ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

(Չորրորդ արար)

Գ.

ՎԱՀՐԱՄ – Ի՞նչ աղջիկ է ասիկա:
ԵՐՈՒԱՆԴ – Խեղճ որբ մըն է: Հազիւ է ազատուեր վերջին կոտորածէն:

ՎԱՀՐԱՄ – Ո՞ր կողմերէն:
ԵՐՈՒԱՆԴ – Հաստատ չգիտեմ. կարծեմ Տրապիզոնի մօտերէն: Չէ՞ որ մենք ալ ան կողմերէն ենք մօրս գծով: Տիպի՞կ դէմք է, չէ՞:

ՎԱՀՐԱՄ – (Տխուր) Այո՛, շա՛տ:
ԵՐՈՒԱՆԴ – Կեանքը դրեր է իր կնիքը: Ա՜յ, նայէ՜: (Կը վերցնէ եռոտանիի մը վրայի ծեփին երեսէն թաց լաթը ու կը մօտեցնէ մոմը): Կը հասնի՞ս:

ՎԱՀՐԱՄ – Վա՜յ, քանդակե՞ր ես: Յաջո՛ղ է, շա՛տ յաջող:
ԵՐՈՒԱՆԴ – Հապա ի՞նչ ընէի. մէյ մը, որ շա՛տ տիպիկ էր, իսկոյն աչքս խածաւ. մէյ մըն ալ, որ որբն ու խեղճը moderne ապրանք է հիմա, կը քշուի: (Մոմը սեղանին դնելով): Վա՛, սա ի՜նչ սոսկալի փոթորիկ է. վա՞յ, թէ չեկաւ, մե՛ր աղայ:

ՎԱՀՐԱՄ – Ո՞վ:
ԵՐՈՒԱՆԴ – Ո՞վ պիտի ըլլայ. Մարի՛ն:

ՎԱՀՐԱՄ – (Պարզ) Կու գա՛յ:
ԵՐՈՒԱՆԴ – (Կը նայի ու կը խնդայ) Ուրեմն… ուրեմն արդէն ձուկը ուռկանիդ մէջն է: Բարի յաջողո՛ւմ: Ոչի՛նչ. գուցէ քիչ մը քաբրիզ, քիչ մըն ալ տարօրինակութիւն, բայց en somme, ոչի՛նչ, գէշ աղջի՛կ չէ: Իսկ տնեցի՞ք, բան գիտե՞ն:

ՎԱՀՐԱՄ – (Անտարբեր ուսը կը ցնցէ):
ԵՐՈՒԱՆԴ – Պա՜հ, կ՛երեւակայեմ Հարենցի կատղած դէմքը: (Ուրախութենէն ծափ կու տայ): Սքանչելի բան է դուրս գալու. վաղը երթամ քիչիկ մը վէրքը քրքրեմ, տեսնեմ պոռայ պիտի: (Քիչ մը լուռ): Ուրեմն ալ կը դառնաս Պոլսեցի, տուն-տեղ. երեւի տասնեակ հազար մըն ալ կը փրցնես. աղբարը շա՜տ է աքլորանալու, բայց մայրը կակուղ է` կու տայ: Եւ… եւ մնաս-բարո՛վ երկիր-մերկիր, ժողովուրդ-մողովուրդ եւ որ ըստ կարգին: (Մտերմօրէն անոր ուսին զարնելով): Է՜, կեանքն իր ճամբան ունի, տղա՛ս:

ՎԱՀՐԱՄ – (Լուռ ու շեշտ կը նայի անոր):
ԵՐՈՒԱՆԴ – Հապա՛. երազը որքան ալ սիրուն ըլլայ ու աստուածներէն ղրկուած, երա՛զ է նորէն. ուշ կամ կանուխ արթնանք պիտի: Է՜, հոգի՛ս. հողէ ենք շինուած ու կապուած հողին: (Սիրտ տալու ու մխիթարելու շեշտով մը): Դուն առաջինը չե՛ս, ո՛չ ալ վերջինը: (Յանկարծ խօսուածքը փոխելով): Բայց քիչ մը աւելի դրական խօսինք. հիմա ի՞նչ է քու միտքդ:

ՎԱՀՐԱՄ – (Կարծես արթննալով) Ինչպէ՞ս:
ԵՐՈՒԱՆԴ – Երեւի, նոր ծրագիր մը, բան մը կ՛ունենաս: Հիմա ի՞նչ ընել ես մտադիր:

ՎԱՀՐԱՄ – (Մտամոլոր): Ինչ ընել եմ մտադի՞ր:
ԵՐՈՒԱՆԴ – Հա՛ հա՛:

ՎԱՀՐԱՄ – (Ուսը կը ցնցէ):
ԵՐՈՒԱՆԴ – (Խնդալով): Այսի՞նքն: Շա՛տ բան չհասկցայ քու ուսէդ:

Դ.

ՄԱՐԻԱՄ – (Կը մտնէ ու կը կենայ դրան մէջ):
ԵՐՈՒԱՆԴ – Նա՞, տուի՞ր:

ՄԱՐԻԱՄ – (Գլխով կ՛ընէ):
ԵՐՈՒԱՆԴ – Կարդա՞ց:

ՄԱՐԻԱՄ – (Գլխով կ՛ընէ):
ԵՐՈՒԱՆԴ – Բան չըսա՞ւ:

ՄԱՐԻԱՄ – (Գլխով բացասական):
ԵՐՈՒԱՆԴ – Աղէ՛կ, գնա՛:

ՄԱՐԻԱՄ – (Կ՛ուղղուի դէպի դուրս):
ՎԱՀՐԱՄ – Աղջի՛, կեցի՛ր: (Կ՛երթայ ու առանց այլեւայլութեան կը բռնէ անոր ծնօտը ու դէմքը կը բարձրացնէ դէպի վեր, դէպի լոյսը): Ի՞նչ է քու անունդ: Ի՞նչ. Մարիա՞մ: Ատ ե՞րբ էր, որ ձեր գիւղը կոխեցին: Առաջ ի հարկէ մորթեցին քու հայրդ, եղբայրներդ, քար ու քանդ ըրին տուն ու տեղդ, ունիմ-չունիմդ, քշեցին տարին քոյր ու հարսներդ, չէ՞: Մնաց մայրդ, ան ալ չորցաւ, չորցաւ, մինչեւ յատակ ու վերջացաւ:

ՄԱՐԻԱՄ – (Կը սկսի հեծկլտալու` ձայնը խեղդել ջանալով):
ՎԱՀՐԱՄ – Աղէ՛կ, աղէ՛կ, բան չկայ. սովորակա՛ն պատմութիւն:

ԵՐՈՒԱՆԴ – Ինչո՞ւ կը տանջես խեղճը: Թո՛ղ որ երթայ:
ՎԱՀՐԱՄ – (Առանց անոր խօսքերուն ուշ դարձնելու): Մի՛ լար, աղջի՛կ, լալու բան չկայ:

ԵՐՈՒԱՆԴ – Թող լայ, վնաս չունի: (Թեթեւ մը աղջկան թեւէն հրելով) Գնա՛, գնա՛:
ՄԱՐԻԱՄ – (Դուրս):

Ե.

ԵՐՈՒԱՆԴ – Թող լայ, վնաս չունի. կը թեթեւնայ:
ՎԱՀՐԱՄ – (Վայրի խնդուքով) Թեթեւնա՜յ, լա՜յ` որ թեթեւնայ… Իսկոյն կ՛երեւայ, որ սարսափելի քնքուշ սիրտ ունիս է՜: (Յանկարծ լուրջ ու բարկացած) Ո՛չ, յիմա՛ր, ո՛չ, ատիկա լալով չի թեթեւնար, ո՛չ լալով, ո՛չ ալ քանդակելով. ատիկա քու գիտցած ցաւերէդ չէ՛: Ո՛չ թէ լալ, այլ… (Խօսքը կ՛ընդհատէ Մարիի ներս մտնելը տեսնելով):

Զ.

ՄԱՐԻ – (Կը մտնէ արագ, երկար անձրեւնոցի մը մէջ ամբողջովին փաթթուած: Մազերը հովէն թափուած են ճակտին ու ինքն ալ շնչատ):

ԵՐՈՒԱՆԴ – Ա՛հ, օրիո՛րդ Մարի: Խնդրե՛մ: (Անձրեւնոցը աղջկայ ուսէն առնելով):

Մարի ու Վահրամ հարցական ու տեսակ մը յարձակողական կեցած են իրարու դէմ ու կը նային իրար:

ԵՐՈՒԱՆԴ – (Վահրամին) Եթէ ինծի պէտք ունենաս` սեղմէ՛ կոճակը: (Դուրս):

Է.

ՄԱՐԻ – Առտուն չեկա՛ր:
ՎԱՀՐԱՄ – Եկո՜ւր, եկո՛ւր նստէ: Գիտե՞ս… ինչպէ՞ս ըսեմ, որ քեզի համար պարզ ըլլայ… Արդէն դուն… դուն… է, ինչքան կարճ, այնքան լաւ: Մարի՛, վաղը այս ժամանակ պիտի ըլլամ շոգենաւին վրայ, դէպի Տրապիզոն:

ՄԱՐԻ – (Կեցած է անշարժ ու անքթիթ):
ՎԱՀՐԱՄ – Ես արդէն քեզի ըսեր էի: Չէ՞, դուն գիտէիր, որ ասիկա պատահելու էր. եղաւ իմ կարծածէս քիչ մը աւելի կանուխ: (Քիչ մը լուռ): Դուն գիտե՞ս, չէ՞, թէ ես որքան… Դուն կը հասկնա՞ս, չէ՞, հիմա իմ դրութիւնս: (Քիչ մը լուռ): Ինչո՞ւ ես լռեր, չխօսի՞ս:

ՄԱՐԻ – (Հանդարտ վերցնելով անձրեւնոցը աթոռէն): Երթաս բարո՛վ, բարեկա՛մս, բարի ճամբա՛յ: (Կ՛ուղղուի դէպի դուրս):
ՎԱՀՐԱՄ – Մարի՛, Մարի՛:

ՄԱՐԻ – Դեռ ըսելի՞ք ունիս:
ՎԱՀՐԱՄ – Թո՛ղ, Մարի՛, թող այդ սառնութիւնը, թո՛ղ այդ կեղծիքը: Մօ՛տ եկուր, խօսէ՛:

ՄԱՐԻ – Ի՞նչ կ՛ուզես, որ ես խօսիմ քեզի, երբ դուն ինքդ ամէն բան վճռեր ես ու կարգադրեր: (Ծաղրով) Վաղը այս ատեն կ՛ըլլաս շոգենաւին վրայ, դէպի Տրապիզոն: Երթա՛ս-բարով, ուրիշ ի՞նչ կրնամ ըսել: Ես ո՞վ եմ որ, ես ինչացո՞ւ եմ որ. քեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի իմ գոյութիւնս, ի՞նչ արժէք:
ՎԱՀՐԱՄ – Մարի՛:

ՄԱՐԻ – Է՜, ձգէ՛, հոգիդ սիրես:
ՎԱՀՐԱՄ – Ես վճռեր եմ, ինչ որ պարտական էի վճռելու. ուրիշ կերպ վարուիլ չէի կրնար:

ՄԱՐԻ – (Չարացած): Է՜, պարտակա՜ն, պարտակա՜ն, միայն երբ խօսքը ուրիշներուն համար է: (Անձրեւնոցը նորէն աթոռին նետելով): Իսկ ինծի՞, ինծի պարտական չե՜ս:
ՎԱՀՐԱՄ – Դո՛ւն, սիրելի՛ս… ատ ուրիշ բան է:

ՄԱՐԻ – (Հետզհետէ տաքնալով): Ես կ՛ապրէի ինծի համար, գոհ թէ դժգոհ, իմիններուս հետ, ես ալ անոնցմէ մէկն էի. դուն եկար շուռ տուիր մէջս ամէն բան. նոր կեանքի յոյսեր, նոր շարժում, նոր յոյզեր: Ես հիմա օտար մըն եմ իմիններուս մէջ, խորթ ու կտրուած իմ տանս մէջ: Մինա՜կ, մինա՜կ, երբ դուն քովս չես, մինա՜կ բոլորովին, երբ քու շունչդ չի շոյեր ինծի: Եւ ահա՜ կ՛ըսես, որ ձգես պիտի ու երթաս, (ծաղրով) որ վաղը այս ատեն կ՛ըլլաս շոգենաւին վրայ, դէպի Տրապիզոն:
ՎԱՀՐԱՄ – Ա՜յ, եկեր եմ, որ խօսինք, կարգադրենք: (Մօտենալով կը բռնէ ձեռքը): Ըսէ՛, ընե՛մ, ինչ որ կրնամ:

ՄԱՐԻ – (Յուսահատ գլուխը օրօրելով): Խօսելու ոչինչ չկայ. ես գիտեմ քեզի. վճռեր ես ու պիտի երթաս. պիտի երթաս ու մեռնիս:
ՎԱՀՐԱՄ – Չէ՛. ինչո՞ւ. այդպէս ալ սեւ մի՛ տեսներ:

ՄԱՐԻ – Է՜, ձգէ՛, ստելը քու արուեստը չէ. դուն ինքդ ես ըսեր` «գնացողին դարձ չկայ»:
ՎԱՀՐԱՄ – (Ուսերը ցնցելով): Ո՞վ գիտէ. բա՜ղդ:

ՄԱՐԻ – (Քիչ մը ատեն կը նայի անոր շեշտ ու լուռ եւ յանկարծ լալով կը փաթթուի վիզը): Մի՛ երթար: Ես չեմ կրնար ապրիլ առանց քեզի, չե՛մ կրնար, հոգի՛ս, կեա՛նքս: Եկո՛ւր, եկո՛ւր լսէ՛ ինծի: (Աւելի ամուր սեղմուելով տղուն, կը քաշէ բազմոցին վրայ): Ես տամ քեզի բոլորը, ինչ որ ունիմ, բոլորը ինչ որ կրնամ ունենալ, ա՛ռ, տա՛ր, տո՛ւր ընկերներուդ, թո՛ղ տանին, թո՛ղ ուղարկեն. միթէ ատիկա գործ չէ՞: Միթէ ատիկա հերիք չէ՞: Բայց դուն մի՛ երթար, դուն մնացի՛ր հոս, մնացի՛ր մօտս. մնացի՛ր ինծի համար, քու Մարիիդ համար:
ՎԱՀՐԱՄ – (Թաղելով դէմքը անոր թեւերուն մէջ): Ա՜խ, իմ խե՛ղճ Մարիս, իմ բաղդս, իմ դժբաղդս:

ՄԱՐԻ – Մե՞ղք է, չէ՞, մեղք է քու Մարիդ: Միայն քեզի ունի աշխարհիս երեսին, միայն քեզի՛, քեզի՛. չե՛ս թողներ անիկա, Վահրա՛մ, չե՛ս թողներ անիկա երեսի վրայ:
ՎԱՀՐԱՄ – (Կոտրուած): Ա՜խ, չգիտե՜մ, չգիտե՜մ…

ՄԱՐԻ – (Սիրտ առած) Կ՛ապրինք միասին, կ՛ընենք հոսկէ, ինչ որ կրնանք, ինչ որ մեր ձեռքէն կու գայ: Չե՞ս երթար, չէ՞, Վահրա՛մ: (Ամուր գալարուելով) Իմ արե՛ւս ես դուն, դուն իմ շո՛ւնչս ես, առանց քեզի լո՛յս չկայ, օ՛դ չկայ առանց քեզի. կեանքս ես դուն, կեա՛նք, կեա՛նք…
ՎԱՀՐԱՄ – (Յանկարծ կ՛ուղղուի ընդոստ ու դեռ աղջկայ թեւերուն մէջ, ականջ կը դնէ դէպի դուրս. ուր փոթորիկը աւելի է սաստկացած, հովը կատաղի ու մերթ ընդ մերթ փայլակ): Իսկ հո՞ն… Իսկ հո՞ն… Սը՛ս. լսէ՛, լսէ՛. չե՞ս լսեր, Մարիամն է որ կու լայ:

ՄԱՐԻ – (Ապշած): Ի՞նչ Մարիամ, խե՞նթ ես. հովն էր, վազեց տերեւներուն մէջէն:
ՎԱՀՐԱՄ – (Աղջկայ գիրկէն ետ-ետ քաշուելով): Մարիա՛մը, Մարիամը, բոլո՛ր Մարիամները: Ա՜յ, գիւղը, որ կ՛այրի. ամբո՛ղջ գիւղը. ա՜յ, հա՛յրը, եղբա՛յրը: Նայէ՛ գիւղե՛րը, գիւղե՛րը, բոցե՜րը:

ՄԱՐԻ – (Վախցած): Ինչե՜ր կը խօսիս, Վահրա՛մ: Ի՞նչ բոց, ի՞նչ բան, աչքիդ կ՛երեւայ. փայլակն էր որ անցաւ:
ՎԱՀՐԱՄ – Հապա այդ թշուառնե՞րը, որ կը կանչեն, կը կանչեն ցաւով ու տանջանքով, կը կանչեն բոցերուն մէջէն, կը կանչեն կիրճերուն մէջէն, կը կանչեն ճամբայ ցոյց տալու, կը կանչեն կուրծքը դէմ տալու. ամբողջ գիւղե՜ր, գիւղե՜ր, ամէնքը մէ՛կ բերան, ամէնքը մէ՛կ ձայնով… Չե՞ս լսեր, ականջ դիր:

ՄԱՐԻ – (Ինքը սարսափահար ու աշխատելով որ հանգստացնէ): Ատիկա ծո՛վն է, հոգի՛ս. ծո՛վն է կատղեր ու կը մռնչէ:
ՎԱՀՐԱՄ – (Ոտքի կը ցատկէ տեսակ մը յաղթական): Այո՛. ատիկա ծովն է կատղեր ու կը մռնչէ. ատիկա ծովն է ցա՛ւի ու տառապանքի, որ կատղեր է վերջապէս, որ կատղեր է ու կը մռնչէ: Ա՛տ է ճամբան, ժողովուրդի մը բարձրացման, ժողովուրդի մը ազատման միակ ճամբան: (Մեղմացած): Դէ՛, Մարի՛, տո՛ւր ինծի վերջին համբոյր մըն ալ ու մնաս-բարով: (Գլխարկը սեղանէն վերցնելով): Ամէն մարդ իր ճամբան:

ՄԱՐԻ – (Կը նետուի անոր ճամբուն վրայ, կը կենայ ձիգ ու հպարտ, ձեռքի վճռական շարժումով մը): Ես կ՛արգիլե՛մ քեզի:
ՎԱՀՐԱՄ – (Ապշած): Ինչպէ՞ս:

ՄԱՐԻ – Ես կ՛արգիլեմ քեզի:
ՎԱՀՐԱՄ – Բայց հայրենիքս է, որ կը կանչէ:

ՄԱՐԻ – Ես կ՛ատե՛մ քու հայրենիքդ:
ՎԱՀՐԱՄ – (Խիստ): Մարի՛, քու հայրենի՛քդ ալ է:

ՄԱՐԻ – Ի՞մ: Իմ հայրենիքս դո՛ւն ես եւ միայն դուն. իմ ամէն ինչս դո՛ւն ես, եւ միայն դուն. քեզմէ դուրս ոչինչ չկայ, ոչի՛նչ, ոչի՛նչ:
ՎԱՀՐԱՄ – Թո՛ղ, Մարի՛, թո՛ղ. ես իմս չեմ:

ՄԱՐԻ – (Տիրաբար): Դուն ի՛մս ես, ի՛մս, իմս:
ՎԱՀՐԱՄ – Չգիտես` ինչ կը խօսիս:

ՄԱՐԻ – Կեցի՛ր: Ուրեմն վճռա՞ծ ես, վերջնապէս:
ՎԱՀՐԱՄ – Վճռողը ե՛ս չեմ: Վճռողը հոգեպէս ինկած ժողովուրդի մը ազնուացման պահանջն է, ստրուկ ու ոտքի տակ ինկած ժողովուրդի մը յուսահատ ճիգը:

ՄԱՐԻ – (Չոր): Ե՞րբ պիտի մեկնիս:
ՎԱՀՐԱՄ – Ըսի՛ արդէն, վաղը այս ատեն կ՛ըլլամ Սեւ ծովուն վրայ:

ՄԱՐԻ – Սե՜ւ… այո՛, սե՛ւ: Եւ ասիկա քու վերջին խօ՞սքդ է:
ՎԱՀՐԱՄ – (Ուսը կը ցնցէ):

ՄԱՐԻ – Աղէ՛կ. գիտցի՛ր եւ ի՛մ վերջին խօսքս: Վաղը այս ատեն մեր տունը կը սպասե՛մ քեզի: Չուշանա՛ս, Վահրա՛մ, եթէ իմ կեանքս արժէք մը ունի քեզի համար:
ՎԱՀՐԱՄ – (Վախցած): Մարի, Մարի՛, չես ըներ այդ յիմարութիւնը:

ՄԱՐԻ – Ո՛չ, պէ՛տք է: Կ՛ըսես պէտք է, որ երթաս. ուրեմն պէտք է: Գնա՛, ես բռնի արգելք չեմ քեզի. ո՛չ կրնամ, ո՛չ կ՛ուզեմ. միայն գիտցի՛ր, որ երթաս պիտի դիակիս վրայէն:

ՎԱՀՐԱՄ – Բայց քու ըրածդ անգութ բան է, Մարի՛, անգութ ու աւելորդ: Իմ տանջանքս հերիք է ինծի: Խօ՛սք տուր ինծի. ըսէ՛, ըսէ՛, որ այդ տեսակ անողոք քայլ չես առներ, Մարի՛, ըսէ, որ դատարկ սպառնալիք էր ատիկա:

ՄԱՐԻ – (Վիրաւորուած): Սպառնալիքը չի՛ վայլեր դէմքիս, Վահրամ, ինչպէս եւ քեզի՛: Լեզուս խօսեր է քեզի մի՛շտ եւ միա՛յն ճշմարտութիւնը: Պիտի գայ, ինչ որ գալու է անխուսափելի, ինչ որ գրուած է ճակտիս: (Անձրեւնոցը աթոռէն վերցնելով): Վաղը այս ժամին կը սպասեմ քեզի:

ՎԱՀՐԱՄ – Մարի՛…

ՄԱՐԻ – (Արցունքները զսպելով): Կ՛ըսես` ուրիշ ելք չունիս, կ՛ըսես` ատիկա է քու ճամբադ, քու պարտքդ: Ես կը հասկնա՛մ քեզի, եւ գիտե՛մ որ անուժ եմ: Գնա՛: Միայն հասկցի՛ր, որ ես ալ ուրիշ ճամբայ չունիմ: Ես իմ հոգիս տուի քեզի, անվերադա՜րձ, անվերապա՜հ… Առանց հոգիի չեմ ապրիր: (Անձրեւնոցը կը նետէ ուսերուն): Եթէ կ՛ուզես ապրիմ` մնացի՛ր, մնացի՛ր մօտս, բայց կամքո՛վդ, բայց առա՛նց խղճի խայթի, եթէ կրնաս: Ես արգելք մը չե՛մ քեզի, ես չեմ ուզեր արգելք ըլլամ քեզի: Ես չե՛մ ուզեր, որ քեզի նուաստ զգաս ինձմով, ես կ՛ուզեմ որ դուն հպա՛րտ ըլլաս ինձմով:
ՎԱՀՐԱՄ – Մարի՛, այդ բեռը մի՛ դներ խղճիս:

ՄԱՐԻ – Ի՞նչ բեռ: (Խորհրդաւոր): Դուն ըսիր ինծի, մեռնիլ պիտի գիտնանք:
ՎԱՀՐԱՄ – (Թափով) Ո՛չ. ես այդ տեսակ մահուան համար չըսի քեզի:

ՄԱՐԻ – (Տխուր): Ի՞նչ. ուրեմն կ՛ուզես, որ հոգիս չորնայ ու կծկուի. չէ՞ որ դուն կ՛երթաս կծկուած հոգիները բանալու:
ՎԱՀՐԱՄ – (Յափշտակուած ու աղաչանքով): Իմ անգին աղջիկս, իմ ազնի՛ւ աղջիկս, չէ՛, չե՛ս ըներ, այդ խենթութիւնը, չե՛ս ըներ: Գուցէ կարողանամ շուտով վերադառնալ:

ՄԱՐԻ – (Տխուր կը ցնցէ ուսը):
ՎԱՀՐԱՄ – Գուցէ՛ եւ… ո՞վ գիտէ. գուցէ դուն ալ, գուցէ քեզի ալ… այն ատեն իմաստ կ՛ունենայ կեանքիդ զոհը: Բայց այսպէ՞ս. անկարելի է: Աւելորդ արիւն է ատիկա, բոլորովի՛ն աւելորդ…

ՄԱՐԻ – Աւելորդ է` արգիլէ՛: Քու ձեռքդ է ամէն ինչ: Վաղը այս ատեն կը սպասեմ վճիռիդ: (Կ՛երթայ դէպի դուռը):
ՎԱՀՐԱՄ – (Խենթի պէս կը նետուի վրան` բռնելու, արգիլելու գրկելու շարժումով մը):

ՄԱՐԻ – (Յանկարծ կը դառնայ, պաշտպանուելով ետ կը քաշուի դէպի դուռը ու ձեռքի խրոխտ արգիլումով մը): Ո՛չ:

Վայրկեան մը քարացած կը դիտեն իրար:

ՄԱՐԻ – (Յանկարծ կը կծկուի անձրեւնոցին մէջ ու դուրս):
ՎԱՀՐԱՄ – (Նախ կեցած է քիչ մը ատեն անշարժ, քիչ-քիչ կը թուլնայ, ձեռքերը վար կը սահին ու քիթ ու բերնին կ՛իյնայ բազկաթոռին. հեծկլտուք):

Դուրսէն կը լսուի հովին թափը, ծառերուն վայրի իրարանցումը ու ծովուն խուլ աղմուկը:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

(Հատուած)

Share this Article
CATEGORIES