները: Ի՛նչ որ ալ ընէ պրն. նախարարը, ինչպէս որ ալ փորձէ ճկուն նախադասութիւններով եւ նուրբ լեզուով, ժամանակագրական կարգով նոր բայց էապէս հին օսմանօֆաշիստ բանաձեւեր մէջտեղ նետել` տեղ չի հասնիր: Որքան որ ինք եւ իր գործընկերները կը մնան ուրացումի դիրքերու վրայ ու կը զբաղին բառակոյտերու քարաձգութեամբ հակազդելու` փաստելու Ցեղասպանութեան չգոյութիւնը, ներկայացումը` մօտեցումի «նոր» քաղաքականութիւնը, լաւագոյն պարագային կը վերածուի… անեղանակ պարի, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն` «սեզսիզ օյինը»-ի:
Բացատրեմ: Պրն. Տաւութօղլուն 2012-ին Պէյրութ էր այցելած: Նոյն այդ օրերուն այցելած էր նաեւ մարոնի նորընտիր Ռայ պատրիարքին: Թէեւ բծախնդիր դիւանագէտի կեցուածք էր, բայց տարակուսելի, նաեւ` ամուլ, վստահաբար:
Պրն, Տաւութօղլուն, երբ Պքերքէ կ՛երթար պատրիարքը տեսնելու, անցաւ Անթիլիասէն իսկ եթէ ուղղաթիռով կը ճամբորդէր, վերէն տեսած պէտք էր ըլլար Անթիլիասի մայր տաճարին երկինք խոյացող գմբեթը: Վստահ եմ նաեւ, թէ որեւէ մէկուն բացատրութեան կարօտ չէր` գիտնալու, թէ` ի՛նչ էր այդ կառոյցը: Շատ լաւ տեղեակ ըլլալով, այդպէս էր սորված մանկապարտէզէն իսկ, թէ այդ շինութիւնները հայոց եկեղեցիներն են, եւ թէ` հայերը խայիններ էին, եւ թէ` իր հայրենակիցները կործանեցին գմբեթները հազարաւոր եկեղեցիներու: Այլ խօսքով, հայատեացութիւնը ներարկուած էր իրեն մօրը կաթին հետ:
Բացատրութեան պէտք չունէր գիտնալու, թէ այդ գմբեթը կը պատսպարէր նաեւ եղեռնի նահատակներուն աճիւնները տաճարին մօտիկը կառուցուած փոքր մատուռին մէջ: Պրն. նախարարը գիտէր վստահօրէն, թէ ո՛վ կը նստէր այդ վանքին մէջ, վստահաբար հոն բնակող անհատը ոչ միայն թոռն էր օսմանեան հպատակի մը, էր նաեւ Օսմանեան կայսրութեան բաղադրիչ ազգութիւններէն մէկուն հոգեւոր նստավայրի հոգեւոր պետն ու իրաւատէրը եւ ներկայացուցիչը` այդ օսմանցիներու թոռներուն: Վստահաբար գիտէ այս բոլորը, եւ եթէ իսկապէս անկեղծ էր իր իսկ առաջադրած քաղաքականութեան` տէր կանգնելու նաեւ այս նորագիւտ… թուրք սփիւռքին, ի՛նչը արգիլեց իրեն երթալու հոն եւ հանդիպելու կրօնապետի մը հետ, որուն հետ ի վերջոյ հաշուի պիտի նստի 100 տարուան ուրացումի հաշուետուութեան ու ոճիրին հաշուեյարդարը կատարելու համար: Դժուար չէր իր հանդիպումը Ռայ պատրիարքին հետ քանի մը ժամով յետաձգելը, որպէսզի հանդիպէր անոր, եթէ ոչինչ իսկ իրագործէին, կրնային որոշել ճշգրիտ թուականը իրենց` Կիլիկիոյ հայրապետին եւ թուրք դիւանագիտութեան պետին, զոյգ ժողովուրդներու պատմութեան հետ միատեղ ժամադրութեան: Բայց չըրաւ: Սքանչելի առիթ մըն էր, ոչ ոք պիտի զինք այպանէր: Ի՛նչը մղեց զինք խուսափելու իրագործելէ դիւանագիտական այնպիսի նուաճում մը, որուն ոչ մէկ ֆութպոլային դիւանագիտական մարզանք կրնար հասնիլ: Իր խուսափումը վախ կը թելադրէ՞ պատմութեան հետ դիմառնութեան բանակցային հեռանկարէն, թէ թուրք նկարագրի մէկ երեսն է, որուն ականատես կ՛ըլլանք. ընկճել տկարն ու խուսափիլ անկէ, որ կրնայ ակռայ ցոյց տալ: Իր եւ զինք կանխող կառավարութեանց հետեւողական ու անզիջող ուրացումն ու մերժումը վերածած են Ցեղասպանութեան իրականութիւնն ու անոր ժխտումը «իմացական հեշտանքի», փոխ առնելով պատկերը Յակոբ Օշականէն: Իր խուսափումը պարզապէս կը յետաձգէ պահը այդ «հեշտանքի» աւարտին, երբ ստիպողաբար ինքն ու իր ընկերները դէմ առ դէմ պիտի գան Ցեղասպանութեան իրականութեան հետ եւ ճշդեն թուրք պետութեան ու ժողովրդին ժամադրութիւնը իրենց իսկ պատմութեան հետ: Պատմութիւն, որ իրենցն է ու մերը հաւասար չափով: Վստահ են, գիտեն թէ չեն կրնար առ յաւէտ խուսափիլ ատկէ եւ հետեւաբար չարտայայտուած իրենց վախը իրականութենէն:
26 յունիս, 2012
Լոս Անճելըս
(Շար. 1)

