Հալէպի Հայ Երիտասարդութիւնը Օգնութեան Կը Փութայ Սուրիացի Արաբ Հայրենակիցներուն

«Հալէպի լրատուական ցանց» ֆէյսպուքեան էջը կը հաղորդէ, որ հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն, հալէպահայ երիտասարդներ` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան տարբերանշանով եւ Սուրիոյ դրօշով շապիկներով, սնունդ կը բաժնեն Հալէպի վերջին դէպքերէն տուժած արաբներուն, ինչպէս նաեւ` աւելի կանուխ կազմակերպած էին փողոցներու մաքրութեան աշխատանքներ:

Փողոցներուն մէջ ձգուած աղբը եւ աղբահաւաքներու բացակայութիւնը, իրենց կարգին, մտավախութիւն յառաջացուցած էր, որ կրնան հիւանդութիւններ տարածուիլ:

Կը շարունակուին կրակահերթեր լսուիլ ժամանակ առ ժամանակ` տարբեր ուղղութիւններով:

Մարդիկ կը վարանին բանալ իրենց խանութները:

Երէկ կանուխ առաւօտէն Հալէպի բնակչութիւնը գգուշաւոր է եւ հայեացքը երկինք ուղղած` փորձելով որսալ հրազէնի շարունակական ձայներու աղբիւրը:

Քաղաքին մէջ բաւարար սնունդ կայ, սակայն գիները համեմատաբար աճած են: Հաց կայ եւս, սակայն հերթեր կը գոյանան փուռերուն մօտ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )