Անդրադարձ` Լիբանանեան Բանակի Օրուան Առիթով. Տօներուն Ամէնէն Պանծալին Անգամ Խծբծանքի Առարկայ (1 Օգոստոս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ժամանակակից լիբանանեան ընկերութեան մաս կազմող յատկանիշ է դարձած նաեւ ծիծաղաշարժ մօտեցումներու առկայութիւնը, երբ կարգ մը անհատներ կամ խմբաւորումներ կ՛ուզեն հայրենիք կերտել հարուածելով բանակն ու անոր ազգային գաղափարախօսութիւնը:

Աւելի՛ն. անոնք կը յամառին իբրեւ ցուցանիշ ներկայացնել իրենց իսկ ստեղծած առասպելն ու տգիտութիւնը` ըսելով, որ բանակը պարտաւոր է որդեգրել հատուածապաշտ եւ միակողմանի քաղաքական գործընթաց, յայտնապէս ծառայելով ծայրայեղ հակումներու:

Արդարեւ,

Այսօր աւելի քան երբեք լիբանանեան բանակը թիրախ է դարձած հաւկուր վարքագիծերու եւ սին մեղադրանքներու:

Քաղաքական կեանքի բեւեռացած իրականութեան ու անհեռատես կեցուածքներու իբրեւ հետեւանք` ազգային խորհրդանիշ հանդիսացող բանակին հանդէպ ծաւալած ցեխարձակումներու տարողութիւնը դարձած է գրեթէ ամէնօրեայ եւ նոյնքան զզուանք պատճառող երեւոյթ:

Այսպէս ասած, ինքնապաշտպանութենէ թելադրուած,  պետութեան պահպանումին լծուած կարգ մը խմբաւորումներ եւ պետական մարդու պատմուճանը հանդերձած անհատներ տիւ եւ գիշեր, ցաւ ի սիրտ, կը սերմանեն համայնքայնութեան որոմներ, կը շեփորեն քաղաքացիական երկփեղկումի կարգախօսեր եւ ամէնէն վտանգաւորը` երկիրը մասնատելու իրենց մտադրութեան ու առհասարակ քաղաքական հաշուարկներուն յագուրդ տալու մտասեւեռումով` հայրենիքի (եթէ նման հասկացողութիւն գոյութիւն ունի) միակ պաշտպան եւ ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխիք բանակը կը փորձեն հարուածել, պարզապէս զայն բարոյալքելու եւ իրողապէս ջլատելու համար:

Չափազանցած չենք ըլլար եթէ հաստատենք, որ Լիբանանի արդի ժամանակներու պատմութեան մէջ, մանաւա՛նդ յետ անկախութեան ու յաջորդող տասնամեակներուն, նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի ամենադաժան օրերուն, լիբանանեան բանակը երբեւէ այսքան չէ անարգուած, խծբծուած եւ մասնատումի առաջնորդող հրահրումներու չէ ենթարկուած, որքան այս վերջին տարիներուն, նոյնինքն կարգ մը լիբանանցի շրջանակներու կողմէ:

Ինչպիսի՛ բացատրութիւն տալ վերոնշեալ ապիկարութիւններու  եւ կամ ի՛նչ բանի վերագրել նման ազգադաւ եւ ապաշնորհ մօտեցումներ, եթէ ոչ հայրենասիրական ոգիի բացակայութեան, հայրենիքի հանդէպ  պաշտամունքի թուլութեան, սեփական պատմութեան ուրացումին, ազատ ու ինքնիշխան ապրելու տարրական իմացութեան չգոյութեան, քաղաքացիական կրթութեան եւ դաստիարակութեան ամլացումին:

Այլ խօսքով, երբ ազգային ու պետական հասկացողութիւններու հանդէպ կը բացակային խոհական արտայայտութիւններ, նուիրումի եւ զոհողութեան պատրաստակամութիւն, ժողովուրդի վերելքին նպաստող նախանձախնդրութիւն եւ ազգովին բարգաւաճելու խոր գիտակցութիւն, ապա պէտք չէ զարմանալ, որ հակամարտող կողմերու միջեւ առկայ այլատեացութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը այլապէս դրսեւորուի սպանդով եւ խժդուժութեամբ:

Յիշեցում մը:

Ի պատիւ լիբանանահայութեան ու անոր ցուցաբերած քաղաքական հասունութեան, յետ Եղեռնի ահաւոր օրերէն մինչեւ ինքնահաստատման հանգրուան, ապա եղբայրասպան երկարամեայ կռիւներ ու շարունակաբար մինչեւ ներկայ ժամանակները, ի՛նչն է որ մղած է մեզ` հաւաքաբար եւ միանշանակ կերպով մեր բացարձակ գուրգուրանքին արժանին դարձնենք պետական համակարգի ամրակուռ պատուանդանի խորհրդանիշ եղող բանակին ու անվտանգութեան մէն մի կառոյց, եթէ ոչ այն խոր գիտակցութիւնը, որ հայրենիքներ կը պաշտպանուին ու կը գոյատեւեն բացառաբար իրենց քաջարի բանակներու զոհողութեամբ:           

Քաղաքացիական իր հաւատարմութեամբ ու պարտաւորութեամբ բնորոշ, այլապէս լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ իր տածած սիրոյն ու յարգանքին առընթեր, լիբանանահայութիւնը եթէ մէկ կողմէ ամէն պատեհ առիթի շեշտած է պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութիւնն ու անոնց սնուցանումը, ապա միւս կողմէ, առանձնաբար եւ անվերապահօրէն թիկունք է կանգնած լիբանանեան բանակին, ջերմ պաշտպանը հանդիսացած անոր առաքելութեան եւ անփոխարինելի դերակատարութեան:

Այս առումով հպարտութիւն պէտք է ներշնչել հայ նորահաս սերունդներուն` ազգային ու պետական մեր ըմբռնումներուն պայծառ ու արժանահաւատ գիտակցութեան հրամայականին ընդառաջ:

Ընդգծում մը:

Անմարսելի ու դատապարտելի են այն բոլոր  կեցուածքները, որոնք կը միտին հեղինակազրկել բանակը, տկարացնել զինուորին կորովը, բարոյալքել սպայակոյտին վճռակամութիւնն ու առհասարակ ջլատել  բանակին` թշնամիին դէմ կռուելու ներուժն ու ոգեկան բարձրութիւնը:

Համոզուած ենք, որ Լիբանանի երկնակամարին տակ ապրող ամէն շունչ, ի՛նչ համայնքի կամ հատուածի ալ պատկանի, քաջաբար գիտակից է բանակին ունեցած անուրանալի դերակատարութեան` հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ժողովուրդի բարօր կեանքի հաստատման մէջ:

Այնուամենայնիւ, ի զուր կը փորձենք բարգաւաճ հայրենիք ու առողջ քաղաքացիական հասարակակարգ պահել առանց ազգային մտածողութեան առաւել խարսխումին, ապա նաեւ` երկիրը բազմերանգ ցնցումներէ զերծ կացուցել առանց հզօր բանակի մը տիրական ներկայութեան:

Այլապէս, դիպուկ ժողովրդական առածին ընդմէջէն կարելի է ըսել, թէ այս մօտեցումով խէրը տեսէք այս երկրին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES