«Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններուն Վերաբերող Ամբողջական Տեղեկութիւններուն Յանձնումը Ապօրինի Է» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող ամբողջական տեղեկութիւնները ապահովական կառոյցներուն յանձնելը սահմանադրութեան դէմ գործուող ոճիր մըն է:
Ան աւելցուց, որ այդպիսով լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքները յարգած չենք ըլլար, ընդհակառակն` ապօրինութիւն գործած կ՛ըլլանք: Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս դատական իշխանութիւնները կ՛արտօնեն նման բան մը:
Զօր. Աուն նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող ամբողջական տեղեկութիւնները որոշ կողմի մը յանձնելը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չընդունին, որ բոլոր լիբանանցիներուն եւ նաեւ իրենց հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները գաղտնի լսումի ենթարկուին:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն զգուշացուց կենսոլորտային աղէտէ մը. ան նշեց, որ Մէյրուպայի եւ Հարաժելի միջեւ գտնուող լեռը կրնայ անհետանալ եւ կոչ ուղղեց ներքին գործոց ու կենսոլորտի նախարարներուն ուղղուելու այդ շրջանը եւ տեսնելու այդ լեռը, նախքան անոր անհետացումը:

