Ֆութպոլ. Մարսէյի Մարզիչը Ապօրինի Ձեւով Գործազրկութեան Նպաստ Ստացած Է
Ֆրանսական Մարսէյ ակումբի նոր նշանակուած մարզիչ Էլի Պոպ քանի մը տարի ապօրինի կերպով գործազրկութեան նպաստ ստացած է:
Նանթէն հեռանալէ ետք, Պոպ նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին մարզիչի աշխատանքով չէ զբաղած: Սակայն Պոպ չէ յայտնած պետական սպասարկութեան, որ ինք կ՛աշխատի «Քանալ Փլիւս» պատկերասփիւռի ընկերութեան մէջ:
Ան երկար ժամանակ նկատուած է գործազուրկ եւ ստացած է համապատասխան նպաստ:
Էլի Պոպի մարզիչի կարողութիւններուն տեղեակ չենք, սակայն դրամ շահելու ունակութիւնը… փայլուն է:
CATEGORIES Մարզական

