Մեր Աշակերտները Կը Գրեն. Ճառագայթ (Պաշտօնաթերթ Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի)
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Մեր դպրոցներուն մէջ ընդհանրապէս ուշադրութիւն կը տրուի արուեստի, գրականութեան հանդէպ շնորհք ունեցող աշակերտներու: Կը քաջալերեն զանոնք, ուրկէ կը սկսի շնորհալիներուն յառաջդիմութիւնը:
Այս իմաստով լոյս կ՛ընծայուին պարբերաթերթեր` աշակերտներուն կողմէ ստորագրուած գրութիւններով, նկարչական-գծագրական աշխատանքներով:
Ուսումնական տարեփակ է արդէն: Ամավերջի քննութիւններուն եւ հանդիսութիւններուն առընթեր, լոյս կը տեսնեն վարժարաններու պաշտօնաթերթերը` նոյն տարեշրջանին իրագործուած հիմնական գործունէութիւնը նկարազարդուած ձեւով յայտնաբերող: Յունիսի վերջերուն ստացանք Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի «Ճառագայթ» պաշտօնաթերթի Ժ. տարուան Բ. թիւը, Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի «Արտուտիկ»-ը եւ Հայ աւետ. քոլեճի «Գառնի» եւ «Անի» գրականութեան եւ պատմութեան ակումբներուն աշխատանքները ներկայացնող գիրքերը:
Կ՛ուզենք հակիրճ ձեւով անդրադառնալ տարուած աշխատանքներուն` յիշեալ պարբերականներուն ճամբով իրագործուած: «Ճառագայթ», յունիս 2012, մամուլի 24 ծաւալուն էջերով, պատկերազարդուած: Բացի քոլեճի դպրոցական ներքին հանդիսութիւններուն, տօնական անցուդարձերուն եւ այլ աշխատանքներուն յատկացուած տեղեկութիւններէ, առաւելաբար մեզ հետաքրքրեցին աշակերտական շարադրութիւններուն եւ այլ գրութիւններու բաժինները` հայերէն եւ անգլերէն գրուած:
Արձակ գրութիւններ եւ բանաստեղծութիւններ տեղ գտած են հոն: Հետաքրքրական գտանք ներկայացուած գրութիւնները, որոնք կ՛արտայայտեն երեւակայութիւն, պատկերաւոր խօսքեր, թեմաներու այլազանութիւն, զգացումներու առողջ դրսեւորում, հայրենասիրական եւ ազգային հարցեր արծարծող: Մեծ մասամբ Թ.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն գրութիւններն են, լեզուական ու քերականական ճշգրտութեամբ, բառամթերքի հասութեամբ արձանագրուած: Լուսին Գափլանեան գրած է «Պիտի քալես, հասնիս ու անցնիս»:
Ճենի Յակոբեան` «Յիշատակարան քեզի» (բանաստեղծութիւն):
Կարինէ Տօնապետեան` «Հպարտութիւն»:
Կերի Բորբոսեան` «Պիտի գայ օրը»:
Սեդօ Քիւսպեքեան` «Մեծ բացական»:
Բալիկ Տեմիրճեան` «Ինքնութեան համար»:
Նարինէ Պօղոսեան` «Մենք շատ արագ ուզեցինք մեծնալ»:
Միհրան Ներսէսեան` «Երգիծաբանի մը ձեռատետրէն»:
Նարեկ Շառոյեան` «Բարեգործութիւն մը»:
Արշօ Ինճէեան` «Խօսող գիրքը»:
Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակի յիշատակումը անդրադարձ ունեցած է Թ. դասարանի աշակերտներուն մօտ: Դասարանի աշակերտները համախմբուած են եւ ստեղծած` ինքնախօսական զրոյց մը իրարու միջեւ, հարցազրոյցի պատկերացումով: Թեման Յակոբ Մեղապարտին գրած «Ուրբաթագիրք»-ն է: Աշակերտները երեւակայութեամբ փոխադրուած են Յակոբ Մեղապարտին քով, մոգական ճամբորդութեամբ մը եւ ստեղծագործած հիանալի թատերական պատկեր մը: Ապրի՛ք, աշակերտներ: Վստահ ենք` այս պարագային հայոց լեզուի ուսուցիչին եւ տնօրէնութեան քաջալերանքը շինիչ ուղղութիւն մը տուած է:
Հայերէնի բաժնին մէջ կայ նաեւ գիրքերու անդրադարձ մը` ներկայացնելով Խ. Աբովեանի, Րաֆֆիի, Ա. Արփիարեանի, Յ. Պարոնեանի, Յ. Թումանեանի եւ այլ դասական հեղինակներու հատորներուն ամփոփումը:
Անգլերէն բաժինին մէջ գրութիւններ ստորագրած են` Խաչիկ Չարշաֆճեան, Նենսի Նալպանտեան, Մեղրի Ներսէսեան, Մարինա Տիարպի, Նաթալի Խաչերեան, Միսաք Գանտահարեան, Վանայ Թաշճեան, Սէրուժ Գուճանեան, Քրիստինա Չպուքճեան, Բալիկ Տեմիրճեան:
Քարոզչական կամ ծանուցումային բնոյթը չունի մեր այս անդրադարձը, այլ պարզապէս կը յայտնենք մեր ուրախութիւնը` ի տես մեր նորագոյն եւ թարմատի սերունդին զգացած ու մտածած աշխատանքին մասին, որ այս պարագային կ՛արտայայտուի մշակոյթի եւ գրականութեան ճամբով, ու այս ամէնը` շնորհիւ հայ ազգային ուսման եւ դաստիարակութեան, որ կու գայ միայն ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԷՆ:

