«Քրտական Շրջանի` Ծանր Զէնքեր Գնելու Վրայ Պնդելը Իրաքի Համար Հարցեր Պիտի Ստեղծէ» Կ՛ըսէ Տապաղ

Ալի Տապաղ

Իրաքի կառավարութեան բանբեր Ալի Տապաղ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «քրտական շրջանի` ծանր զէնքեր գնելու վրայ պնդելը Իրաքի համար այլ տեսակի հարցեր պիտի ստեղծէ»:

«Եթէ առիթ ընծայենք, ապա Իրաքի մէջ սպառազինման մրցավազք տեղի պիտի ունենայ, ինչ որ սահմանադրութիւնը խզող հարց է, իսկ հարցին արմատը քաղաքական է», ըսաւ ան:

Իրաքեան կառավարութեան բանբերը նշեց, որ շրջանին մէջ տարատեսակ զարգացումներու հաւանականութիւն գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ քրտական շրջանին եւ Պաղտատի միջեւ տարակարծութիւն, քրտական շրջանէն հնչող անջատուելու եւ ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման սպառնալիքներ, «սակայն այս պատկերացումը չի կրնար քրտական շրջանին, Իրաքի կամ դաշնակցային կառավարութեան համար բարի աւարտ մը ունենալ»:

Միւս կողմէ, Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան մէջ փեշմերկաներու հարցով նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Ժապար Եարօ իր կարգին «Ժազիրա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց, որ շրջանի կառավարութիւնը ծանր զէնքեր գնելու մտադրութիւն ունի:

Սիտայի Հիւսիսային Իրաքի Քրտական
Շրջան
Այցելութիւնը Յետաձգուեցաւ

Սուրիոյ ազգային խորհուրդի քիւրտ նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց, որ «որոշուած էր, որ Իրաքի քրտական շրջան այցելենք, բայց կարգ մը ժամադրութեանց պատճառով այդ այցելութիւնը յետաձգուեցաւ, սակայն անիկա մօտ ատենէն տեղի պիտի ունենայ, իսկ ատոր նպատակը Սուրիոյ մէջ կացութեան քննարկումն է»:

Նշենք, որ Սիտա Էրպիլ պիտի այցելէր` Սուրիոյ քիւրտերու ղեկավարներուն հետ հանդիպում ունենալով զանոնք Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին մաս կազմելու համոզելու, ինչպէս նաեւ շրջանի ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ հանդիպում ունենալու համար:

Սուրիոյ քիւրտերը Պարզանիի հովանաւորութեամբ 11 յուլիսին իրենց 12 կուսակցութիւններէն կազմուած բարձրագոյն մարմին մը ստեղծած են Արեւմտեան Քիւրտիստանի ժողովուրդի խորհուրդ անունով:

 

Share this Article
CATEGORIES