Չինաստան Կը Նուաճէ Ողիմպիական Խաղերու Առաջին Ոսկիէ Մետալը
Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն շաբաթ խաղարկուած է մետալներու առաջին հաւաքածոն: Իբրեւ արդիւնք` «Ռիա Նովոսթի» գործակալութեան փոխանցումով, խաղերու առաջին ոսկիէ մետալակիր դարձած է չինացի հրաձիգ Ի Սիլին: Ան 10 մեթր հեռաւորութենէն օդամղիչ զէնքէ հրաձգութեան մրցումներուն ցոյց տուած է լաւագոյն արդիւնքը` 502.9 միաւոր:
Լեհ Սիլվիա Բոկացկայա` ցոյց տալով 502.2 միաւոր արդիւնք, նուաճած է արծաթէ, իսկ չինացի Եու Տան 501.5 միաւորով` պրոնզէ մետալ:
Յիշեցնենք, որ խաղերուն կը մասնակցի արդէն 24 հայաստանցի մարզիկ, քանի որ գիւմրեցի ծանրաբարձ Տիգրան Մարտիրոսեան երէկ վերադարձաւ Հայաստան: Մոսկուայի մերձակայ Պոտոլսքիի մէջ տեղի ունեցած ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին ստացած մէջքի վնասուածքին պատճառով` հայ ծանրաբարձը պիտի չմասնակցի ողիմպիական խաղերուն:
CATEGORIES Մարզական

