50 Տարի Առաջ ( 2 Օգոստոս 1962 )

Խմբագրական

Հայ Մշակոյթի
Զոյգ Կեդրոնները

Քանի մը շաբաթ առաջ հրատարակեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքին եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին տարեկան տեղեկագրերը, որոնք կարդացուած էին սփիւռքահայ երկու կարեւորագոյն հաստատութեանց ամավերջի հանդէսներուն ընթացքին:

Անթիլիասի դպրեվանքը եւ Պէյրութի Ճեմարանը, մէկը կրօնական, միւսը` աշխարհական հաստատութիւն, իրենց տեղեկագրերուն մէջ հասարակաց հիմնական գծով մը կը ներկայանային հանրութեան` իբրեւ հայկական մշակոյթի զոյգ օճախներ, որոնք կոչուած են նախախնամական դեր կատարելու գաղթաշխարհի տարածքին վրայ ցրուած հայութեան հոգեմտաւոր կեանքին մէջ:

Դատելով երկար տարիներու արդիւնքէն` կրնանք ուրախութեամբ հաստատել, որ երկու հաստատութիւններն ալ ոչ միայն ցարդ արդարացուցած են իրենց վրայ դրուած յոյսերը, այլ տարուէ տարի նոր հորիզոններ կը բանան իրենց կրթական գործունէութեան առջեւ, կը կոչուին նոր դերերու եւ առաքելութիւններու, որոնք գերազանցապէս կը համապատասխանեն մեր իրականութեան հրամայական պահանջներուն եւ հայ կեանքի առաջադրութեանց:

Կիլիկիոյ դպրեվանքը, իր աւելի քան երեսնամեայ արդիւնաւոր գործունէութեամբ, մասնաւորաբար 1956-էն ի վեր, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահին վրայ բազմեցաւ Զարեհ Ա. կաթողիկոս, տենդագին աշխատանքի լծուած է գոհացում տալու համար թեմերու եկեղեցական կարիքներուն` զանոնք երիտասարդ, կորովի, լուսամիտ եւ կարող եկեղեցականներով օժտելու նախանձախնդրութեամբ:

Թիւերու չոր լեզուն ամէնէն պերճախօս վկայութիւնն է, որ կը տրուի Անթիլիասի դպրեվանքին համար, ինչպէս կը շեշտէ դպրեվանքի արժանաւոր տեսուչը` հայր Գարեգին Սարգիսեան: Արդարեւ, 1930-1956, ամբողջ 26 տարի, դպրեվանքը  տուած է միայն 18 կուսակրօն հոգեւորականներ, մինչ վերջին 6 տարիներու ընթացքին, 1956-1962, 17 երիտասարդներ վարդապետական օծում ստացած են:

Կը կարծենք, թէ վերի բաղդատականը, որ դպրեվանքի երջանկայիշատակ հիմնադիրներուն եւ առաջին տեսուչներուն գործը նսեմացնելու որեւէ միտում չունի, ընթերցողին, ինչպէս մեզի առիթ կու տայ գնահատելու այն աշխատանքը, որ վերջին վեց տարիներու ընթացքին տարուած է Անթիլիասի մէջ` յօգուտ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պայծառացման:

Վստահ ենք, որ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին դպրեվանքը պիտի շարունակէ նոյն թափով` աւելի եւս ընդարձակելով իր գործունէութեան դաշտը, ի վերջոյ դառնալու համար հանուր հայութեան լոյսի կեդրոնը, քանի որ հասկնալի պատճառներով, բացի Երուսաղէմէն, անցեալի դարաւոր պատմութեան տէր ժառանգաւորաց վարժարանները սահմանափակ գործունէութիւն մը ունին:

Յարաճուն վերելքի եւ գնահատելի գործունէութեան նոյն ճամբուն վրայ կը գտնուի նաեւ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, որ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ պիտի հաստատէ հայագիտական կեդրոն մը:

Հայագիտական կեդրոնին նպատակն է, իր երկամեայ դասընթացքով, պատրաստել հայ մտաւորականներ, մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մէջ գործելու կոչուած հանրային գործիչներ, որոնք Ճեմարանի գերազանցապէս հայաշունչ մթնոլորտին մէջ պիտի հմտանան հայ գրականութեան պատմութեան, մատենագրութեան, հայոց լեզուին (աշխարհաբար եւ գրաբար), անոր պատմութեան, հայոց պատմութեան, հոգեբանութեան, մանկավարժութեան, փիլիսոփայութեան պատմութեան եւ այլն: Մէկ խօսքով, պիտի կոչուին լեցնելու բացը, որ գոյացած է մեր հանրային կեանքին մէջ, մտաւորական ուժերու տերեւաթափով:

Իր այս ծրագրով Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանը, որ նիւթապէս ապահովուած է հայ ժողովուրդի անվերապահ եւ յարատեւ օժանդակութեամբ, ընթացք տուած պիտի ըլլայ իր իսկական կոչումին` պատրաստել հայաշունչ մտաւորականներ, որոնք սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ վառ պիտի պահեն հայ մշակոյթին ջահը:

Կ՛ողջունենք Ճեմարանի այս մեծ ձեռնարկը եւ կատարեալ յաջողութեան մեր մաղթանքներուն կը միացնենք հայութեան անվերապահ աջակցութեան հաւաստիքը, այն վստահութեամբ, որ մեր լուսածարաւ ժողովուրդը պիտի դառնայ ըստ արժանւոյն գնահատել իր դարաւոր մշակոյթին մշտնջենաւորման ձգտող բոլոր դրական քայլերը:

 

Share this Article
CATEGORIES