Լեռնային Ղարաբաղը Պետութիւն Մըն Է, Որ 20-Ամեայ Անկախութիւն Ունի» Կը Հաստատէ Ուրուկուէյական Թերթ Մը
Ուրուկուէյական «180» թերթը, անդրադառնալով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի` Ուրուկուէյ այցելութեան, կը գրէ, որ այդ այցելութիւնը անհանգստացուցած է ուրուկուէյահայերը:
Յօդուածին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած է ղարաբաղեան տագնապի պատմութիւնը` 1921 թուականէն սկսեալ, երբ Ստալինի հրամանով Լեռնային Ղարաբաղը բաժնուեցաւ Հայաստանէն եւ կցուեցաւ Ազրպէյճանին, եւ 100 հազարէ աւելի հայեր ինկան ժողովուրդի մը տիրապետութեան տակ, որ բոլորովին այլ մշակոյթ ունէր:
«1988 թուականին այդ երկրամասի բնակչութիւնը խնդրեց միաւորուիլ Հայաստանի հետ: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ցեղային հետապնդումներու սկսան հայերուն նկատմամբ, որոնք կ՛ապրէին այդ երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Խորհրդային փլուզումէն ետք տագնապը աւելի սրեցաւ եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, ստանալով խորհրդային բանակի զինամթերքը, զայն օգտագործեց Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքային բնակչութեան դէմ», կը նշուի յօդուածին մէջ:
Այնուհետեւ յօդուածագիրը կը գրէ, որ անկախութիւն հռչակած Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմ սանձազերծուեցաւ, իսկ 1994-ի զինադադարի համաձայնագիր ստորագրուեցաւ, սակայն խաղաղ բանակցութիւնները արդիւնք չեն տար, քանի որ Ազրպէյճան կը սպառնայ զինուորական ուժ գործածել` Լեռնային Ղարաբաղը նկատելով իր տարածքը:
«Մինչդեռ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պետութիւն մըն է, որ արդէն 20-ամեայ անկախութիւն ունի: Այնտեղ այս ամիս տեղի ունեցան նախագահական հերթական ընտրութիւնները: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայ ձեւաւորուած խորհրդարան եւ առկայ են ժողովրդավարութեան ամէնէն բարձր ցուցանիշերը ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ», կ՛եզրափակէ յօդուածագիրը: