Եգիպտոս Կազայի Հետ Սահմանը Ամէն Օր 12 Ժամ Պիտի Բանայ
«ՄԻԿնիուզ» կը հաղորդէ, որ Համաս շարժումը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ եգիպտական իշխանութիւնները համաձայն գտնուած են Եգիպտոսի եւ Կազայի միջեւ Ռաֆահի անցքին միջոցով ամէն օր 12 ժամուան ընթացքին իրականացնել մարդոց եւ ապրանքներու տեղափոխում:
Կազայի մէջ Համասի կառավարութեան ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ յայտարարած է, որ բացի ատկէ, սահմանը պիտի բացուի առաջուընէ չորս ժամ աւելի եւ Եգիպտոսի տարածք մուտք գործող պաղեստինցիներու չափաբաժինը պիտի աւելնայ օրական 1500 մարդով:
CATEGORIES Միջազգային


