Բանակի Հրամանատարութիւնը Մերեհպիի Դէմ Քայլեր Պիտի Որդեգրէ

Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ինք մնայուն կերպով փորձած է լուռ մնալ Մերեհպիի կատարած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ, «սակայն ըստ երեւոյթին, Մերեհպի կը շարունակէ ցեխարձակումներ գործել բանակին եւ անոր հրամանատարութեան դէմ, հետեւաբար` մենք պիտի դիմենք պատկան մարմիններուն, որպէսզի օրինական պատիժները որդեգրուին անոր դէմ, նկատի ունենալով բանակին եւ անոր հրամանատարութեան հասցէին երեսփոխանին կատարած զրպարտութիւնները եւ ցեխարձակումները», նշեց բանակի հրամանատարութիւնը:

Պէտք է նշել, որ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի երէկ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը անհամ եւ անճիշդ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ: Ան աւելցուց, որ բանակը կը հետեւի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի աղտոտ խաղերուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES