«Ազրպէյճան Յոյսով Է, Որ Ֆրանսա Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Համար Իր Առաւելագոյնը Ընէ» Կ՛ըսէ Մամետեարով
Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան ընթացքին երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ եւ քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:
Անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն` ան յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսա ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար իր առաւելագոյնը ընէ:
Մամետեարով Ֆապիւսի փոխանցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նամակը` ուղղուած Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի: Մամետեարով Ֆապիւսը Ազրպէյճան հրաւիրած է:
CATEGORIES Հայկական

