Տաւութօղլու. «Թուրքիա Սուրիոյ Հետ Իր Սահմաններուն Մօտ Ահաբեկչութեան Ենթակառոյցի Հաստատում Պիտի Չարտօնէ»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը «Սուրիոյ հետ իր սահմաններուն մօտ ահաբեկչութեան ենթակառոյցի հաստատում պիտի չարտօնէ»` նշելով, որ «Թուրքիա ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը պիտի կիրարկէ այդ ահաբեկչութեան աղբիւրը Քայիտան ըլլայ, թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ)»:
Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միասնութիւն կամ Եքիթի կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Մուհիտտին Շէյխ Ալի քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ ՔԱԿ-ի` Սուրիոյ մէջ քրտաբնակ կարգ մը քաղաքներ իր վերահսկողութեան ենթարկելու մասին լուրերը չափազանցուած են, որովհետեւ այդ կուսակցութիւնը բացայայտ ներկայութիւն չունի, թէեւ քրտական շրջանակներուն մէջ համակիրներ ունի:
Ան նշեց, որ «Իրաքի քրտական բնորդը որդեգրելը Սուրիոյ քիւրտերուն շահերէն չի բխիր»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը Իրաքի կացութենէն տարբեր է: «Մենք Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ նախանձախնդիր ենք, իսկ ժողովրդավարութիւնը միայն քիւրտերուն իրաւունքները կրնայ երաշխաւորել», ընդգծեց Շէյխ Ալի: Ան ըսաւ, որ իրենք կ՛ուզեն Սուրիոյ մէջ ապակեդրոնացեալ դրութեան որդեգրումը եւ քիւրտերուն իրաւունքը ապահովող նոր սահմանադրութեան նախագիծի մը պատրաստութիւնը:
Շէյխ Ալի ըսաւ, որ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիա իրաւունք ունի ՔԱԿ-ի զինեալները անհրաժեշտութեան պարագային սուրիական հողերուն մէջ ալ հետապնդելու, թուրք-սուրիական սահմանի կայունութեան չի նպաստեր, այլ վտանգները կ՛աւելցնէ: «Սուրիոյ մէջ միջամտութիւնը Թուրքիոյ շահերէն չի բխիր, որովհետեւ ՔԱԿ-ը հետապնդելու պատրուակով որեւէ զինուորական միջամտութիւն յաւելեալ արիւնահեղութիւն պիտի պատճառէ», շեշտեց ան:
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի գլխաւոր խմբագիր, վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ, խօսելով Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն աշխուժութեան մասին, «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ի մէջ կը գրէ, որ «այն, որմէ մենք տարիներէ ի վեր կը վախնայինք, այսօր տեղի կ՛ունենայ ապիկարութեան եւ սահմանափակ մտածողութեան պատճառով»: Ըստ անոր, Ասատ Դամասկոսի պաշտպանութեան վրայ որքա՛ն ուշադրութիւն կեդրոնացնէ, այնքան քիւրտերը կարելիութիւն պիտի ունենան Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ ստեղծուած բացը լեցնելու:
«Քաղաքական սխալ հաշուարկներու պատճառով մենք կը կորսնցնենք (քրտական) հարցի լուծումը: Կամ ալ թրքական կառավարութիւնը այնպիսի ճատրակային նուրբ խաղ կը խաղայ, որ մենք ի վիճակի չենք հասկնալու: Եթէ այդպէս է, պատրաստ եմ ներում հայցելու: Եթէ ոչ, ապա պիտի շարունակեմ գոռալ, որ իմ երկիրս կը գտնուի մասնատման եզրին, եւ մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին»:

