ՀՅԴ-ն Իր Թեկնածուն Կ՛առաջադրէ Գիւմրիի Քաղաքապետական Ընտրութեանց
ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէն նախանցեալ օր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ համայնքներուն մէջ թեկնածուներ պիտի առաջադրէ 9 սեպտեմբերին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար: ՀՅԴ-ն թեկնածուներ պիտի առաջադրէ 11 համայնքներու մէջ եւ մէկ համայնքին մէջ պիտի սատարէ անկուսակցական թեկնածուի մը:
Գիւմրիի քաղաքապետի ընտրութիւններուն ընթացքին Դաշնակցութիւնը պիտի առաջադրէ Յովսէփ Սիմոնեանի թեկնածութիւնը: ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Ալեքեան յայտարարեց, որ այս որոշումը ընդունեց կուսակցութեան Գիւմրիի կառոյցի ներկայացուցչական ժողովը:
Սիմոնեան Շիրակի մարզի մարզպետարանի տնտեսական վարչութեան պետի տեղակալն է: Ան առաջադրուած էր նաեւ 2005-ին քաղաքապետի ընտրութիւններուն համար, սակայն ինքնաբացարկ ներկայացուցած էր:
Պարզաբանելով իր որոշումը, Սիմոնեան նշեց, որ ինք ցանկութիւն չէ ունեցած այդ մթնոլորտին, այդ իրավիճակին մէջ մասնակցիլ այդ ընտրութիւններուն: Ըստ անոր, առաջին կարեւոր խնդիրներէն մէկը այն էր, որ իրապէս այդ ընթացքին չապահովուեցաւ այն քաղաքակիրթ քարոզարշաւը, զոր ինք կը պատկերացնէր:
Ան շարունակեց, որ այս անգամ իրենք մինչեւ վերջ պիտի երթան:
Ան ինքզինք այլընտրանքային թեկնածու նկատեց:
Յառաջիկայ ընտրութիւններուն շուրջ ստեղծուած լարուածութիւնը Դաշնակցութեան թեկնածուն բնական նկատեց: «Պէտք է լարուած ըլլար: Գաղտնիք չէ, որ կան նախագահական ընտրութիւններ: Իմ կարծիքովս, Գիւմրիի տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն այսքան կարեւորութիւն ընծայելը կապուած է նաեւ նախագահական ընտրութիւններուն հետ: Եւ ատիկա կը խանգարէ իրականութեան մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ մեր բնակչութեան աւելի ճիշդ մօտեցման եւ իր ընտրութիւնը աւելի ճիշդ ընելուն»:
Քաղաքապետ ընտրուելու պարագային ՀՅԴ թեկնածուն նախ եւ առաջ պիտի փոխէ «քաղաքի մթնոլորտը»: «Եթէ ատիկա չփոխուի, հաւատացէ՛ք ինծի` ինչպիսի ծրագիրներ ալ ներկայացուին, այս քաղաքին մէջ որեւէ բան պիտի չփոխուի: Եթէ մթնոլորտը չփոխուի, ես վստահ կրնամ ըսել, որ չըլլար անձ մը, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ մինակը այս խնդիրները լուծելու»: