ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Զ. Կարգի Վկայականաց Բաշխման Հանդէս

Յունիս 24-ին տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ Պօղոս Կարմիրեան վարժարանի նախակրթարանի հանդէսը:

Վարագոյրը կը բացուի ու բեմի խորքէն հայկական բնութեան բնորոշ պղնձագոյն ժայռերն ու հայոց գողտրիկ վանք մը կը միանան սրահին:

Հնչող երաժշտութեան հետ աջ ու ձախ քուլիսներէն  կարծէք սահելով բեմ կը մտնեն օրուան հերոսները ու այնքան թեթեւ, աշխուժ եւ թատերային ոճով կը ներկայացնեն արաբական «Ուրախ լուացք» պարը:

Պարէն անմիջապէս ետք դաշնամուրի մօտ է Սինթիա Անթոսեանը, որ Պեթհովենի «Ռոնտօ»-ներէն մէկը կը նուագէ:

Այնուհետեւ կարմիր տարազներով երկու աղջնակներ հսկայածաւալ գիրք մը կը հանգչեցնեն բեմի աջին զետեղուած նկարակալին վրայ… Գիրքին կազմին վրայ որոշապէս կը կարդանք` ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ: Հանդիսատեսը անմիջապէս կ՛ընկալէ գիրքին խորհրդանշական իմաստը:

Զուարթ ու սիրուն` շրջանաւարտները կը խմբերգեն`  լոյսի տաճար, մտքի երազ,  «Ձօն գիրքին» երգը, որուն կը յաջորդէ Սարին Առաքելի կողմէ դաշնամուրի վրայ Ռ. Շումանի  «Վայրագ ձիաւորը» երկին կատարումը:

Օրուան յայտնութիւնը ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ գիրքին մէջ «հաւաքուած» էջերուն թատերականացումն էր: Առաջինը Վահագնի ծնունդն էր:

Մեր պատմահօր մեզի փոխանցած այս գոհարը հնչեց ախորժալուր գրաբարով, իսկ նոյն միջոցին դիւցազուն Վահագնը բեմի վրայ նոր «ծնունդ առաւ» ու նոր կեանքի կոչուեցաւ ստուերախաղով…

Հայոց պատմութեան ներկայացուած յաջորդ դրուագը Արտաշէսի ու Սաթենիկի նշանաւոր առասպելն էր:

Մինչ յաջորդ պատկերի պատրաստումը` Մեղրի Տագեսեանը սրինգով հնչեցուց տասնեօթներորդ դարու ֆրանսացի երաժիշտ Ն. Շետըվիլի սոնաթներէն մին:

Բեմի խորքի պղնձագոյն ժայռերուն փոխարինելու եկաւ Մշոյ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մուտքի դուռը, իսկ հայոց պատմութեան գիրքէն հանդիսատեսին այցի եկաւ մեր ազգային հաւաքական, հերոսական կերպարը` Սասունցի Դաւիթ…

Բեմի վրայ Նարեկ Տեմիրճեան (Սասունցի Դաւիթը) իր դերին թելադրանքով սուրը վար կ՛առնէ ու առաջին զարկը Մսրայ Մելիքի մօրը կը բաշխէ: Երկրորդ զարկը Մսրայ Մելիքի քրոջը կը զիջի:

Սասունցի Դաւիթի կերպարը իր առասպելական հեռուէն այն իրա՛ւ հայկական կերպարն է, որ ուժ ու հաւատքով կրնայ զինել այսօրուան մեր պատանի սերունդը:

Եւ վերջապէս, հայոց պատմութեան «գիրքին» վերջին կեանքի կոչուած դրուագը տասներեքերորդ դարուն գրուած մեր ամենամեծ մագաղաթի` Մշոյ ճառընտիրի ոդիսականն էր…

Սրահը թնդաց ծափահարութիւններով, երեխաները ուրախ էին, ծնողք եւ ուսուցիչ` հպարտ իրենց զաւակներով:

