Վ. Սապունճեան – Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Միութիւն Հանդիպում

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութիւնն ու ճարտարարուեստի մարզին իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ շեշտեց, որ նոյնիսկ եթէ համաշխարհային բնոյթ ունեցող տնտեսական տագնապը իր ազդեցութիւնը ունենայ լիբանանեան տնտեսութեան վրայ, իբրեւ պատասխանատուներ պէտք է լիբանանեան ազգային տնտեսութեան ամրապնդման մասին մտածենք:

«Ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան շրջագիծին մէջ, իբրեւ ճարտարարուեստի մարզի պատասխանատուներ մեր պատրաստակամութիւնը յայտնեցինք ելեկտրական հոսանք արտադրելու, այն նոյն գումարներով, որոնք պիտի տրամադրուին ելեկտրական հոսանք արտադրող թրքական նաւերուն:

«Մենք մաղթեցինք, որ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան այդ նախաձեռնութիւնը փոխանցէ կառավարութեան եւ ընդգծեցինք, որ Լիբանան կրնայ արտադրել իր կարիքներուն համազօր ելեկտրական հոսանք», ըսաւ ան:

Իր կարգին, նախարար Սապունճեան զօրակցութիւն յայտնեց Աֆրամի առաջարկին` դիտել տալով, որ ինք նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան կողմէ ելեկտրական հոսանքի արտադրումին:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ բոլորին շահերուն կը ծառայէ, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի, որպէսզի Լիբանանի արտածած եւ հոն ներածուող արտադրութիւնները ապահով կերպով փոխադրուին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES