Յունաստան Թուրքիոյ Հետ Սահմանին Վրայ 1800 Զինուոր Տեղակայած Է

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Յունաստանի կառավարութիւնը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց պատճառով որոշած է քառապատկել Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ իր ունեցած զինուորներու թիւը:

Աթէնք այս ձեւով կը փորձէ խուսափիլ դրացի երկիրներ փախչող սուրիացի գաղթականներու անցանկալի հոսքէն, որովհետեւ Յունաստան Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու համար ամէնէն յարմար ճամբան է ապօրինի ներգաղթեալներու համար: Մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս կը գտնուին 43 հազար սուրիացիներ, որոնք կրնան փորձել Յունաստանի ճամբով Եւրոպական Միութիւն մուտք գործել:

Բացի յաւելեալ 1800 զինուորներէն, երկու երկիրները իրարմէ բաժնող Էւրոս գետի երկայնքով լողացողներու 26 պատնէշ պիտի տեղակայուի: Ներկայիս Յունաստան Թուրքիոյ հետ իր սահմանին վրայ ընդամէնը 600 զինուոր ունի:

 

Share this Article
CATEGORIES