Կառավարութիւնը Ընտրական Օրէնքին Քննարկումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Երկուշաբթի Օրուան
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան հարցերու նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ յայտնեց, թէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու հարցին լուծման նպատակով լուրջ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին` աւելցնելով, որ թէեւ ամբողջական լուծում մը տակաւին կարելի չէ եղած ապահովել, սակայն անոնք կրնան դրական դուրս գալ:
Այս իմաստով երէկ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սարակներու հարցին լուծումը մօտալուտ է` նկատի ունենալով Այն Թինէի եւ Ռապիէի միջեւ դրական գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ի գործ դրած ջանքերը:
Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն թղթածրարը վերջնականապէս լուծուած է:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը շարունակեց քննարկել ներքին գործոց նախարարութեան մշակած ընտրական օրէնքը, որ կը բաղկանայ 123 կէտերէ: Կառավարութիւնը յաջողեցաւ անոր 55 կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, իսկ մնացեալ կէտերուն շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին յառաջիկայ երկուշաբթի օրուան նիստին ընթացքին` Պէյթէտտինի պալատին մէջ:
Նստացոյց` Նախագահական
Պալատին Ճամբուն Վրայ
Միւս կողմէ, Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներն ու ընտանիքները երէկ նստացոյց մը կատարեցին Պաապտայի մէջ` նախագահական պալատին ճամբուն վրայ:
Անոնք մտադրած էին ճամբուն մէջտեղ վրան մը լարել եւ հոն բաց նստացոյց կատարել, մինչեւ առեւանգեալներուն տունդարձը, սակայն առեւանգուածներու ընտանիքներու բանբեր շէյխ Ապպաս Զղէյպ շեշտեց, որ առեւանգեալներու ընտանիքներուն պահանջները արդար են:
Ընտանիքները իրենց կարգին յայտնեցին, որ իրենք լիբանանեան պետութեան եւ կառավարութեան նկատմամբ վստահութիւն չունին:
Պէտք է աւելցնել սակայն, որ նախագահական պահակագունդի պետ զօր. Ուատիհ Ղաֆարի լսեց ցուցարարներուն պահանջները եւ անոնցմէ խնդրեց չփակել նախագահական պալատին ճամբան:
Աւելի ուշ նախագահ Սլէյման ընդունեց առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքներուն պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ շէյխ Ապպաս Զղէյպի:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ առեւանգեալներու տունդարձին գծով մինչեւ յառաջիկայ կիրակի օր դրական քայլեր կը նախատեսուին, եւ անոնցմէ խնդրեց 48 ժամով յետաձգել իրենց մագլցողական քայլերը: Ընտանիքները համաձայն գտնուեցան ընդառաջելու այդ պահանջին:
Հանդիպումէն ետք շէյխ Ապպաս Զղէյպ ցաւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը չէ քննարկած առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:


