Արծաթեայ Գօտին

ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ ՏԸ ՊԼԷՅԿ

Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք  Երեւանի մէջ լեզուաբանի մը ու անոր ընտանիքին  թէյի հիւրն էի: Լեզուաբանին կինը շատ համեղ ծիրանի կարկանդակ պատրաստած էր: Կարկանդակէն քանի մը շերտ համտեսեցի: Հաճելի էր պահը ու ինքզինքս շատ հանգիստ կը զգայի: Յայտնեցի, թէ հինգ տարի ապրած եմ Թուրքիոյ մէջ, եւ թէ` լաւ բարեկամներ ունիմ հոն: Այս լուրը կատարեալ շփոթութեան մատնեց զիս հիւրընկալողները:  Ըսածս կը հակասէր այն, ինչ որ գիտէին թուրքերու մասին: Հիւրերէն մին, միջին տարիքի կին մը, թատերական հռետորականութեամբ թեւերը վեր բարձրացուց, սեղմեց իր մերկ բազուկը ու բացագանչեց` «Ո՛չ: Թուրքերը չեն կրնար արիւնիլ այն արիւնով, որ մերինն է»:

Երեւանի մէջ մէկ շաբաթ մնացի ու այդ ընթացքին ծանօթացայ քաղաքավար, բարեկիրթ ճարտարապետի մը հետ: Արմէնը` իր անունն էր, երիտասարդ, 1970-1980-ական թուականներուն, գաղտնօրէն պտտած էր Թուրքիոյ արեւելեան շրջանները:  Շրջագայութիւնը անցուցած էր նկարելով եւ արձանագրելով ֆիզիքական ապացոյցներ, որոնք կը վկայէին նախկին օրերու հայոց ներկայութեան մասին նոյն այդ հողերուն վրայ:  Արմէնն ու իր թրքախօս եւրոպացի բարեկամը քանի մը անգամ ձերբակալուեր էին այդ շրջագայութեան ընթացքին: Քիւրտերու մօտ անոնք յաճախ թշնամութեան  էին հանդիպեր:

Այժմ արդէն քանի մը տարի էր անցեր Թուրքիա իր վերջին այցելութենէն: Աւելի երիտասարդ մարդիկ ստանձներ էին գաղտնի հետախուզական աշխատանք շարունակելը:  Անոնց յայտնաբերումները այժմ Երեւանի մէջ բազմաբնոյթ արխիւի մաս կը կազմեն: Արխիւը կը բացայայտէ բոլոր ապացոյցները, որոնք կը հիմնաւորեն ամբողջական անյայտացումը արեւելեան Անատոլուի մէջ հայոց բնակավայրերու գոյութեան: Տեղ մը եկեղեցիին քարէ պատը վերածուած էր նոր տան մը պատին, տարբեր տեղ գերեզման մը կործանած էին ու` վերստին հերկած: Արմէն պատմեց նաեւ իր տեսած ԺԱ. դարու եկեղեցիին մասին` թուրք բանակի թնդանօթաձիգներուն իբրեւ թիրախ գործածուելէն առաջ ու վերջ:

Արմէնը սքանչելիօրէն հաղորդական խօսակից մըն էր, բայց երբ անդրադարձայ, թէ իր մղիչ ուժը ատելութիւնն էր, անհանգիստ զգացի:

Ուշ յետմիջօրէի մը, երբ նստեր էինք արխիւներու շէնքին սենեակներէն մէկուն մէջ, յայտնեցի, թէ Երեւանի մէջ կարգ մը հայերու հանդիպեր էի, որոնք կը հաւատան, թէ պէտք է արտօնել հայեւթուրք յարաբերութիւններուն բնականոն ըլլալը` Թուրքիոյ 1915-ին համար ներողութիւն խնդրելէն ետք:

– Յիմարներ են,- ըսաւ Արմէն:- Կը կարծե՞ս, թէ մէկուկէս միլիոն սպաննուած նախնիներ ներողութեան մը հետ պիտի փոխանակենք:  Մեր հողերն են հոն, ուր այդ թուրքերը նստած են այժմ:

Լուռ նստանք:  «Մարշալ Բաղրամեան» պողոտային վրայ հանրային փոխադրակառքերը մարդիկ իրենց տուները կը տանէին:  Արմէն սուրճ հրամցուց:  Խնուսի մօտերը գտնուող իմ այցելած քանի մը գիւղերուն ակնարկեցի:  Արմէն գլուխը օրօրեց:  Ինք եւս նոյն գիւղերը եղած էր:  Իրականութեան մէջ այդ գիւղերէն  մէկէն, շարունակեց ան, մասնաւոր յիշատակ մը ունէր:

– Աւելի քան քսան տարի անցած է հիմա:  Գերման բարեկամիս հետ գիւղին մէջէն կը քշէինք, երբ թէյ մը առնելու համար կանգ առինք:

Անմիջապէս որ թէյատուն մտանք, խօսակցական աղմուկը դադրեցաւ ու բոլորը մեզ դիտեցին:  Մենք միակ ոչ քիւրտերը պէտք էր եղած ըլլայինք հոն: Գիտես այդ դէմքերը, այդ պեխերը: Բոլորաձեւ, բարձր, առանց կռնակի աթոռներու վրայ նստանք ու թէյ ապսպրեցինք:  Արագօրէն խմեցինք, որովհետեւ ընդհանուր մթնոլորտը հազիւ թէ բարեկամական ըլլար, բայց առաջին գաւաթը վերջացնելէ անմիջապէս ետք ուրիշ մը բերին:

Գաղտնօրէն չորս կողմ կը դիտէի, երբ բան մը ուշադրութիւնս գրաւեց: Հսկայ քիւրտ մը նստած էր քիչ մը անդին, իսկ իր կապած գօտին արծաթի նման կը շողշողար: Երբ թէյի երկրորդ բաժակը բերին, սպասարկող տղան ցոյց տալով մարդը` յայտնեց, թէ ան էր թէյով մեզ հիւրասիրողը: Շուտով, նախքան մեր անդրադառնալը, մարդը աթոռը մօտեցուց ու մեր քով նստաւ:

Արմէն լռեց պահ մը: Գրասենեակը լուռ էր ու մութ:  Բոլոր պաշտօնեաները տուն էին մեկներ:

– Այդ մարդը նկատած էր, թէ զինք կը դիտէի, կարծելով, թէ հետաքրքրուած էի իր ատրճանակով: Ատրճանակը շրխկացուց սեղանին վրայ, որպէսզի կարենայի դիտել զայն:  Հրազէններու մասին որոշ բաներ մը գիտեմ ու խօսեցայ անոր փամփուշտի տրամագծի մասին, ուր էր շինուած, եւ այլն, եւ…  հեղինակութիւնս բարձրացաւ:  Թէյատան մէջ բոլորն ալ մեր շուրջը հաւաքուեցան իմանալու համար, թէ ի՛նչ կ՛ըսէինք: Սիկարեթի հսկայական ամպ մըն էր թէյարանը, բայց ես միայն արծաթէ գօտիով հետաքրքրուած էի: Թէյի նոր բաժակներ եկան, մարդիկ ալ աւելի սիկարեթ ծխեցին, իսկ բարեկամս կը շարունակէր ժամացոյցին նայիլ եւ յիշեցնել` «Պէտք է ճամբայ ելլենք, մութը կոխելէ ետք չենք ուզեր ճամբորդել»: Ստիպուած էի յիշեցնել, թէ շատ չխօսէր, ու վստահեցնել զինք` ըսելով «Ո՛չ: Հոս բան մը կայ, որ պէտք է ընեմ»:

Ի վերջոյ կարողացայ բաւականաչափ քաջութիւն գտնել խնդրելու  մարդէն` իր գօտին քննելու: Արձակեց գօտին, հանեց ու ինծի տուաւ: Գօտին կը բաղկանար փորագրուած, անջատելի ու կաշիի վրայ ամրացուած մասերէ:  Վրան հայերէն արձանագրութիւն կար, ինչպէս նաեւ թուական` 1902: Քրտներ էի ու կը դողայի,  բայց ի վերջոյ յաջողեցայ գօտին գնել  այդ քիւրտէն:

Արմէնը լռեց: Պատուհանին առջեւ կանգնած` ուրուագծի վերածուած էր:  Պահ մը ետք ըսի.

– Կ՛ենթադրեմ, թէ միայն հարուստ մարդիկը ի վիճակի են արծաթէ գօտի ունենալու:

Ոգեւորուեցաւ:

– Մարդիկ չէ: Մարդիկ այդպիսի գօտի չէին կապեր: Այդ գօտիները հայ աղջիկներուն կու տային, երբ ամուսնանային:  Անոնք, գօտիները, իրենց ամուսնական կեանքի ամբողջ տեւողութեան պէտք էր դիմանային: Այդ էր պատճառը, որ այդ գօտիները շինուած էին մասնատուող հատուածներէ` յղութեան շրջանին մասեր կ՛աւելցուէին: Ծննդաբերութենէն յետոյ, երբ կը նիհարնային կրկին, մասեր կը վերցուէին:

Հիմա, ամիսներ ետք, տակաւին կ՛երեւակայեմ այդ գօտիին խլուիլը իր տիրոջմէն, որ ջարդուած էր իր ընտանիքին հետ, ազնուական, յարգարժան տիկին` դիպուածով մը վերածուած կոյտի:  Կ՛երեւակայեմ զայն վեր խոյացուցած իբրեւ մրցանակ, ապա պղծուած, կնոջ գօտին մարդու մը մէջքին կապուած: Կ՛երեւակայեմ, թէ  ան փոխանցուած էր հօրմէն զաւկին` հետը շուներուն ու ձիուն, ու այսպէս վերստին մտած բարոյական տնտեսութեան մէջ: Եւ կը զարմանամ` տակաւին քա՛նի սերունդներ պէտք է անցնին, նախքան որ մենք ընդունինք, դատենք, թէ այս գօտին գողցուած առարկայ մը չէ, ոճիրի մը դատական ապացոյցը չէ, այլ այն իրապէս կը պատկանի այն մարդուն, որ կը կրէ զայն:

Այս բոլորը կը մտաբերեմ Լոնտոնի մէջ մաքուր, կոկիկ բակով տանս մէջ, ուր անձնական գօտիներս ունիմ ու ընտանիքս. ունիմ գեղեցիկ, գօտեպնդող, վստահութիւն ներշնչող առարկաներ, զորս ժառանգած եմ մօրմէս:  Ենթադրենք, թէ այս մարդիկը` պապենական թշնամիներ, այս առարկաները ինձմէ բռնախլեն, եւ դեռ, երեւակայելով, թէ ինձմէ ամէն ինչ կողոպտած են քանի մը վայրկեանէն, կ՛ենթադրեմ նաեւ, թէ ե՛ս ալ պիտի անտեսէի սիրոյ ու ներողամտութեան բոլոր սկզբունքները, որոնք մանկութեանս ներարկուեր էին  մէջս առանց որեւէ ճիգի, ու` ինքզինքս  յանձնել անկշտում կատաղութեան:

Վերջաբան «Ըմբոստ Երկիր» գրքին

(Թարգմանեց ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ)

 

8 ապրիլ, 2012
Լոս Անճելըս

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )