Առողջապահական. Առողջ, Ուրախ Եւ Երկար Ապրելու Համար

Ի՞նչ կ՛ընեն ճափոնցիք այդքան երկար ապրելու համար, կամ զուիցերիացիք` նիհար մնալու եւ իտալացիք` առոյգ զգալու համար…

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իրեն յատուկ սովորութիւններ` առողջ, ուրախ եւ երկար ապրելու համար: Եկէք` ծանօթանանք անոնցմէ մէկ քանիին:

ՃԱՓՈՆ
Ճափոնցիք կանաչ թէյ եւ սոյա շատ կը սպառեն: Ասոնք չափազանց հարուստ են ֆլաւոնոյիտներով, որոնք ունին անթիոքսիտան յատկութիւններ:

Հետեւաբար կանաչ թէյն ու սոյան կը պայքարին բջիջներու ծերացումին եւ կարգ մը քաղցկեղներու դէմ, կը պաշտպանեն մեր յօդերը արթրոզ կոչուած հիւանդութենէն եւ կը պակսեցնեն գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը:

Ճափոնցիք միջին հաշուով կ՛ապրին 82,6 տարի:

Կը թելադրուի օրական մէկ ժում սոյայով պատրաստուած կերակուր մը ուտել եւ կամ 5 գաւաթ կանաչ թէյ խմել, նախընտրաբար` առանց շաքարի:

ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ
Զուիցերիացիք իրենց բարեձեւութիւնը պահելու համար կը քալեն կամ հեծիկ կը քշեն:

Այսպէս, անոնք իրենց տեղափոխութիւններուն 30 առ հարիւրը կը կատարեն քալելով, 10 առ հարիւրը` հեծիկով:

Քալելը կը կայունացնէ ծանրութիւնը եւ կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու, շաքարախտի եւ քոլեսթերոլի հաւանականութիւնը:

Կը թելադրուի օրական առնուազն կէս ժամ քալել:

ԻՆՏՈՆԵԶԻԱ
Որպէսզի իրենց հոգեկան ընկճուածութիւնը մեղմացնեն, ինտոնեզիացիք կը դիմեն մարձումներուն:

Շնորհիւ այս մարձումներուն` ինտոնեզիացիք ոչ միայն կը ձերբազատին հոգեկան ճնշումներէ եւ ջղագրգիռ վիճակէ, այլ նաեւ կը բարելաւեն իրենց արեան շրջագայութիւնը:

ՆՈՐՎԵԿԻԱ
Նորվեկիացիները իրենց տրամադրութիւնը բարձր կը պահեն` շնորհիւ ձկնեղէններուն: Անոնք առատօրէն իւղոտ ձուկ (թոն, սոմոն…) կը սպառեն, եւ շնորհիւ այդ ձուկերուն պարունակած օմեկա 3-ին` կը մնան առողջ եւ զինուած` բարձր տրամադրութեամբ:

Միջին հաշուով իւրաքանչիւր նորվեկիացի տարեկան 100 քիլօ ձուկ կը սպառէ: Արեւէ եւ լոյսէ զրկուած այս ժողովուրդը հոգեկան խանգարումներու դէմ կը պայքարի շնորհիւ օմեկա 3-ին: Այսպէս, նորվեկիացիներուն 50 առ հարիւրը պաշտպանուած է եղանակային հոգեկան անկումէն, որ կը սպառնայ ձմրան եղանակին:

ԻՏԱԼԻԱ
Իտալիոյ մէջ հաստատութիւններն ու խանութներուն մեծամասնութիւնը կը փակուին ժամը 12:30-15:30: Այս դադարը առիթ կու տայ շատերուն, որ թեթեւ մրափ մը առնեն եւ օրուան երկրորդ կէսը սկսին առոյգ եւ կայտառ ձեւով: Պառկիլ կամ քնանալ, հոգ չէ թէ` քառորդ ժամ, կ՛օգնէ, որ խնդրոյ առարկայ անձը նոր ուժ հաւաքէ եւ իր գործերուն ձեռնարկէ հանգստացած եւ լաւ տրամադրութեան մէջ:

ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Գերմանացիները լաւ լողորդներ են: Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ այս ձեւի մարզանքը զիրենք կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն եւ շաքարախտէն:

Լողը նաեւ կ՛օգնէ յօդերու ճկունութեան եւ կը պաշտպանէ արթրոզ կոչուած հիւանդութենէն:

Ահա թէ ինչո՛ւ գերմանացիները շատ կը լողան:

ՊՈԼԻՎԻԱ
Պոլիվիացիք օրական քոքայի տերեւ կը ծամեն: Այս բոյսը կ՛աշխուժացնէ շնչառական դրութիւնը եւ կ՛օգնէ, որ խնդրոյ առարկայ անձը ըլլայ դիմացկուն եւ տոկայ ծանր աշխատանքներուն եւ, վերջապէս, կը դարմանէ աղիքային խանգարումներն ու ձայնային լարերու տկարութիւնը եւ կը մեղմացնէ ճամբորդութեան ընթացքին յառաջացած անհանգստութիւնները, ինչպէս` գլխու պտոյտն ու սիրտխառնուքը

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Susanna 8 years

    hrashali xorurdner eq talis,ete karoxananq drancic mi qannisy irakanacnenq,hastat
    menq el aroxj klinenq,shnoehakalutyun xorurdneri hamar.

  • Disqus ( )