Տաւութօղլու Մօտ Օրէն Պաշտօնա՞նկ Պիտի Ըլլայ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Կիւրսեն Թեքին «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու շուտով պաշտօնանկ պիտի ըլլայ: Անոր այս յայտարարութիւնը Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ յառաջացուցած է:

Թեքին պնդած է, որ Սուրիոյ առնչութեամբ Տաւութօղլուի վարած քաղաքականութեան պատճառով, քաղաքական քուլիսներու ետին Տաւութօղլուի հաւանական պաշտօնանկութեան մասին կը խօսին:

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան փոխնախագահը Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը նմանցուցած է Սուրիոյ իշխող Պաաս կուսակցութեան: Ան յայտարարած է, որ Տաւութօղլու ոչ միայն իշխող կուսակցութիւնը, այլեւ ամբողջ Թուրքիան գլխացաւ պատճառող կացութեան մէջ ձգած է, ուստի Էրտողան կը պատրաստուի Տաւութօղլուն պաշտօնէ հեռացնելու:

Թեքին նաեւ պնդած է, որ Ահմեթ Տաւութօղլուն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը ձախողութեան մատնած է, իսկ զինք այդ պաշտօնին վրայ պիտի փոխարինէ Նամըք Քորհանը, որ ըստ Թեքինի, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան համար կարեւոր դէմք է եւ պիտի կարենայ ղեկավարել երկրին արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Տաւութօղլու. «Սուրիայէն Ահաբեկչութեան Սպառնալիքի
Պարագային
Թուրքիա Պիտի Ձեռնարկէ Որեւէ Միջոցի»

Տաւութօղլու լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը Սուրիայէն ահաբեկչական որեւէ սպառնալիքի պարագային որեւէ միջոցառումի պիտի ձեռնարկէ:

Ան նշած է, որ Անգարա սպառնալիք կը նկատէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) եւ ատոր սուրիական թեւը, ինչպէս նաեւ Քայիտան եւ բռնարարքներու դիմող այլ կազմակերպութիւններ: Ան նաեւ յայտնած է, որ քաոսի պարագային Սուրիոյ միասնականութիւնը սպառնալիքի տակ պիտի դրուի:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու ընդգծած է, որ «երեք տարբերակ ունինք: Առաջին` ըլլալ Ասատի վարչակարգի կողմնակից: Սակայն այդ պարագային մեր հեղինակութեան ի՛նչ պիտի պատահի: Երկրորդը չմիջամտելու քաղաքականութիւնն է, ինչպէս Իրաքի պարագային էր: Երրորդը Սուրիոյ նկատմամբ թրքական կառավարութեան ներկայիս վարած քաղաքականութիւնն է»:

Ինչ կը վերաբերի ապահովական գօտի ստեղծելուն, Տաւութօղլու յայտնած է, որ ատիկա պիտի կատարուի, եթէ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներու թիւը մօտենայ հարիւր հազարի` ընդգծելով, որ այդ գօտին պիտի ստեղծուի Սուրիոյ եւ ոչ թէ Թուրքիոյ մէջ:

Ըստ նախարարին, սուրիական ճգնաժամը ՄԱԿ-ի համար լուրջ քննութիւն էր, սակայն ՄԱԿ-ը կը դանդաղի: «Եթէ ՄԱԿ-ը յստակ դիրքորոշում ցուցաբերէր, Ասատ այդ յանցագործութիւնները չէր գործեր», կը մէջբերէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը:

 

Share this Article
CATEGORIES