Գաղութէ-Գաղութ

Սուրիա

«Կանթեղ» Մանկապատանեկան
Երգչախումբը` Խաղաղութեան Փարոս

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբը վերստին կեանքի կոչուելով` ելոյթ ունեցաւ 10 յուլիսին, «Սարդարապատ» սրահին մէջ, ղեկավարութեամբ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յարութիւն Ալապօզանեանի:

Բացման խօսքը հայերէնով արտասանեց  Վարդինէ Դանիէլեան, իսկ արաբերէնով` Նայիրի Նազարեան: Անոնք անդրադարձան հայութեան ապրած ազգային զարթօնքին, մանաւանդ` վերջին դարերու ընթացքին, որուն գլխաւոր արտայայտիչները հանդիսացան մեր հարուստ գրականութիւնը եւ ազգային հայրենասիրական ու ժողովրդական երգերու ստեղծումը:

Այնուհետեւ, 52 փոքրիկներ ներկայացուցին երգերու փունջ մը:

Օրուան բեմավար Յասմիկ Քորթմոսեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց,  որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Աւարտին Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի ատենապետ Քերոբ Աբէլեան յուշանուէրով մը գնահատեց խմբավար Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը անոր  տարած տքնաջան, անխոնջ եւ նուիրական աշխատանքին համար:

Շահան եպս. Սարգիսեան իր սրտի խօսքին մէջ շնորհաւորեց ելոյթը եւ յոյժ գնահատեց անոր մատուցումը: Ան վեր առաւ փոքրիկներուն աշխուժ եւ խանդավառ երգեցողութիւնը, որոնք արտայայտութիւնն են հայու կամքին եւ անոր կապուածութեանը` հայրենի հողին, Սուրիոյ եւ Քեսապին:

Ան նաեւ գնահատեց Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին աշխատանքը, որուն շնորհիւ եւ յանձնառութեամբ, իր եկեղեցական գործերուն կողքին, կարողացաւ յաջողցնել այսպիսի ելոյթ մը, որ հպարտութիւն, շքանշան եւ պատիւ կը բերէ ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս` Բերիոյ հայոց թեմին:

 

Թեհրան

Գարուշ Հարեանցի «Պապն Ու Թոռները»
Գիրքի
Գինեձօն

Նախաձեռնութեամբ «Միջնաբերդ» մշակութային միութեան, 5 յուլիսին «Լունա» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ  բանաստեղծ, բեմադրիչ, թատերգակ, բազմասեռ գրող Գարուշ Հարեանցի «ՊԱՊՆ ՈՒ ԹՈՌՆԵՐԸ» նոր ժողովածուի շնորհահանդէս-գինեձօնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ թատերասրահի տնօրէն, դերասանուհի-բանաստեղծուհի Գայեանէ Շախեան, որ գիրքէն կարդաց «Մարդն ու դրամը» առակը: Օրուան հանդիսավարն էր Գարուշ Հարեանց: Գլխաւոր բանախօսն էր բանաստեղծուհի Անահիտ Երեմեան:

Խօսք առին կարգ մը մտաւորականներ, որոնք վեր առին հեղինակին վաստակը եւ գրական գործունէութիւնը:

 

Ատրպատական

Խանասորայ Արշաւանքի Նահատակներու
Յիշատակի
Ձեռնարկ

Նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեանի, 25 յուլիսին Թաւրիզի մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նուիրուած Խանասորի արշաւանքի ընթացքին զոհուած ֆետայիներու յիշատակին, օրհնուեցաւ յիշատակը յաղթական բոլոր հերոսներուն, որոնք ազատագրական պայքարի ոգիով թրծեցին իրենց յաջորդող սերունդները:

Նոյն օրը առաջնորդը այցելեց նաեւ Սալմաստի Մահլամ գիւղին գերեզմանատունը, ուր թաղուած են 1898-ին գլխատուած 9 հայ ֆետայի նահատակները: Հայ հերոսներուն շիրիմներուն առջեւ խոնարհած` առաջնորդը կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն:

 

Կիպրոս

Կիպրահայ Գեղանկարիչներու Եւ
Լուսանկարիչներու
Ցուցահանդէսը

Նախաձեռնութեամբ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Կիպրոսի նախագահութեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս, 16 յուլիսին Նիկոսիոյ Կաստելիոտիսա պատմական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիպրահայ գեղանկարիչներու եւ լուսանկարիչներու ցուցահանդէսի բացում:

Բացումը կատարեց հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիստոֆիաս, որ իր խօսքին մէջ ողջունեց ցուցահանդէսի նախաձեռնութիւնը եւ դրուատեց կիպրահայութեան հարուստ ներդրումը` Կիպրոսի մշակութային եւ տնտեսական կեանքին մէջ:

Ան շեշտեց, թէ կառավարութիւնը կ՛աշխատի կիպրական հարցի արդար լուծումին համար,  որպէսզի Կիպրոսը դառնայ խաղաղութեան եւ բարօրութեան երկիր:

Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Կարպիս Պզտիկեան, Սօսէ Էսկիճեան-Նիկոլայիտիս, Թաթիանա Ֆերահեան, Ճոն Կեւհերեան, Սեւան Մալիքեան, Ազնիւ Փափազեան, Նանոր Թաշճեան, Վարդան Թաշճեան, Հուրիկ Թորոսեան, Ճորճ Տէր Բարթող, Վերոնիքա Մահտեսեան, Հայկազ Մանկոյեան, Էդուարդ Ոսկերիչեան, Սեպուհ Ոսկերիչեան եւ Կիրակոս Զարդարեան:

 

Լոնտոն

Ատոմ Էկոյեանի Արուեստի Ներկայացում

21 յունիսին տեղի ունեցաւ բացումը «Լոնտոն-2012» շարժապատկերի փառատօնին, որ կը ներառէ արուեստի բոլոր տեսակները` երգ,  երաժշտութիւն, ժապաւէն եւ թատրոն,  ճարտարապետութիւն, նորաձեւութիւն եւ արուեստ:

Մշակութային իրադարձութիւններ տեղի պիտի ունենան նաեւ  Լոնտոնի եւ այլ բնակավայրերու մէջ: Մասնաւորապէս Պեքեթի միջազգային փառատօնը` Էննիսքիլենի մէջ (Հիւսիսային Իրլանտա) տեղի պիտի ունենայ 11-27 օգոստոսին, ուր պիտի ներկայացուի հայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Սթինպեքեթ»-ը, ուր ան իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ անգլիացի թատերագիր Սամուէլ Պեքեթի:

 

Միացեալ Նահանգներ

Սիրուն Երէցեանի Նկարչական Գործերու
Ցուցահանդէսը

Կազմակերպութեամբ ԹՄ Միութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան, Հայոց առաջնորդարանի Պըրպենքի համալիրի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրուն Երէցեանի նկարչական գործերու նորագոյն հաւաքածոյին ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց նկարչուհիին որդին` Առնօ Երէցեան, որ ներկայացուց արուեստագիտուհին, անոր ոճն ու նկարելու իւրայատուկ ձեւը, մտահոգութիւններուն եւ ուրախութիւններուն ազդեցութիւնը` անոր գոյներուն եւ գիծերուն վրայ:

Լոս Անճելըսի Նահանգային համալսարանի դասախօս տոքթ. Արփի Սարաֆեան ներկայացուց նկարչուհիին գործերու նոր հրատարակուած հաւաքածոն, որ կը բաղկանայ 200  էջերէ: Ան շեշտեց Սիրունին հետեւողական եւ դրական ծրագրումն ու որդեգրած իւրայատուկ աշխատանքի ոճը` որպէս բազմաբեղուն արուեստագէտի:

Սիրունի երկար տարիներու գործակից Հերրի Մեսրոպեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ անոր կտրած ճանապարհի իրագործումներուն` արուեստի եւ նկարչութեան ասպարէզէն ներս: Մեսրոպեան յիշելէ ետք Սիրունին առնչութիւնը Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդի իր հօր եւ մօր հետ, Սիրունի արուեստը նկատեց յոյսի արուեստ: Մեսրոպեան մասնաւոր գնահատանքով անդրադարձաւ Երէցեանի իւրայատուկ ոճի հայկական մանրանկարչութեամբ ներկայացուող հայերէն այբուբենի 12 տարբեր տեսակի ստեղծագործութիւնները, որոնք սփիւռքի մէջ ամէնէն տարածուած գործերէն են: Երէցեան ոչ միայն հայերէնի, այլեւ արաբերէնի, եբրայերէնի եւ յունարէնի իւրայատուկ ոճերով գծուած տառատեսակներու շնորհալի ստեղծողն է:

Յայտագիրի աւարտին հանդիսավարը  կարդաց արուեստագիտուհիին շնորհակալական խօսքը:

Եզրափակիչ բաժնով թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն:

Կարպիս Թիթիզեան Իբրեւ Արտադրող Կը Միանայ
Բեմադրիչ
Սեւատային` «Տը Ճենեքս»-Ի Գործին Մէջ

Բեմադրիչ Սեւատա, բեմագիր-արտադրող Ալըն Քեց եւ արտադրող Կարպիս Թիթիզեան վերջերս յայտարարեցին, որ «Տը Ճենեքս» շարժապատկերի նախաարտադրական աշխատանքները պիտի սկսին 2013-ին:

«Տը Ճենեքս»-ը  ամերիկեան «էքշըն-թրիլըր» տեսակի ժապաւէն մը պիտի ըլլայ, որ Սելլի Սոլոմոնի պատմութիւնն է: Սելլի գեղեցիկ եւ խելացի երիտասարդ կին մըն է, որ իր կեանքը անցուցած է փախչելով ընտանիքէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան հետ անոր իւրայատուկ կապուածութենէն: Երբ Սելլիի հայրը կը սպաննուի միջազգային առեւտրական ընկերութեան մը կողմէ` Ցեղասպանութեան հետ անոր ունեցած կապը գաղտնի պահելու միտումով, Սելլի ստիպուած կ՛ըլլայ դէմ յանդիման գտնուելու այդ անցեալին հետ եւ իր կարգին` դառնալու բազմաթիւ զոհերէն մէկը: Սելլի հետագային պիտի անդրադառնայ, որ ոչ ոք կրնայ խուսափիլ պատմութենէն, այլ պէտք է դիմագրաւէ զայն:

2013-ին սոյն ժապաւէնի իրականացման նպատակով յայտնի դերասաններու ընտրութիւնը պիտի կատարուի: Ինչպէս պատմութիւնը, նաեւ նկարահանումները հաւանաբար տեղի ունենան Նիւ Եորքի, Ֆրեզնոյի եւ Երեւանի մէջ:

Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան 115-Ամեակ

Յուլիս 5-ին Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան հերթական գրական երեկոն` նուիրուած հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115-ամեակին:

Օրուան հանդիսավարն էր միութեան նախագահ, բանաստեղծ Շահէ Քէօրօղլեան, որ վերյիշեց այն ազդեցութիւնը, զոր Չարենց տարիներ առաջ գործած է իր անձին եւ իր հասակակիցներուն վրայ:

Բանաստեղծ Գէորգ Քիրստինեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ  Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործական սխրանքին:

Բանաստեղծներ Ագնէս Գէորգեան, Եսթեր Դաւիթեան, Արաքս Նաւասարդեան, Արմէն Պօղոսեան, Գրիշ Դաւթեան, արձակագիր Ռուբէն Քէշիշեան, փիլիսոփայ Նիքոլայ Թադեւոսեան եւ պատմաբան Արծրուն Ալեքսանեան հանդէս եկան չարենցեան ընթերցումներով եւ կարճ ելոյթներով:

Հիւրաբար Լոս Անճելըս գտնուող Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Յակոբեան խօսք առնելով`  յայտնեց, թէ «Մարմարա»-ի խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեան իր անհամար գործերու կարգին հրատարակած է անմահանուն գրողներու մասին տասը հատորներէ բաղկացած «Պտոյտ մը հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ» շարքը, ուրկէ ինք կարդացած է Չարենցին յատկացուած բաժինէն «Չարենցի երկու սէրերը» խորագրեալ հետաքրքրական բաժինը:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Շնորհաւորական Երեկոյ` Ի Պատիւ
Առաջնորդ
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի

13 յուլիսին Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հինգերորդ առաջնորդական ընտրութեան առթիւ սարքուած մեծարանքի ճաշկերոյթ-հանդիսութիւն:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան շնորհաւորելով սրբազան հօր վերընտրութիւնը` մաղթեց, որ ան մնայ միշտ առողջ, որպէսզի միշտ պայծառ միտքով շարունակէ իր գործը, ինչպէս որ տարած է նախորդ 16 տարիներու ընթացքին:

Շնորհաւորական ու յաջողութեան մաղթանքներով ելոյթ ունեցաւ նաեւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան` շնորհաւորելով Մուշեղ սրբազանին առաջնորդական վերընտրութիւնը, եւ մաղթեց անոր քաջառողջութիւն, առաւել կորով եւ համբերութիւն, որպէսզի իր աստուածատուր իմաստութեամբ առաջնորդէ այս թեմը յաջողութենէ յաջողութիւն:

ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններուն եւ շրջանին մէջ գործող յարակից կազմակերպութիւններուն անունով խօսք առաւ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Հրայր Սարգիսեան, որ գնահատեց սրբազանին գործունէութիւնը, որ միշտ  ընդառաջած է Արեւմտեան թեմի գաղութներու կարիքներուն` ստանձնելով ազգային ու կրթական գործունէութեան մարզերը եւս, եւ հմտութեամբ իրականացուցած է մասնաւորապէս թեմի աշխատանքները:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ անդրադարձաւ իր հոգեւոր կեանքի հանգրուաններուն եւ շեշտը դրաւ հայկական վարժարաններուն ունեցած առաքելութեան վրայ:

 

Պրազիլ

Եղեռնի Մասին Ներկայացում

23  հոկտեմբերին Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եղեռնի մասին պատմող «1915»-ի ներկայացման անդրանիկ ելոյթը` բեմադրութեամբ Ռոժերօ Ռիզարտի:

Հեղինակ Արթիւր Հարոյեան յայտնեց, թէ  պրազիլական բեմերուն վրայ ցարդ չէր բեմադրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին ներկայացում:

Ներկայացման մաս կը կազմեն պրազիլցի յայտնի դերասաններ: Պիտի հնչեն Կոմիտասի անուան լարային քառեակի, Ինկա եւ Անուշ Արշակեաններու եւ Ցինօ Վիշնեւսկիի կատարումները:

 Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )