Աուտէ Եպիսկոպոսը Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Դեսպան Փաուլի եւ Աուտէ եպիսկոպոս

Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիք Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին աւարտին Փաուլի նշեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ միացեալ թղթածրարները:

«Մեր նպատակն է բարելաւել Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները», ըսաւ ան:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան Աուտէ եպիսկոպոս ընդունեց նաեւ նորընտիր երեսփոխան Ֆատի Քարամը:

Share this Article
CATEGORIES