Մերքել Եւ Հոլլանտ Եւրոյի Գօտիի Ամբողջականութեան Կը Զօրակցին
«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած են, որ Գերմանիա եւ Ֆրանսա պատրաստ են ամէն ինչ ընելու, որպէսզի պահպանեն Եւրոյի գօտիի ամբողջականութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոյի գօտիի 17 երկիրները, ինչպէս նաեւ տարբեր կազմակերպութիւններ պէտք է իրենց պարտականութիւնները կատարեն «իրաւասութեան իրենց սահմաններուն մէջ»:
Երկու ղեկավարներու յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ թէ՛ Գերմանիա, թէ՛ Ֆրանսա յոյս ունին, որ Եւրոպական Միութեան յունիսեան վեհաժողովին որդեգրուած որոշումները արագ իրականացուին:
CATEGORIES Միջազգային


