Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլէճի Շրջանաւարտները Իրենց Վկայականներով Ուխտակիր Եղան «Անլռելի Զանգակատուն» Մնալու

Շաբաթ, 30 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, տեղի ունեցաւ նախակրթարանի ու երկրորդականի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, որուն նիւթը, իր գեղարուեստական այլազան բաժիններով, վարժարանի բոլոր դասարաններուն մասնակցութեամբ խօսուն էր ու տպաւորիչ:

Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք գեղարուեստական ներկայացումը սկսաւ, երբ բեմ բարձրացան Ս. Մեսրոպ, Սահակ կաթողիկոս ու Վռամշապուհ թագաւոր, որպէսզի իրենց օրհնութեամբ ու օգնութեամբ Հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդի թագադրութիւնը կատարուի Մեսրոպեան այբուբենով:

Այնուհետեւ բացման խօսքը արտասանեց տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ նկատել տուաւ ամավերջի այս հանդէսը իբրեւ ծիսակատարումը հայոց այբուբենի ու հայ գիրքի դպրութեան առաքելութեան, նաեւ` Մուսա Լերան ժողովուրդի երթով սերունդներու մղած ուխտակրութեան, միաձուլուած ըլլալով վարժարանիս առօրեայ պայքարին. «Պայքար, հայ աշակերտին հոգիի գմբէթը կառուցապատելու հայ ինքնութեամբ, այնպէս` ինչպէս Հացեկացի ուխտաւորը հայ ժողովուրդի հաւատքը թագադրեց հայոց այբուբենով. պայքա՛ր, այնպէս` ինչպէս Կոմիտասը վիրաւոր լորիկին թռիչք տուաւ եւ մշտանորոգ ուխտ` Շուշիի բերդէն ժայթքած եռագոյն ծիածանը Նեմրութի փէշերուն հանգչեցնելու»:

Տնօրէնին բարի գալուստի խօսքէն ետք ԺԱ. դասարանէն Արին Պուրսալեան եւ Յովնան Քէշիշեան հանդէսի թեման զարգացուցին հայ գրականութեան մշակներէն Եդ. Պոյաճեանի, Սիամանթոյի, Ժագ Ս. Յակոբեանի, Պօղոս Սնապեանի, Պարոյր Սեւակի, Խրիմեան Հայրիկի, Պետիկ Հերկելեանի ու Ռազմիկ Դաւոյեանի մտածումներէն մէջբերումներ կատարելով:

«Հայ գիրքի հաւատարմութեան ուխտ»-ի իբրեւ արդիւնք` բեմ բարձրացան Ա.-Բ. դասարանի աշակերտները, իրենց «ուսուցիչին» հետ, որպէսզի երախտագիտական խօսքերով միաբերան հնչեցնեն «հայոց մեծերուն իմացական լոյսով» ստեղծագործուած արտասանութիւն մը, որմէ ետք աշակերտներուն ընկերացող «ուսուցիչը»` ԺԱ. կարգէն Գարին Չեքիճեան, հրաւիրեց Ա. դասարանի աշակերտներէն Սեւան Սարգիսեանը, որպէսզի ասմունքէ Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը: Այս վերջինին տպաւորիչ ելոյթէն ետք բեմին վրայ նախակրթարանի Գ.-Դ.-Ե. դասարաններէ յառաջացած երգչախումբը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ իրենց գեղարուեստի ուսուցչուհիին` Նարինէ Գրիգորեանին, հնչեցուց Կոմիտասի «Քելէ, քելէ»-ն, «Հոյ նազան իմ եարը», «Շողեր ջան» եւ «Ջան գառնուկ» երգերը, որոնք ստեղծեցին հաճելի մթնոլորտ ու խանդավառեցին ներկաները:

«Գաւառը մեր` Վասպուրական» վերնագիրին տակ ելոյթ ունեցաւ միջնակարգի պարախումբը (պարուսոյց` Նարինէ Գրիգորեան)` ներկաներուն մատուցելով Վասպուրականի պարերու շարք մը:

Օրուան պատգամախօսն էր վարժարանի շրջանաւարտներէն ճարտարագէտ Սարօ Քենտիրճեան: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վարժարանին հանդէպ, երբ անգամ մը եւս ապրեցաւ յուշերու ճամբով վարժարանի յարկին տակ ապրած ջերմութիւնն ու գօտեպնդիչ ոգեւորութիւնը:

Պատգամախօսը անդրադառնալէ ետք սփիւռքեան տարածքին ապրող հայու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, շեշտը դրաւ ինքնութեան պահպանման կարեւորութեան եւ հոսանքն ի վեր թիավարելու կարեւոր ու անյետաձգելի ուժի մը հաւաքագրումին:

Ս. Քենտիրճեան ըսաւ. «Անցեալէն կտակուած մեր պարտքը կը նկատենք վերանորոգել մեր ազգային էութիւնը իւրաքանչիւր սերունդի հետ, միշտ նոր վերնագիրներով, բայց` շնչող յիշողութիւններով, գրուած` նոյն բովանդակութեամբ, որովհետեւ մեր պատմութեան հերոսական, ինչպէս նաեւ ցաւալի դէպքերուն սուրբ յիշատակը անմահ դարձնելով` մեր մատղաշ սերունդները կը դաստիարակուին ազգային շունչով, եւ մենք կը յաջողինք գոյատեւել»:

Պատգամախօսը շարունակելով իր խօսքը` անդրադարձաւ հայ եկեղեցի-լեզու-պատմութիւն անքակտելի ամուր կապին, որ կու տայ նորանոր նպատակներ հետապնդելու առիթ, նաեւ` ազգային արժէքներու պահպանում ու յառաջանալու անսակարկ նուիրաբերում:

Այսօրուան քաղաքական թէ համաշխարհայնացման զարգացումներուն հետ զուգահեռ մը գծելով` Սարօ Քենտիրճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց քննական միտքի աշխուժացումը, որ իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ պահանջատէր ազգի ճակատագիրին. նաեւ` մեր հաւաքական կեանքի յաւերժութեան գրաւականը նկատեց հայոց լեզուն իր բովանդակալից էութեամբ ու խորութեամբ:

Պատգամախօսը եզրափակեց իր խօսքը եւ շրջանաւարտներուն ըսաւ, թէ հասած է հանգրուանը, երբ օտար միջավայրի հետ կապ պիտի հաստատեն այն ինքնավստահութեամբ, որ` «դուք կրնաք ապրիլ, հաղորդակցիլ, աշխատիլ օտարին հետ, բայց միշտ միտքի մէջ ունենալով ձեր արմատները` ազգայնութիւնը, եւ գեղեցիկ տարբերութիւնը, որ դուք ՀԱՅ էք»:

Այնուհետեւ  Ժագ Ս. Յակոբեանի «Հայերէն գիրք» բանաստեղծութիւնը հնչեցուցին Զ. դասարանի վկայեալ աշակերտները, իսկ միջնակարգի աղջիկները «Վարդավառ»-ը տօնեցին իւրայատուկ պարային կատարումով:

Տնօրէն Արմէն Թաշճեան մրցանակաբաշխութենէն առաջ վարժարանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն ու միաւորներուն, որոնք իրենց աջակցութեամբ սատար կը հանդիսանան վարժարանին առաքելութեան ու զարգացման: Ապա ան անդրադարձաւ տարեշրջանի ընթացքին վարժարանին արձանագրած պատուաբեր արդիւնքներուն, մասնաւորաբար` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքին, «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուածի, «Վանայ Ձայն»-ի, «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի, «Հայոգի» մատենաշարի, «Հայատառ գրենք»-ի, ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի, ինչպէս նաեւ Ուսումնական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած ասմունքի մրցանքին:

Տնօրէնը կարդաց մրցանակակիր աշակերտներուն անունները, որոնց ելոյթը խրախուսիչ պատկեր մը պարզեց ներկաներուն դիմաց, երբ անոնց թիւը կ՛անցնէր վաթսունհինգը:

Հանդիսութեան ընթացքին գեղեցիկ յուշանուէրով մը պատուըւեցաւ վարժարանի հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի Հուրի Քիլեճեանը, որ եղած է շրջանաւարտ, ապա դարձած` կրթական սպասարկու իր վարժարանին: Վարժարանի տնօրէնը երախտապարտ վկայութեամբ մը յայտնեց, որ Հուրի Քիլեճեանը բեղուն գործունէութիւն մը խարսխած կը մնայ քոլեճի յաղթական գնացքին մէջ, երբ ան մօտ կէս դարու կենսունակութիւն մը միաձուլեց կրթական այս դարբնոցին ազգային առաքելութեան: Ան աւելցուց. «Հայոց լեզուն ու գրականութիւնը հայ աշակերտին առօրեայ հայելիին վերածած ու դասաւանդման հետ դաստիարակութիւն ջամբած` Հուրի Քիլեճեանը մեր բոլորին ուսուցիչը եղաւ ու կը մնայ»: Իր վկայութենէն ետք տնօրէնը բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որպէսզի վարժարանին կողմէ կատարէ յուշանուէրի յանձնումը:

Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինը նուիրուած էր Շուշիի, որ «հիմնաքարն է միացեալ Հայաստանի մեծ երազին»: ԺԲ. դասարանի աշակերտները արտասանեցին Վ. Դաւթեանի «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Ե.-Զ. դասարանի աշակերտները տողանցք-ցուցադրութեամբ ելոյթ ունեցան «Հայկական բանակ» երգի կշռոյթով, այնուհետեւ երկրորդականի պարախումբը ներկաներուն մատուցեց կատակ պար մը` «Մի նամակ» խորագիրով, որմէ ետք դարձեալ երկրորդականի պարախումբը եզրափակեց հանդէսի գեղարուեստական պատկերը` «Մենք ենք մեր սարերը» պարով:

Հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով ԺԲ. դասարանին ուղերձներ յղեցին Արփա Թաշճեան, Սելլա Պաթուզեան եւ Վիգի Քենտիրճեան, ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Վարժարանին տնօրէնը խօսքը ուղղելով նախակրթարանի աւարտականներուն` ըսաւ. «Միջնակարգով այլեւս վկայեալ պատանիներ էք. երազներ կը պարուրեն ձեր հոգին, ինքնութեան փնտռտուք մը կը սկսի ձեր մէջ. տագնապ մը` մանկութեան հրաժեշտ տալու եւ չափահասութեան հասնելու»: Առ այդ, ան մաղթեց, որ ազնուագոյն երազներու համար մղուած պայքարով կերտեն ինքնութեան հարազատ ու ամուր անհատականութիւն մը:

Իսկ ԺԲ.ի շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ տնօրէն Արմէն Թաշճեան շեշտեց ուխտակիրը դառնալու ջամբուած գիտութեան, կրթութեան, լոյսին ու հաւատքին, ընդմիշտ պայքարելու, յիշելով, որ` «դուք ձեր ինքնութեան գմբեթը կազմեցիք, հաւատքի գմբեթը, որուն տակ անլռելի զանգակատուն մը կայ, որ հայահաւաքի համար գմբեթին տակ պատսպարուելու կը կանչէ: Այդ գմբեթը ձերն է եւ անոր տակ անլռելի զանգակատունը արդարութիւն կը պահանջէ եւ հողերու վերադարձը կը ղօղանջէ»:

Տնօրէնը եզրափակեց իր միտքը շրջանաւարտներուն կրկնելով վարժարանի մէկ մեծ ուսուցիչին` Եդուարդ Պոյաճեանին խօսքերը, որոնց միտք բանին կը կայանայ աննահանջ պայքար մղելու կոչին վսեմագոյն արժանիքին մէջ:

Առաջնորդ սրբազան հօր, պետական նախարար զօրավար Փ. Մանճեանին, պատգամախօսին, վաստակաշատ ուսուցչուհի Հուրի Քիլեճեանին եւ վարժարանի տնօրէնին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականներու տուչութիւնը, որմէ ետք սրբազան հայրը տուաւ իր պատգամը:

Ան օրուան հանդիսութեան թեմաներուն անդրադառնալով` իր կարգին զուգահեռ մը գծեց հայ ժողովուրդի պատմութեան, ուր բազմիցս նշուած է այն ակնյայտ իրավիճակը` եկեղեցի-վարժարան-ժողովուրդ անքակտելի կապը, երբ ասոնց վրայ կ՛աւելնան նաեւ «Իմացեալ մահով» կերտուած յաղթանակները, ժողովուրդի յիշողութեամբ դրոշմուած ու անմահացած մեր լեզուն ու մշակոյթը:

Հանդիսութեան աւարտին, սահիկներու ցուցադրութեան ու շրջանաւարտներու անուններով պաստառներու ծածանումին զուգահեռ, տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, որմէ ետք շրջանաւարտները ընդունեցին շնորհաւորութիւնները հանդիսականներու երկար շարքերուն:

Նախակրթարանի վկայական ստացան.
Ալիք Սթամպուլեան, Ալիք Թերզեան, Պետրոս Հերկելեան, Ճորճ Սթամպուլեան, Թալին Քենտիրճեան, Շանթալ Ատաճեան, Վարագ Անտոնեան, Վանայ Սարգիսեան, Լիսա Յովսէփեան, Լիլիթ Աբրահամեան, Մարիա Տումանեան, Մայք Միքայէլեան, Մոսիկ Հերկելեան, Յակոբ Այվազեան, Յովիկ Շաննագեան

Քոլեճի վկայական ստացան.
Արփա Թաշճեան, Ժաք Չեքիճեան, Հրակ Հանտեան, Արփա Այնթապլեան, Ցոլեր Գէորգեան, Սելլա Պաթուզեան, Վիգի Քենտիրճեան, Գէորգ Չեքիճեան, Արմիկ Քէշիշեան, Մեղրի Քենտիրճեան, Նանոր Թասլաքեան

Share this Article
CATEGORIES