Նշմար. Միացեալ Պայքարի Բաց Հրաւէր

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Խումբ մը հայ երիտասարդներ հալէպահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրը դիմակայելու իրենց վճռակամութեան գործնական փաստը տուին:

«Հալէպի լրատուական ցանց» դիմատետրեան էջը կը հաղորդէ, որ ՀՄԸՄ-ի շապիկը կրող հայ երիտասարդներ, մարդկայնական զգացումներով եւ քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ զինուած, սննդեղէն կը բաժնեն Հալէպի մէջ բախումներու թատերաբեմ դարձած թաղամասերէն խոյս տուած եւ աւելի ապահով թաղամասեր ապաստանած արաբներու: Անոնք նախապէս նաեւ ձեռնարկած են այլ աշխատանքի` փողոցները ձերբազատել աղբահաւաքներու բացակայութեան պատճառով հաւաքուած աղբակոյտերէն, որոնք բնականաբար հիւանդութիւններու տարածման մտավախութիւններ կը յառաջացնէին:

Նշեալ խումբ մը տղաքը գիտակցած են, որ ստեղծուած կացութեան մէջ կրաւորականութիւնն ու պարտուողականութիւնը անձնասպանութեան համազօր աններելի սխալներ են: Կրակոցներուն եւ պայթումներուն այդքան մօտ ըլլալով հանդերձ` անոնք չեն վարակուած արտասահմանեան կարգ մը խաղաղ վայրերէն «հնչող» եւ պարզապէս խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու ծառայող անպատասխանատու լրատուութիւններէն: Անոնք իրենց արարքով կը մերժեն հալէպահայութիւնը հոս կամ հոն փոխադրելու «մտային մարզանքները» եւ հայու վայել առնական ձայնով կը գոռան. «Մենք հոս ենք, հոս ալ պիտի մնանք»: Ապրի՛ք տղաք, հազար ապրիք:

Հալէպի մէջ ստեղծուած կացութիւնը ճակատագիրին կողմէ հայութեան եւ մասնաւորաբար հալէպահայութեան նետուած ձեռնոց մըն է: Այժմ գործի լծուելու, կազմակերպուած եւ միասնական աշխատանք կատարելու կամքը ունեցողներուն ժամն է: Պահը այդպիսի աշխատանք տանելու ատակ անձեր կը պահանջէ, որովհետեւ հիմնականին մէջ այդպիսիներու միացեալ ջանքերուն մէջ կը կայանայ ներկայ հանգրուանը յաղթական եւ նուազագոյն վնասներով աւարտելու Հալէպի հայ համայնքի «փրկութիւնը»:

Անհրաժեշտ է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին լիբանանահայութեան փորձառութենէն դասեր քաղել եւ այդ օրինակին հետեւելով շարքերը խտացնել: Հասարակաց մարտահրաւէրը արժանաւոր կերպով դիմակայելու համար պէտք է դուրս գալ քարացած եւ արդէն շատոնց ժամանակավրէպ դարձած մտայնութիւններէն` յանուն հալէպահայութեան գերագոյն եւ միացեալ շահերուն: Կ՛ըսեն, թէ ամէն չարիք իր մէջ բարիք մը ունի. յոյսով ենք, որ այս անգամ եւս այդ խօսքը ճշմարիտ դուրս կու գայ: Յամենայն դէպս, մէկ բան յստակ է, առանց միասնական շարքերու ստեղծման, արտաքին օժանդակութիւնները, որքան ալ ողջունելի, իրենց առաւելագոյն արդիւնքը պիտի չտան:

Ստեղծուած կացութիւնը միացեալ պայքարի բաց հրաւէր մըն է: Պէտք է ընդառաջել այդ հրաւէրին: Չմոռնանք, որ Աստուած կ՛օգնէ միայն անոնց, որոնք իրենք իրենց կ՛օգնեն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES