Ճատրակ. Հաւասարութիւն, Եղբայրութիւն
Զուիցերիոյ Պիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի բաց մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչները` Հրանդ Մելքումեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան կիսեցին կէտը` իրենց միջեւ կայացած մրցումը հաւասար արդիւնքով աւարտելով:
7-րդ հանգրուանէն ետք հայ քրոսմայստըրները ունին 5-ական կէտ եւ կէս կէտով կը զիջին աղիւսակը գլխաւորող հնդիկ Փ. Հարիկրիշնային, ռուս Մ. Թուրովին եւ ֆրանսացի Ռ. Էտուարտին:
8-րդ հանգրուանին Ս. Մովսիսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Մ. Թուրով, իսկ Հ. Մելքումեան իր ուժերը պիտի չափէ գերմանացի Կերլեֆ Մայնի հետ:
CATEGORIES Մարզական

