Ելեկտրական Հոսանքի Բաշխումը Կառավարող Կեդրոնը Եւս Փակուած Է

Ելեկտրականութեան ընկերութեան վարչութիւնը, որ նախանցեալ օր պաշտօնապէս փոխադրուեցաւ Զուքի ելեկտրական կայան, երէկ յայտարարեց, որ իրենց համար հիմնական մտահոգութիւն դարձած է սարակներուն կողմէ բռնագրաւուած Ելեկտրականութեան ընկերութեան շէնքին իններորդ յարկը, ուր կը գտնուին ելեկտրական հոսանքի բաշխումը կառավարող սարքերուն կեդրոնը:

Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք յայտնեց, որ անցեալ երկուշաբթի օրուան պատահարը Ելեկտրականութեան ընկերութեան պատմութեան մէջ վտանգաւոր էջ մըն է:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայեք շեշտեց, որ անհրաժեշտ է քաղաքական տարակարծութիւնները Ելեկտրականութեան ընկերութենէն հեռու պահել` աւելցնելով, որ ընկերութենէն ստացագիրները օրինաւոր կերպով դուրս բերուած են` հաշուապահութեան եւ ապահովական ուժերուն կողմէ:

«Մենք ոչ մէկ նպատակ ունինք ելեկտրականութիւնը անջատելու եւ լիբանանցիները մութի մատնելու: Օր մը չենք կատարած նման բան եւ ոչ ալ կը կատարենք», ըսաւ Հայեք:

Ան զգուշացուց ստեղծուելիք թեքնիք հարցերէն:

Միւս կողմէ, Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները հաստատեցին, որ իրենք օր մը օրանց ելեկտրական հոսանքի բաշխումը կառավարող սարքերուն վրայ աշխատող անձնակազմին անդամները չեն արգիլած իրենց պաշտօնը կատարելէ: Անոնք կոչ ուղղեցին աշխատաւորական բոլոր սենտիքաներուն զօրակցելու իրենց արդար դատին:

Սարակները նշեցին, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ մէկուկէս տարի առաջ արդէն իսկ նշած է, որ Լիբանան մութի պիտի ենթարկուի:

Սարակները նաեւ հաստատեցին, որ իրենք բաց սրտով կ՛ընդունին ելեկտրական հոսանքի բաշխումը կառավարող սարքերուն պատասխանատու պաշտօնեաները Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES