Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Հայաստանի Լոռիի Մարզէն Պատուիրակութիւն Մը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 յուլիսին ընդունեց «Լոռի-Մարտակերտ. բարեկամութեան կամուրջներ» ծրագիրի շրջագիծին մէջ Արցախի մէջ գտնուող Լոռիի մարզի պատուիրակութիւնը` մարզպետ Արթուր Նալբանդեանի գլխաւորութեամբ:
Երկրին նախագահը Հայաստանի մարզերուն եւ Արցախի շրջաններուն միջեւ կապերու շարունակական խորացումը եւ ընդլայնումը նկատեց օգտակար երկու հայկական հանրապետութիւններուն համար եւ կարեւոր` ներհայկական կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէն: Այս ծիրին մէջ նախագահ Բակօ Սահակեան բարձր գնահատեց Լոռիի մարզի ներդրումը` աւելցնելով, որ անոր համագործակցութիւնը Մարտակերտի շրջանին հետ նկատելի ազդեցութիւն կը գործէ վերջինիս ընկերային-տնտեսական զարգացման վրայ:
Քննարկուեցան նաեւ երկու հայկական պետութիւններու կենսագործունէութեան տարբեր մարզերուն առնչուող շարք մը հարցեր:
Հանդիպման կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեան, «Պէյզ Մեթըլս» ընկերութեան նախագահ Վալերի Մեճլումեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

