Ռոմնի Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաք Ըլլալու Հաւանականութիւնը Հետաքրքրական Կը Նկատէ, Իսկ Սպիտակ Տունը Բացատրութիւն Կը Պահանջէ
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Ռոմնի Լեհաստան ուղղուելէ առաջ Իսրայէլի մէջ իր վերջին ժամերը պիտի անցընէ Երուսաղէմի մէջ, ուր Քինկ Տէյվիտ պանդոկին մէջ պիտի հիւրընկալուի ամերիկացի քաղաքացիներու կողմէ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են անձ գլուխ առնուազն 50 հազար տոլար վճարել:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումէն ետք Ռոմնի շեշտած է, որ «Ամերիկա պէտք է Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը ճանչնայ»: Ան նաեւ յայտնած է, որ «Իսրայէլի մայրաքաղաքը Երուսաղէմի մէջ ըլլալը հետաքրքրական փորձառութիւն է»:
Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ «հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնիի Պաղեստինի շուրջ կատարած յայտարարութիւնները շփոթ ստեղծեցին, եւ Ռոմնիէն յաւելեալ բացատրութիւն կը պահանջենք»:
Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըրնեսթ յայտնեց, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու վերաբերեալ Ռոմնիի արտայայտած կեցուածքը կը հակասէ դեմոկրատական եւ հանրապետական նախագահներու ժամանակաշրջանին եւ տասնամեակներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու պաշտպանած կեցուածքին:


