«Նոր Էջ Բանալը Նախընտրելի Է, Բայց Երբեմն Գիրք Փոխելը` Անհրաժեշտ»

ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Հանգրուանէ այլ հանգրուան անցնելու ընթացքին միշտ պարտաւոր ես կա՛մ որոշում կայացնելու, կա՛մ նոր կեանք մը սկսելու առաջադրանքով տարբեր քայլեր որոնելու ու կեանքդ այլ տեղ շարունակելու, եւ կա՛մ «ձեռքերդ լուալ»-ով ու հնամաշ զգեստներդ հանելով` ձգել միջավայրդ, անշուշտ չմոռնալով նախքան ուղեւորուիլդ «կօշիկիդ փոշին» թօթուել, որպէսզի այդ ալ հաշիւ չընեն…

«Նոր էջ մը բաց», «անցեալդ մոռցիր եւ նոր կեանք մը սկսէ՛», «մի՛ նեղուիր եւ առջեւդ նայէ» ժողովրդային համանման խրատատուութիւնները վաղ տարիներէն սկսեալ յաճախ կը լսենք մեր պապիկներէն ու մամիկներէն, ինչպէս նաեւ` մեր ծնողներէն: Շարժառիթները, պատուհասները, իրերայաջորդ դէպքերը ընդհանրապէս քեզի կը պարտադրեն ո՛չ միայն վերոբնութագրեալներուն ենթարկուելու, այլեւ` անոնց պատճառած հետեւանքները «ճաշակելու» եւ ըստ այդմ կեանքդ դասաւորելու:

Ընկերային կեանքէն սկսելով, հասնելով մինչեւ մանկապատանեկան տարիք, դերակատար անձնաւորութիւնը` տարեց, չափահաս, պարման-պարմանուհի, պատանեակ անպայմանօրէն ունի իր գանգատները, անախորժ երեւոյթներն ու դէպքերը, թշնամիները, որոնցմէ վայրկեան մը առաջ կ՛ուզէ փախուստ տալ կամ յոռեգոյն պարագային` նոյն միջավայրին մէջ չգտնուիլ: Այսպէս, դպրոցական աշակերտներ կամ համալսարանական ուսանողներ, երբ իւրաքանչիւրը ոգի ի բռին կը տքնի լաւագոյնս դրսեւորել` հասնելու համար իր նպատակին, յաճախ իր այդ յաջողակ գնացքին մէջ հակադիր բեւեռի վրայ իր նպատակները խոչընդոտող ու արգելք հանդիսացող «նախանձաբոյն» մրցակից մը կ՛ունենայ: Մրցակից մը, որ ընդհանրապէս իր ակնապիշ նայուածքով, ծանրաշունչ ներկայութեամբ եւ անհաճոյ խօսակցութեամբ կը ջանայ բովանդակազրկել տարուած աշխատանքն ու թերագնահատել անոր իրականացման ի խնդիր դրուած ամբո՛ղջ ջանքերը: Յաճախ տեսնուած են նոյնիսկ ուսուցիչներ ինչպիսի՜ խաւարածին հնարքներով «հարթուած» ճանապարհներէ ուղեւորած են իրենց վստահուած դեռատի պատանիները` անոնց ձախողութիւնը եւ անյաջողութիւնը տեսնելու համար: Տակաւի՛ն. այլոց ճիգերով կենսագործուած նոյնիսկ հանրօգուտ եւ հեռանկարային նուաճումները անհանդուրժելի ու անմարսելի կը թուին կարգ մը «յաջողակ» անձնաւորութեանց կողմէ: Ո՞ւր մնացին մարդկային արժանապատուութիւնը եւ աստուածաստեղծ մարդուն իսկատիպ կոչումն ու տիպային վարքագիծը…

Թէժ մրցակցութեամբ բնորոշուած մերօրեայ հաւաքական կեանքէն ներս, կան եղկելի մարդիկ, որոնք առհասարակ իրենց չվերաբերող նիւթերով կը հետաքրքրուին ու կը տոչորին, այլոց կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները մերժելով կը մերժեն` անարժէք ու անհիմն նկատելով եւ անկարեւոր դասի մէջ տեղադրելով զանոնք: Երբ չեն կրնար վարագուրել ձեռքբերումներդ, անոնց արձակած թունալից նիզակները երբ կը վրիպին նպատակաուղղուած թիրախէն, ահա ա՛յն ատեն իրենց սադրալի աղեղները կը շրջեն անձնական կեանքիդ ուղղութեամբ` խոշորացոյցի ու լուսարձակի տակ առնելով շարժուձեւերդ, փոխյարաբերական կեանքդ: Արարք մը, որ չարաստեղծ մտածում մը, բայց միաժամանակ չարավախճան ճանապարհորդագրութիւն մըն է, որուն մենատէրն ու ուղեկիցը սատանան ի՛նք է:

Ոչ ոք կրնայ իր անցեալին վերադառնալ` նոր սկիզբ մը կատարելու համար, բայց կրնաս այսօ՛ր իսկ նոր սկիզբ մը կատարել, որուն առաջնորդը, ճարտարապետը եւ հիւրը դուն ես: Անցեալդ կարելի չէ ուրանալ, որովհետեւ անցեալին մէջ ապրած, հասակ առած եւ գոյաւորուած ես: Անցեալդ ներկայիդ մէջն է եւ ապագադ` ներկայիդ աղերսուած: «Անցեալամոռացումը» կեանքդ իմաստազուրկ կը դարձնէ, մինչ «անցեալայուշ» ըլլալդ, այսինքն անցեալի կեանքէդ դաս քաղելդ քեզ զգօն ու խոհուն արարածի կը վերածէ: Սակայն, օր մը, անցեալին կատարած թէ՛ մեղքերդ, թէ՛ արարքներդ եւ թէ՛ բարեգործութիւններդ ճառագայթարձակ արեւու նման պիտի շողարձակին աչքերուդ առջեւ, որոնց համար կա՛մ պիտի վարձատրուիս եւ կա՛մ ափսոսաս:

Իւրաքանչիւր գոյակ որոշ կնիք մը կը կրէ իր անձին վրայ եւ այդ կնիքին միջոցով կը ճանչցուի: Երբ աշխարհ կու գանք, մեր ծնողները մեզ կ՛անուանեն իրենց հօր կամ մօր անուամբ` զատորոշելու համար այլ արարածներէ: Քրիստոնեայ յորջորջումը սոսկ պարագայական կամ պայմանադրական անուանում մը չէ, այլ ան աստուածատուր եւ քրիստոսակիր նշան մըն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ: Քրիստոնէական իմաստով քրիստոնեայ մարդուն նշանը կամ կնիքը իր ՍԷՐ-ն է: Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս ըսաւ. «Ձեր իրար սիրելով է, որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յհ. 3.35): Ինչպէս որ պտղաբերութիւնը ապացոյց մըն է ծառին կենսունակութեան, այնպէս ալ սէրը վկայութիւն մըն է Քրիստոսով մեր կենսաւորուած ըլլալուն:

Մեր եկեղեցւոյ հայրերէն Բարսեղ Մաշկեւորցի կ՛ըսէ. «Ինչպէս որ եթէ մէկը թագ դնէ եւ ծիրանի հագնի, յայտնի կ՛ըլլայ, որ ինք թագաւոր է, իսկ առանց անոնց եթէ նոյնիսկ ոսկեայ հագուստ ունենայ, անոր թագաւոր ըլլալը յայտնի չ՛ըլլար, նոյնպէս ալ, եթէ ամէն տեսակի առաքինութիւններ ունենանք եւ նոյնիսկ կարենանք հրաշքներ գործել, սակայն եթէ սէր չունենանք, յայտնի չ՛ըլլար, թէ Քրիստոսի կը պատկանինք»: Նոյնը կը հաստատէ Պօղոս առաքեալ. «Եթէ մարդոց ու հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՛ունենամ պղինձէ շեփորէն, որ կը հնչէ, կամ` ծնծղաներէն, որոնք կը ղօղանջեն: Եթէ… լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ՛արժեմ: Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի մատնեմ, եթէ սէր չունիմ, ոչինչով կ՛օգտուիմ» (Ա.Կր. 13.1-3):

«Սէր առ Աստուած եւ սէր առ մարդիկ» նշանաբանը քրիստոնեային պատկանող ու վերաբերող խօսք մըն է: Կը փորձենք սիրել, բայց երբեմն սիրելով ու ներելով հանդերձ,  կ՛արհամարհուինք: Կը պատուենք ու կը յարգենք, սակայն այդ վեհանձն մեր վերաբերմունքին դիմադարձը` կը քամահրուինք: Ժպտադէմ կը ներկայանանք, սակայն մռայլադէմ կը վերաբերին: Քրիստոսի զգաստացուցիչ խօսքն է, որ մեզ անգամ մը եւս կը զգուշացնէ` ըսելով. «Եթէ տան մը կամ քաղաքի մը բնակիչները ձեզ չընդունին եւ ձեր խօսքը չլսեն, այդտեղէն ելլելու ատեն ձեր ՈՏՔԻ ՓՈՇԻՆ ԹՕԹՈՒԵՑԷՔ» (Մտ. 10.14): Այն միջավայրը, որ քեզ սիրայօժար կ՛ընդունի, մի՛ տատամսիր եւ ընդառաջէ անոր առաջարկին: Իսկ այն վայրը, ուր ամէն իմաստով կ՛անտեսուիս ու կ՛անուանարկուիս, իբրեւ քրիստոնեայ` ներէ՛ քու նմանակիցիդ, բայց Պիղատոսի նման ձեռքերդ լուա՛ ու հեռացիր: «Ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան` ձեր վրայ յարձակին» (Մտ. 7.6):

Անտառաբնակ օձ մը անընդհատ իր քովը մօտեցողը կը վախցնէր ու կը խայթէր: Զայն սատկեցնել փորձողներուն ձեռքէն անգամ մշտապէս կը յաջողէր փախուստ տալ: Ի վերջոյ, շրջանի բնակիչները այս երեւոյթէն նեղացած, տեղւոյն ամէնէն գիտակից անձին դուռը զարնելով, օձին ըրածները կը հաղորդեն եւ անոր անգթութեան մասին կը գանգատին: Կարճ խօսակցութենէ մը ետք կը համաձայնին ու կը խոստանան զայն չսատկեցնել,  պայմանաւ որ պէտք չէ մարդոց վնասէ:

Տարեց գիտակիցը, զանոնք մտիկ ընելէ ետք,  օձին գտնուած վայրը կ՛երթայ ու կը սպասէ: Քիչ ետք օձը փուշերուն մէջէն կ՛ելլէ եւ անոր կը մօտենայ: Մարդը նախ անխօս կը մնայ` օձին իրեն վստահիլը սպասելով: Յետոյ, երբ կը զգայ, որ օձը հանդարտած է, անոր վստահութիւն ներշնչելով` խօսելու կը սկսի: Իբրեւ փորձառու էակ` կը խրատէ, թէ ապրելու եւ կշտանալու համար մարդոց առանց վնասելու կրնայ ապրիլ: Ուժ բանեցնելուն հետեւանքները իր աչքին առջեւ կը պարզէ: Երբ մարդը անուշութեամբ կը խօսէր, օձը բաց ականջներով մտիկ կ՛ընէր զինք: Անոր խօսքերէն ազդուող օձը լսելով այդ իմաստալից խօսքերը` կ՛ըսէ. «Մտածումներս փոխուած են: Կը խոստանամ տարբեր օձ մը ըլլալ»: Ապա դարձեալ փուշերուն մէջ մխրճուելով` կ՛անհետանայ:

Օձը իր խօսքը յարգելով` իր շրջանին մէջ հանդարտօրէն կը պտտի ու անցնող-դարձող ոչ մէկուն վրայ կը յարձակի, բայց եւ այնպէս մարդիկ կը սկսին փոխուիլ: Մէկը անցած ժամանակ ոտքով կը հարուածէ զինք, միւսը քովը մօտենալէ քաշուելով` կը քարկոծէ, նոյնիսկ փոքրերը փուշերուն մէջէն պոռալով-կանչելով զինք հալածելը խաղի կը վերածեն: Տեւական մարդոցմէ փախչելէն ձանձրացած եւ մարմնին ամէն կողմը քարկոծումէն վիրաւորուած օձը կ՛որոշէ գիտակից ալեհեր ծերունիին հետ խօսիլ, որուն քով երթալով` բոլոր անցուդարձերը կը պատմէ:

– Բոլոր ինծի ըսածներդ կատարեցի…: Մեղք գործելն ու վնաս հասցնելը ձգեցի, ամբողջովին ուրիշ օձ մը դարձայ, բայց եկուր նայէ, որ ինձմէ չվախցող մարդիկ զիս անդադար կը ծեծեն ու կը չարչարեն, ի՞նչ ընեմ ես հիմա:

– Ասոր պատասխանը շատ պարզ է,- կ՛ըսէ տարեց գիտակիցը,- «մարդիկը մի՛ խայթեր, մի՛ մեռցներ, անցնող դարձողին վրայ մի՛ յարձակիր» ըսի, բայց «ակռաներդ մի՛ ցցներ» չըսի… (Քաղուած` «Ապրիլ` խոկալով ու զգալով» գրքոյկէն):

Սիրելի՛ ընթերցող, «Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես» ասոյթը ամէնէն աւելի կիրարկուող խօսքերէն մին է: Ինչպէս որ կեանքին հետ կը վերաբերիս, նոյնպէս կեանքը հետդ կը վերաբերի, որովհետեւ` «կեանքը մեր արարքներուն հայելին է»: Եթէ ներես, կը ներուիս: Եթէ դատես, կը դատուիս: Երբեք փորձա՞ծ ես սիրալիր վերաբերմունք տածել հարեւանիդ հանդէպ: Եթէ փոխադարձը չես ստացած, նախընտրելի է նոր էջ մը բանալ կեանքիդ մէջ եւ ներողամտութեան ոգիով վերստին հաղորդակցիլ նմանակիցիդ հետ: Բայց եթէ շարունակաբար նոյն վերաբերմունքը ունենայ ան, նախընտրելի է ամբողջապէս հին գիրքը` այս պարագային կեանքդ փոխել, անշուշտ` միշտ աղօթելով անոր համար:

Քրիստոս կը պատուիրէ` ըսելով. «Խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ` աղաւնիներու պէս» (Մտ. 10.16): Սիրէ՛, բայց գիտցիր` ո՛վ է քեզ սիրողը եւ բարիքդ կամեցողը…:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES