Մամետեարով Եւ Ֆապիւս Պիտի Քննարկեն Ղարաբաղի Հարցը

Մամետեարով եւ Ֆապիւս

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Փարիզ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «ԱզերԹաճ» լրատու գործակալութեան փոխանցեց, որ նախարարները պիտի քննարկեն երկու պետութիւններու յարաբերութիւններու զարգացման, շրջանային ապահովութեան հարցեր եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիները:

Share this Article
CATEGORIES