Աշխարհի Ուժեղագոյն Մարդը

Փորթուգալի մէջ ընթացող աշխարհի ուժեղ տղամարդոց ախոյեաններու լիկայի մրցաշարքին ընթացքին ընտրուեցաւ 2012-ի աշխարհի ուժեղագոյն մարդը, որ  լիթուանիացի ծանրամարտիկ Ժիտրունաս Սավիցքասն է: Ան յաջողեցաւ գերազանցել իր բոլոր մրցակիցները 22 քկ քարեր նետելու, ինքնաշարժներ տեղաշարժելու եւ 166 քկ մարզաքարեր բարձրացնելու մրցումներուն մէջ: 37-ամեայ Սավիցքաս ունի 1,91 մ հասակ, 170 քկ ծանրութիւն եւ արձանագրուած է Կինեսի մրցանիշներու գիրքին մէջ, որովհետեւ իր ասպարէզին ընթացքին աւելի քան 40 համաշխարհային մրցանիշ սահմանած է:

Share this Article
CATEGORIES