Մետվետեւ Դարձեալ Նախագահի Պաշտօնին Առաջադրուիլը Չի Բացառեր

Տմիթրի Մետվետեւ

Ռուսիոյ վարչապետ եւ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ չի բացառեր, որ կրնայ դարձեալ նախագահի պաշտօնին առաջադրուիլ: Ան բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ տակաւին չի պատրաստուիր հեռանալ քաղաքական կեանքէն` աւելցնելով, որ «ես նախագահական ընտրութիւններուն պիտի առաջադրուիմ, եթէ ի հարկէ, ատիկա մեր մարդոց հետաքրքրական ըլլայ»:

Ան շեշտած է, որ եթէ ատիկա երկրի բնակչութիւնը «զզուեցնէ» եւ իրեն «մնաս բարով» ըսեն, ապա պիտի սկսի իր յուշերը գրել:

Ռուսիոյ վարչապետը միեւնոյն ժամանակ համոզուած է, որ ո՛չ ինք, ո՛չ ալ իր ներկայացուցած քաղաքական ուժը քաղաքականութենէն հեռանալու պատճառներ ունին:

«Այդ պատճառով ալ, ինծի համար ոչինչ կը բացառեմ: Ներկայիս կը գտնուիմ քաղաքական կեանքի թոհուբոհին մէջ, շատ կ՛աշխատիմ եւ ապագային կը պատրաստուիմ նոյնը ընել», յայտարարած է Մետվետեւ:

Անցեալ տարուան սեպտեմբերին Ռուսիոյ իշխող «Ետինայա Ռոսիա» կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին որդեգրուած է «փոխատեղման» մասին որոշում մը, որուն միջոցով օրին նախագահ Մետվետեւ այլեւս չառաջադրուեցաւ նախագահի պաշտօնին, իսկ օրին վարչապետ Վլատիմիր Փութին մարտի ընտրութիւններուն մէջ ներկայացնելով կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրեց եւ վերադարձաւ Քրեմլին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES