Փսխել Եւ Նողկալ

Պատրաստեց ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ստամոքսին մէջ գտնուող սննդանիւթերու եւ ստամոքսին արտադրած հեղուկներու ուժգին թափով բերանէն արտահանումը, որ կը պատահի ստամոքսի կծկումներով, կը կոչուի փսխել, իսկ փսխումի պարունակութիւնը կը կոչուի փսխունք:

Փսխունքը կրնայ պարունակել` կլլուած եւ չմարսուած սննդանիւթեր եւ հեղուկներ, ստամոքսի հեղուկային արտադրութիւններ,  ինչպէս նաեւ` արիւն:

Փսխելու գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ փորի մկաններու ակամայ պրկումներով եւ որկորի վերջաւորութեան ու ստամոքսի սկզբնաւորութեան գտնուող մկաններու ակամայ թուլացումով: Այս մկաններու  պրկումները եւ թուլացումները կը հակակշռուին ուղեղի փսխելու կեդրոնով:

Նողկանքը կամ սիրտխառնուքը փսխելու անհաճոյ զգացումն է: Իսկ փսխելու անհաճոյ իրավիճակին դրսեւորումը կը կոչենք նողկալ: Նողկանքը այն զգացումն է, որ ստամոքսը կ՛ուզէ ինքզինք պարպել:

Փսխունքը կ՛արտահանուի ընդհանրապէս նողկանքէն ետք կամ անոր հետ միասին:

Որկորաստամոքսային յետադարձութիւնը զատորոշուելու է փսխելէն: Յետադարձութեան պարագային ստամոքսի պարունակութենէն մաս մը կամաց-կամաց կ՛ուղղուի դէպի որկոր ու կը հասնի ըմբան եւ բերան: Անիկա կը պատահի առանց նողկանքի եւ առանց փորի մկաններու պրկումին:

Փսխել եւ նողկանք կը պատահին զանազան պատճառներով եւ որպէս հակադարձութիւն կամ հակազդեցութիւն` որոշ գրգռիչ ազդակներու: Այս ազդակները կը գրգռեն ուղեղի փսխելու կեդրոնը, որ անմիջապէս կը հրահանգէ փորի, որկորի եւ ստամոքսի մկաններուն, որպէսզի հակադարձեն գրգիռներուն եւ յառաջացնեն նողկանք եւ փսխել:

Հետեւաբար նողկանք եւ փսխել հիւանդութիւններ չեն, այլ որոշ հիւանդութիւններու ախտանշաններ են:

Փսխել եւ նողկալ կը յառաջանան հետեւեալ հիւանդագին իրավիճակներով.

Ա. Ստամոքսա-աղիքային հիւանդութիւններ.

1.- Ստամոքսի ցպկային կամ ժահրային սուր բորբոքումներ, որոնց կ՛ուղեկցին նաեւ փորի ցաւ եւ ջերմ:
2.- Ստամոքսի եւ տասներկումատնեայի  խոց եւ լաւորակ կամ վատորակ ուռեր:
3.- Տասներկումատնեայի խցում:
4.- Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն:
5.- Մեծ քանակութեամբ ալքոլի եւ ոգելից ըմպելիներու սպառում:
6.- Որոշ դեղերու գործածութիւն:
7.- Կերակուրներու պարունակած մանրէներէ թունաւորում:
8.- Նեխած կերակուրներէ թունաւորում:
9.- Գիտակցաբար եւ կամ անգիտակցաբար թունաւոր նիւթերու կլլում:
10.- Զանազան պատճառներով բարակ աղիքներու խցում, որ կը յառաջացնէ նաեւ փորի ուռուածութիւն:
11.- Բարակ աղիքներու բորբոքում, ծոց եւ ծոցաբորբ:

Բ. Արտաստամոքսա-աղիքային հիւանդութիւններ.

1.- Լեղուցի բորբոքում եւ քարեր, որոնց հետ միասին տեղի կ՛ունենայ ջերմ, դեղնութիւն եւ ցաւ:
2.- Յղութիւն, մասնաւորապէս` յղութեան առաջին երեք ամիսներուն:
3.- Մարմնական զանազան տեսակի բորբոքումներ:
4.- Շողարձակումի ենթակայութիւն:
5.- Խլիրդի դեղադարմանում եւ Ք ճառագայթային դարմանում:
6.- Յառաջացած շաքարախտ:
7.- Մարմնական զանազան տեսակի խլիրդներ:
8.- Ուղեղային գերճնշում, քաղցկեղ եւ հարուած:
9.- Ուղեղատապ եւ ուղեղապատի բորբոքում:
Վերոյիշեալ երկու պարագաներուն ենթական  կ՛ունենայ նաեւ գլխու ցաւ, մտային խանգարում եւ տեսողական խանգարում-տկարութիւն:
10.- Գլխացաւ, անգար, գլխու հարուած:
11.- Ներքին ականջի հաւասարակշռութեան կեդրոնի գրգռութիւն, բորբոքում եւ խանգարում: Ենթական կրնայ ունենալ նաեւ ականջաբզզիւն եւ լսողութեան տկարացում:
12.- Գլխապտոյտ:
13.- Միջին ականջի ցպկային կամ ժահրային բորբոքում:
14.- Արեւահարութիւն:
15.- Երիկամի քար, երիկամաբորբ, երիկամի աւազանի բորբոքում:
16.- Թոքատապ:
17.- Սրտի կաթուած:
18.- Ընդհանուր թունաւորում, որ կը պատահի դեղերէ, քիմիական նիւթերու եւ կազերու պատճառով:
19.- Մշտաքաղցութիւն-շատակերութիւն:
20.- Ջրանուազում:

Գ. Հոգեբանական հիւանդութիւններ եւ հոգեվիճակներ, որոնց պատճառով հիւանդներ կ՛ունենան`

1.- Ակամայ նողկանք եւ փսխել: Այս երեւոյթը առաւելաբար կը տեսնուի ճնշուածութենէ եւ անձկութենէ տառապողներու մօտ:
2.- Կամաւոր փսխել, որ կ՛իրականանայ զանազան միջոցներով:

Նողկանք եւ փսխել կը պատահին որեւէ մէկ տարիքի:

Համաձայն  հիմնական պատճառներուն, անոնք կրնան ըլլալ`

1.- Սուր-անակնկալ եւ անցողակի:
2.- Երկարատեւ` մնայուն կամ ընդմիջումներով:

Սուր եւ զօրաւոր փսխելը կը յառաջացնէ ջրազրկում: Մանուկներու մօտ յառաջացած ջրազրկումը կրնայ ստեղծել մտահոգիչ կացութիւն մը:

Երկարատեւ փսխելը կը յառաջացնէ մարմնական տկարութիւն, ջրազրկում եւ կշիռքի կորուստ:

Երկարատեւ փսխող անձը ենթարկուելու է արեան, մէզի եւ փսխունքի տարրալուծարանային զանազան քննութիւններու, ինչպէս նաեւ` Ք ճառագայթային նկարահանումներու եւ ստամոքսադիտակումի, որպէսզի ախտաճանաչուի ենթակային հիմնական հիւանդութիւնը եւ ըստ այնմ կատարուի անոր դարմանումը:

Նողկանքի դարմանումը կ՛ըլլայ յատուկ հականողկանքի դեղերով:

Փսխելու դարմանումը պայմանաւորուած է անոր տարողութենէն: Անցողակիի պարագային,  հիւանդին կը խմցուի առատ հեղուկ: Երկարատեւ-մնայունի պարագային, հիւանդին կը տրուին ներերակային հեղուկներ եւ կը դարմանուի հիմնական հիւանդութիւնը:

Փսխող անձը բժիշկի խնամքին պէտք է դիմէ,  երբ ան`

1.- Փսխէ 24 ժամէ աւելի:
2.-  Ջրազրկումի նշաններ ունենայ:
3.-  Բարձր ջերմ  եւ զօրաւոր ցաւ ունենայ:
4.-  Արիւնախառն փսխունք ունենայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )