«Բիճեր»-ու Եւ «Խնդացող… Ագռաւներ»-ու Մասին
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
*
* *
Տը Պլէյկը հայ չէ, արենակցական կամ տարբեր ոչ մէկ կապ ունի: Անգլիացի երիտասարդ լրագրող, հրապարակագիր մըն էր «Տի Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթին, երբ առաջին անգամ կը մեկնի Պոլիս: Ինչպէս կը պատահի, երբ երիտասարդ աղջիկ մը հանդիպի երիտասարդ տղու մը, անմիջապէս համակրանքը կ՛ըլլայ փոխադարձ` ի վերջոյ բռնուելով սիրոյ անշիջելի կրակէն, ինչպէս կ՛ըսեն, առաջին իսկ ակնթարթէն սէրը կը ծաղկի երկուքին միջեւ: Այդպէս եւ Տը Պլէյկը առաջին իսկ րոպէէն կը յափշտակուի Վոսփորի գեղեցկութենէն, դիւթանքէն, իսկ իր տպաւորութիւններու գրառումները կը յիշեցնեն… Թէքէեանը` առանց զայն ճանչցած ըլլալու: Կը հաստատէ բազմաթիւ սերտ բարեկամութիւններ, թրքուհիի մը հետ կապերը կ՛ըլլան բաւականին մտերիմ, կը սորվի թրքերէն` անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն ստեղծելու համար իր ու հանդիպած թուրքերու հետ: Մէկ խօսքով, մօտիկ բարեկամութիւն կը ստեղծէ զինք որդեգրած երկրի քաղաքացիներուն եւ իր միջեւ: Քանի մը տարի մնալէ ետք ու կարծելով ճանչցած ըլլալ թուրքը եւ գիտցած ըլլալ թուրք պատմութիւնը` կը գրէ հովուերգականօրէն շլացնող քննական յօդուած մը` տպուած ամերիկեան պատկառելի «Նիւ Եորք Ռիվիու օֆ Պուքս»-ի մէջ, կարծելով գոհացուցած ըլլալ ընթերցողները: Իր չար կամ բարի բախտէն ընթերցողներէն մին եղած է Ճէյմս Ռասըլ` Հարվըրտ համալսարանի հայագիտութեան բաժնի վարիչը: Կարդալէ ետք Ռասըլ խմբագրին ուղղուած նամակի մը մէջ ցոյց կու տայ Տը Պլէյկի յօդուածին պատմականօրէն… շիլ ու սխալ կէտերը` պահանջելով թերթէն զայն տպել իբրեւ Տը Պլէյկի պատասխան: Խմբագիրը իր կարգին նամակը ղրկած է Տը Պլէյկին` տեղեկացնելով միեւնոյն ատեն, թէ պիտի տպէր նամակը:
Ահա Ռասըլի ճշդումը.
«Տը Պլէյկ իր բաժինը բերած էր Թուրքիոյ անցեալը քողարկուած պահելու, հետեւեալ երկու նախադասութեամբ` Ապտիւլ Համիտ Բ.ի իշխանութեան օրերուն հազարաւոր հայեր Անատոլուի մէջ սպաննուեցան, երբ ըմբոստացեր էին օսմանեան թուրքերու դէմ` 1890-ական թուականներուն: Իրականութեան մէջ 200,000 հայ, որոնք չէին ըմբոստացած, կանոնաւոր կերպով ջարդուեցան 1895-1896-ին: Երկրորդը` ազգամիջեան խռովութիւններէն թուրք ինքնութիւն մը մէջտեղ եկաւ, մասնաւորաբար հայ եւ թուրք խռովութիւններէն, երբ շուրջ կէս միլիոն մը մեռաւ 1915-ի տեղահանութեան ու ջարդերու ընթացքին: Յիշուած թիւէն երեք անգամ աւելի էր սպաննուածներու թիւը` կանխամտածուած ու ծրագրուած ցեղասպանութեան ընթացքին: Տը Պլէյկի զարտուղի նկարագրականը «Անատոլուի հայերու»-ն այն իմաստը կու տայ, թէ այդ մարդիկը տարբեր տեղէ եկած ըլլային: Ճիշդ է, թուրքերը եկուորներն էին: Հայերը բնիկ, տեղացի բնակիչներն են»:
Անկախ պատասխանէն, նամակը կը յառաջացնէ Տը Պլէյկի մտաւորական հոգեփոխութեան յառաջընթացը ոչ շատ տարբեր Պօղոս առաքեալի հոգեփոխութենէն` Դամասկոսի ճամբուն վրայ: Տը Պլէյկ անմիջապէս գործի կ՛անցնի հասկնալու համար դէպքերը, որոնց Ռասըլ ակնարկած էր նամակին մէջ: Կը կարդայ զանազան գիրքեր, որոնց կարգին` Կարօ Սասունիի «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի»-ն: Ճշգրիտ պատմութիւնը գիտնալու համար եւ ըլլալով պրպտող հրապարակագիր` չի գոհանար գիրքերով ու կ՛որոշէ ֆիզիքական տեղագրութիւնը` երկրին աշխարհագրութիւնը, ժողովուրդի բնօրրանը ճանչնալ, տեսնել վերապրողները կամ դէպքերը ճանչցող անհատներ, որպէսզի կարենար վերստեղծել, վերակերտել այն, ինչ որ կ՛աղերսուի 1915-ի հետ: Այլ ձեւով, կը ջանայ ներկայի ֆիզիքական տուեալներէն կառուցել այն, ինչը որ պատահեցաւ: Բայց ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս սկսիլ նման… մտաւորական ուխտագնացութիւն մը: Բաւական երկար մտածելէ ետք կ՛որոշէ… Գերմանիա երթալ: Այնքան ալ զարմանալի բան չէր այդ ընտրութիւնը, եթէ նկատի ունենանք տեղւոյն յարաբերաբար մեծ թրքական գաղութը: Կ՛այցելէ քիւրտ անհատի մը ու կը պարզէ իր ծրագիրը: Քիւրտ անհատը առանց ժամանակ կորսնցնելու` կը պատասխանէ.
– Լաւագոյն տեղը ուրկէ կրնաս սկսիլ, Վարդօ անունով փոքր քաղաք մըն է արեւելեան Անատոլուի մէջ: Քրտական շրջան մըն է եւ կը կարծեմ, թէ հոն կը գտնես մարդիկ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ քեզի:
Գիրքը, որուն կ՛ակնարկուի այստեղ` «Ըմբոստ երկիր»-ը արդիւնքն է այդ պրպտումներուն, եւ ուր կը նկարագրէ իր առաքելութիւնը (այս բառը տառացիօրէն կը ցոլացնէ իր մտադրութիւնը), բազմաթիւ հանդիպումները, եւ արդիւնքը եղած է արժեւորումը քրտական ազատագրական պայքարին, քիւրտերու ներքին պառակտումներուն, որոնք կ՛օգտագործուին թուրք պետութեան կողմէ` չէզոքացնելու համար քրտական պայքարը: Կայ նաեւ մեր ցեղասպանութեան պատմութիւնը Վարդոյի պատմութեան շրջանակին մէջ ու կեդրոնացած` ցեղասպանական իրագործումի օրինակի մը վրայ: Գիրքը վկայարանն է իր հոգեփոխութեան` գրեթէ կոյր թրքամէտութենէն դէպի իրականութիւն, աւելի հաւասարակշռուած եւ հասած` գիտական քննարկման մակարդակին: Այնքան մը հաւասարակշռուած, որ հաւատացած է թուրք հեքիաթասացութեան արդիւնք` հայերուն փոխադարձ վայրագութեանց, երբ ռուս բանակը կը ներխուժէ Արեւմտեան Հայաստան: Թերեւս այս մէկը պէտք է վերագրել իր անմեղ թիւրիմացութեան եւ մեր պատմութեան ոչ խոր իր գիտութեան, որովհետեւ եթէ մերինները այդ օրերուն գործէին այն, ինչ որ կը վերագրուի մեզի, այսօր պիտի գտնուէինք հոն, ուր գացած էր եւ զինք հիւրընկալողները պիտի ըլլար հայ գիւղացին կամ քաղաքացին, նայած` թէ ո՛ւր կը գտնուէր տուեալ պահու մը: Մնաց որ, մեր ղեկավարութիւնը որպէս գործունէութեան սկզբունք` որոշեր էր թուրք ժողովուրդին վրայ չգործադրել այն վայրագութիւնները, որոնց զոհն էր եղած մեր ժողովուրդը: Այս ճշդումը կատարելէ ետք, պէտք է հաստատեմ նաեւ Տը Պլէյկի գերազանցօրէն անկեղծ ու սրտառուչ վկայութիւնը ինքն իր մասին` գիրքի վերջաւորութեան: Կը թելադրէ հաւասարակշռուած հրապարակագրի էութեան խորը գտնուող յանդուգն, արդարութեան հետամուտ, պայքարող, յեղափոխականը` ազնուականօրէն խիզախ ու պարկեշտ անհատին, որ դուրս կը ժայթքէ հրաբուխի մը ուժգնութեամբ գրքի վերջաբանին մէջ (հատուածին թարգմանութիւնը տեսնել քովի էջին մէջ):
Այս անհատական խառնուածքի, նկարագրի… «կոորդինադները», ինչպէս ակադեմիկոս Գուռզադեանը պիտի ըսէր, ճշդելէ ետք, ահա նաեւ իր… առաքելակա՛ն պրպտումներու արդիւնք հատուածի մը քննարկումը, որ անմիջականօրէն կը կազմէ ողնասիւնը կամ առանցքը այս արժեւորումին:
Հեղինակը 2006-ին Թուրքիա է կրկին: Կը յաջողի գտնել քրտացած հայեր` բոլորն ալ գրեթէ կը խուսափին զինք տեսնելէ`
«100 տարի ետք ջարդերէն, նոյնիսկ հոս` Գերմանիոյ հարիւրաւոր մղոններով հեռու թուրքերէն, ո՛չ մէկ հայ ինքզինք ազատուած կը զգար պապենական վախէն: Վախ մը, թէ թուրքեր պատրուակ կը փնտռեն վերսկսելու տեղահանութիւնն ու սպանդը»:
Հեղինակը դառնութիւն ցոյց չի տար, երբ այդ հայերը կը խուսափին զինք տեսնելէ` բացատրելով այդ խուսափումը գոյութենական այն` «վախով, թէ երկրի մէջ ապրող ազգական կամ հարազատ մը հալածանքի կ՛ենթարկուի»:
Վարդոյի մէջ հիւրը կ՛ըլլայ սիւննի ընտանիքի մը: Առաւօտուն, պայծառ արեւին մէջ, Տը Պլէյկ կը սկսի դեգերիլ շրջակայքը: Առոյգացած պայծառ արեւէն` իր դեգերումներու ընթացքին կը հեռանայ դաշտագետնէն ու կը սկսի քալել բլուրն ի վեր` անտեղեակ շրջանի հողին մէջ թաղուած գաղտնիքէն: Անտեղեակ, թէ կը քալէր պարունակին վրայէն մեր նահատակներու աճիւններուն: Շատ չանցած` կը նշմարէ իր հիւրընկալը, որ աճապարանքով կը բարձրանար բլուրը եւ ձեռքի շարժումներով կը ջանար հասկցնել իրեն, որ կենար, չշարունակէր պտոյտը: Կ՛անտեսէ մարդը ու կը շարունակէ քալել: Կրկին, շատ չանցած, կը նշմարէ տարբեր անհատ մը, որ ուղղակիօրէն կը մօտենար իրեն: Մարդը կը բարեւէ, Տը Պլէյկ կը կենայ: Հակիրճ փոխասացութենէ մը ետք իրեն կը հասկցնեն, թէ պէտք չէ շարունակէ առաւօտեան շրջագայութիւնը: Հեղինակը կը բացատրէ.
– Հետագային էր միայն, երբ շատ աւելի տեղեակ էի ջարդերէն ու գիտէի, թէ ո՛ւր էին տեղի ունեցեր եւ ո՛ւր, կ՛ըսուի, հողը կը մնայ մոխրակալած մեռածներու մոխրացած ոսկերոտիքէն, երբ անդրադարձայ, թէ այդ դեգերումի ընթացքին կ՛ընթանայի դէպի Նեւալա Աշըք:
*
* *
Եղեռնէն ետք ոմանք կառափնատի գրական պատկերով կը նկարագրէին մեր երկիրը` Կիլիկիան ու Արեւմտեան Հայաստանը: Չափազանցուա՞ծ էր բաղդատականը: Թերեւս: Կարդալէ ետք, սակայն, այս գիրքը, այդ պատկերը այնքան ալ չափազանցուած չէ: Այդ պատկերը կը դադրի գեղարուեստական պատկեր մը ըլլալէ, այլ կ՛ըլլայ «լերդացած», թանձրացեալ եւ ահազդու, խտացեալ եւ գիտականօրէն ապացուցելի իրականութիւն մը: Հոն են չարչարուած, բռնաբարուած եւ ապա սպաննուածները` հոն Վարդոյէն տասնեակ մը քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք, եթէ կային շառաւիղները Մամիկոնեաններուն, ապա իրենց հայրենական հողը, տունը վերածուեցան իրենց բաց դամբարաններուն, եւ համայնական այդ կառափնատին իբրեւ յուշակոթող կը մնայ Վարդոն, պահած` անունը միայն հերոսական ժողովուրդի մը եւ իր ժողովուրդէն զերծուած ողջ մեռելներու, նահատակներուն իբրեւ վկայարան: Վարդոն փաստօրէն միայն մէկն է այն հազարներէն, որոնք տարտղնուած են Արեւմտահայաստանով ու Կիլիկիայով մէկ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս` քանդուած տաճարներն ու վանքերը, ընելով ամբողջ երկիրը հսկայական կառափնատ մը, ուր ծորած արիւնը լերդացած է ու կը ծածկէ ձեռքերն ու երբեմն նաեւ դէմքերը թուրք ժողովուրդին ամբողջ եւ օսմանօֆաշիստ պետութեան յատկապէս: Որքան որ այդ վիժուածքը` պետութիւնը, ուրանայ ու ժխտէ Ցեղասպանութիւնը, կը յանգի բոլորովին անակնկալ երեւոյթի մը. տարիներու ուրացման փոշին շերտ առ շերտ սկսած է վերցուիլ` երեւան բերելով մութ կարմիր գոյնը զոհուած նահատակներու արեան:
Հո՛ս է, որ տեսանելի պիտի ըլլային Էրտողանի, Կիւլի ու Տաւութօղլուի ճամարտակութիւնները իրենց ուրացումին մէջ: Այդ ուրացումը զիրենք վերածած է տարօրինակ… ջայլամներու, որոնք իրենց գլուխները խրած ժամանակակից օսմանօֆաշիստ պատմագրութեան աղբատուփին մէջ, կը խօսին իրենց թափահարող ոտքերով, բացատրելով աշխարհին, թէ իրենք անմեղներ են եւ զոհերը` իրականութիւնը չարափոխող նենգ նանրամտութեան: Եւ ահա, հո՛ս է, որ վերնագրին պատկերը կը միտի յիշեցնել թուրքերուն իրենց իսկ սայթաքումը:
Թուրք ներկայ պետութեան վերը ակնարկուած եռեակը անցնող տարիներուն յաճախ կ՛ակնարկէ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան, խօսքի ազատութեան, քաղաքացիներու հանդէպ հանդուրժողականութեան, ողջամիտ ներողամտութեան եւ ընկալելու իր իսկ ժողովուրդի մէկ հատուածին` քիւրտերու պահանջներու հանդէպ զգայուն օրինակելի ժողովրդավար երկիր մը ու ժողովուրդ:
Իրականութիւն է, թէ հայատեացութիւնը Թուրքիոյ մէջ հայրենասիրութեան չափանիշ է տակաւին: Իրականութիւն է նաեւ անցնող տարիներուն հրապարակ իջած բազմաթիւ թուրք մտաւորականներու սրտբաց ու սրտառուչ ելոյթները եւ Նաում Պէյի ակնարկած այն թուրք պաշտօնակատարներն ու զինուորական դէմքերը, որոնք իրենց կեանքերը վտանգելով` մերժեցին մասնակցիլ մեր ժողովուրդի ոչնչացման գործընթացին: Այդ բոլորին` անվերապահ յարգանք ու անմնացորդ եւ անսահման շնորհակալութիւն, ինչպէս մեր ժողովուրդը պիտի ըսէր` «Զիրենք ծնողներու հոգիները Աստուած թող լոյսերու մէջ պահէ», վասն զի անոնք կը ջերմացնեն այլապէս սառեցնող ու ահագնացող իրականութիւնը: Եւ անոնք թող ներող ըլլան, թուրք պետութեան ու ժողովուրդին մասին երբ կը խօսինք այնպէս, ինչպէս որ կը խօսուինք, որովհետեւ վերջին համարատուն թուրք ժողովուրդն է, որովհետեւ այնքան ատեն որ կը հանդուրժէ ախտաբանականօրէն հայատեաց զանգուածներուն, պատասխանատու է ու հաշուետու: Այդ ատելութեան հետեւանքն են «բիճեր էք»-ի պաստառները: Ու ներքին գործոց նախարարը, երբ ներկայ կը գտնուի հազարաւոր թուրք վոհմակի խելագար ցոյցին, կը հաստատէ անոր պետականօրէն կազմակերպուած ըլլալը, ինչպէս նաեւ համամտութիւնը` հոն արտայայտուած լեզուագարութեանց: Վարչապետ Էրտողան վերջերս կը յոխորտայ իր երկրի հզօրութենէն ու մեծութենէն, հաւանաբար նաեւ` իր անհատական… էրքեկութենէն: Հարցումը, որ բնականօրէն ինքզինք կը պարտադրէ, հետեւեալն է.
– Դուք, պետական մարդիկ, կը ճանչնաք, գիտէք, թէ ովքե՛ր են կամ էին ձեր մայրերը: Հապա ձեր իսկական հայրե՞րը: Կը ճանչնա՞ք զիրենք: Հարիւր տոկոսով վստա՞հ էք, թէ դուք եւս հայու… բիճեր չէք, եթէ նկատի առնենք թուրք մտաւորականի մը հաստատումը, թէ Անգարայէն մինչեւ սահմանավերջ ապրող բոլոր քաղաքացիներու երակներէն հայու արիւն կը հոսի: Մենք չենք դառնացած, պարզապէս ուրախ ենք թուրք ծնատաշտը ազնուացնելու մեր նպաստով: Դուք էիք մեր աղջիկներն ու պատանի տղաքը թրքացնողները, զիրենք բռնի կրօնափոխ ընողները: Արդ, հիմա դուք մեզի ինչո՞ւ կը հայհոյէք: Չըլլա՞յ, թէ կը շարունակէք կարծել մեզ տիրապետել:
Ահաւասիկ երբ այդ ջանքերը կը մղեն զիրենք` թուրքերը, անտեղեակ բարոյականի իրենց մերկութենէն, բարբառելու մարդկային իրաւունքներէ ու վեհանձնութենէ, ո՞ւր է, օրինակ, մարդկային իրաւունքն ու վեհանձնութիւնը, երբ սարսափեցնելու համար իր քիւրտ փոքրամասնութիւնը. ձերբակալուածներու առնանդամներէն ու ամորձիքներէն ելեկտրական հոսանք կ՛անցուի` տալով մարդոց առիթը, յիշեցնելու իրենց, թէ ագռաւները իրապէս որոտագոռ կը խնդան:
(Շար. 3 եւ վերջ)