Կարգը վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալէօզեանինն էր, որ ուրախ էր իր սաներով եւ գոհունակութեամբ նշեց յաջորդ ուսումնական տարուան նորութիւնը` եօթներորդ դասարանի վերաբացման լուրը` աւելցնելով, որ դպրոցը պատրաստ է տարուէ տարի դասարան մը վերաբանալ եւ այդպիսով իր սաները Կարմիրեանէն ուղղել բարձրագոյն ուսման:  Բարի նպատակը թող իրականութիւն դառնայ եւ Կարմիրեանը թող իր փառքի հին օրերը վերապրի կրկին:

Վերջապէս դահլիճը ողողուեցաւ այս օրերուն ամէնուրեք հնչող Վերտիի երաժշտութեան ծանօթ հնչիւններով եւ բոլորը ծափահարութիւններով ոտքի ելան դիմաւորելու իրենց սիրասուն շրջանաւարտները, որոնց կապոյտ ու երկար տարազներն ու  ծոպաւոր գլխարկները ձեւով մը հանդէսին բուն դրդապատճառը շեշտեցին:

Երեխաները դեռ ըսելիք ունէին եւ այդ ըսելիքը իրագործեցին Ազնաւուրի միջնորդութեամբ: Հնչեց «Փուր թուա Արմենի» երգը, որուն վերջին` «Հայաստան» անունը, առանձնակի հպարտութեամբ երկարեցաւ ու տարածուեցաւ սրահի տարածքէն շատ անդին®:

Չորս լեզուներով ուղերձներ հնչեցուցին համապատասխանաբար  Լիանա Պարսումեանը, Մեղրի Տագեսեանը, Սինթիա Անթոսեանը եւ Էմէլիա Մելքիսեթեանը:

Վկայականներու տուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ կրթական յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Լիպարիտեանի, Լիզա Թելվիզեանի, Մարալ Պալէօզեանի եւ ՀԲԸՄ վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանի հանդիսապետութեամբ, այնուհետեւ բեմը հուսկ բանքի համար տրամադրուեցաւ Կարմիրեանի հին շրջանաւարտներէն` ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի (Լոս Անճելըս)  հայերէնի բաժանմունքի վարիչ Հրաչ Սեփեթճեանին:

Հ. Սեփեթճեանին խօսքը անմիջական, անսեթեւեթ ու պարզ էր: Ան յուզումով ու երախտագիտութեամբ յիշեց իր ուսուցիչները, դասընկերները եւ իր շնորհակալական ու շնորհաւորական  խօսքը ուղղեց կրթօճախի բոլոր աշխատակիցներուն անխտիր:

Ա.-Զ. կարգերու աշակետներուն բաժնուած բազմաբնոյթ մրցանակներուն եւ պատուոյ յիշատակութեանց աւարտին` շրջանաւարտները վերջին անգամ ըլլալով իրենց ձեռքը վերցուցին հանդէսին ղեկը եւ որպէս ամփոփիչ հնչեակ` սրահը լեցուեցաւ «Գարնանային քայլերգ»-ի ջերմութեամբ: Երգ, շարժում, ժպիտ, անկեղծ հրճուանք ու ինքնավստահութիւն, հրավառութիւն, շնորհաւորանքներ եւ այս բոլորը՝  թէ՛ բեմին վրայ ու թէ՛ բեմէն վար:

Զ. դասարանի շրջանաւարտներն են`

Անթոսեան Սինթիա, Առաքել Սարին, Պարսումեան Լիանա, Տագեսեան Մեղրի, Տեմիրճեան Ճենիֆր, Տեմիրճեան Նարեկ, Կիւլվանէսեան Մարկրիթա, Քիւրտեան Կասիա, Մելքիսեթեան Էմէլիա, Միթիլեան   Սէրլի եւ Եսայեան Սինթիա:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )