«ԵՍԻ ՄԱՐԴԸ»ԷՆ ՄԻՆՉԵՒ «ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ»
«Մարդս ինքն իր մէջ, ինքն իր ներքին, իր սիրած, իր շինած,
իր ուզած աշխատանքին մէջն է, որ կրնայ միայն գոհ ըլլալ»:
Լ. ՇԱՆԹ
«Ճամբուն վրայ» թատերախաղի հերոսներէն` երիտասարդ քանդակագործ Երուանդի շրթներէն քաղուած այս խօսքը, կենսասէր ու միաժամանակ նոյնքան անձնակեդրոն արուեստագէտի մը բարդ հոգեխառնուածքը, այսինքն` արտաքին եւ ներքին աշխարհներու հակադրութեանց վրայ հիմնուած աշխարհիմացութիւնը խորապէս թարգմանելով հանդերձ, լաւագոյնս կը բացայայտէ ո՛չ միայն «Ճամբուն վրայ» թատրերկին գաղափարական բովանդակութիւնը, այլեւ պայծառ լուսարձակի տակ կը բերէ հայ թատերագրութեան հսկային առաջին շրջանի գործերուն առանցքային մտածողութիւնն ու կենսափիլիսոփայութիւնը: 1901-1904 տարիներուն Թիֆլիսի մէջ գրուած Լ. Շանթի առաջին երեք թատերախաղերը` «Եսի մարդը», «Ուրիշի համար» եւ «Ճամբուն վրայ» թատերակները, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ իրարմէ անբաժանելի աշխարհընկալման հայեացք ու իմացութիւն` կարելի է նկատել այն ընդհանրական ենթահողը, որուն վրայ, քառասուն տարեկան հասակին Լ. Շանթ պիտի սկսէր բարձրացնել իր ուրոյն եւ բազմահանգոյց կոթողական արուեստին շէնքը` «Հին Աստուածներ»ը գլուխ-գործոցով: Լ. Շանթի «Կեանքի գիրքը» հանդիսացող այս տոկուն ստեղծագործութեամբ, իր ստեղծագործ ուժերու եւ տաղանդի լիութեան բարիքներով թեւաւորուած` անմահանուն թատերագիրը լայն պիտի բանար վարագոյրը այն յառաջընթաց վերելքին վրայ, որուն իրերայաջորդ նուաճումները պիտի կոչուէին «Կայսր», «Շղթայուածը», «Ինկած բերդի իշխանուհին» եւ «Օշին Պայլ»: Պատմութեան վէմին վրայ բարձրացող, զօրաւոր անհատականութեանց տէր ուժեղ տիպարներ վեր կարկառող, հոգեբանական եւ իմացական էացունց բախումներու ճամբով ներկան պատմական անցեալի լոյսերով շեշտադրող անկրկնելի իրապաշտ ստեղծումներ, որոնք նախապատրաստական շրջանի վերոնշեալ երեք գործերուն, բայց յատկապէս «Հին աստուածներ»ուն խորհրդապաշտ մթնոլորտը պահելով հանդերձ, տակաւ առ տակաւ պիտի հրաժարէին վերոնշեալ արուեստին արտայայտչական եղանակներէն` կեանքի հրաւիրելով պատմաշրջան մը յուզած հիմնախնդիրները, պայքարի մթնոլորտը, դաւերն ու ոճիրները ամենայն իրապաշտութեամբ գրականացնելու գրողական լուծումները:
Այս իսկ պատճառով, անկախ իրենց գրական թոյլ անցումներէն, կառուցային մերթ դանդաղ յառաջընթացէն, ռոմանթիկ հովերէն, բանաստեղծական չափազանցեալ յուզականութենէն, գաղափարախօսական շեշտադրուած նպատակաուղղուածութենէն եւ կառուցային ու ոճային խոցելի այլ կէտերէ, Լ. Շանթի յառաջընթաց թատերարուեստը նախապատրաստած այս երեք երկերը, բայց ի մասնաւորի «Ճամբուն վրայ» թատերախաղը ունին իւրայատուկ արժէք ու կշիռ` լաւագոյնս ըմբռնելու համար մեծանուն թատերագիրին անձնադրոշմ արուեստին ե՛ւ տեսանելի, ե՛ւ անտեսանելի ոլորտները: Կարճ խօսքով` Լ. Շանթ անուն թատերագիրին էապէս հայաշունչ եւ խորապէս համամարդկային հարուստ աշխարհն ու վաւերական արուեստը:
Մեծ եղեռնի ոգեկոչման 96-ամեակին արձագանգող «Ճամբուն վրայ»ի բեմականացումը այս օրերուն «Դէպի Երկիր» ծանօթ կարգախօսին գեղարուեստական թարգմանը հանդիսանալով մէկտեղ, «Եսի մարդը» երկի ապաբարոյ, աւելի ճիշդ` ապահայ ու դաւաճան Մուշեղ Տէրեանի բացասական տիպարէն կը հասնի ո՛չ միայն «Ճամբուն վրայ»ի գաղափարապաշտ բարդ կերպարին (Վահրամ), այլեւ հանդիսատեսը ներգրաւող շարժման մէջ կը դնէ մէկ կողմէ գլխաւոր հերոսին ազգային ու մարդկային հոգեկան բախումներուն ներքին տեղատուութիւններն ու մակընթացութիւնները եւ, միւս կողմէ` Վահրամ-Մարի գլխաւոր տիպարներուն ահագնացող հոգեբանական կռիւը: Այսինքն` անանձնական նպատակակէտերէ առաջնորդուող յեղափոխական Վահրամի ընդհանրական կարծր համոզումներուն եւ անձնասէր Մարիի մարդկօրէն հասկնալի անզուսպ պահանջներուն հակադրութիւնը կ՛ընդարձակէ թատերակին օղակը` մարդկային եւ ազգային զոյգ մակարդակներու վրայ: Հաւաքական իտէալները կը լեցնեն անոնց հոգիները եւ, հակառակ իր զայրոյթին, յուսահատութեան եւ վիրաւորուած արժանապատուութեան, թատերախաղի վերջաւորութեան Մարի իր կոյր ու պահանջկոտ եսականութիւնը կ՛ազատագրէ անձնասիրութեան ճիրաններէն, երբ անձնասպանութեան ընտրանքին դիմելով կը միանայ նոյնինքն Վահրամին: Այսպիսով, ան իր եսականութեան կը յաջողի ապահովել բարոյական ու գաղափարական վեհ բովանդակութիւն` փրկելով ե՛ւ ինքզինք, ե՛ւ թատերախաղին առանցքը հանդիսացող կրկնիմաստ տրամը: Եւ եթէ այս արժէքին վրայ գումարենք այն իրողութիւնը, որ անձնական-իրական ըմբռնելի կացութիւններու ենթահողէն ընդհանրական-վերացական ոլորտներն ի վեր սլացող «Ճամբուն վրայ» աւարտուն երկը նաեւ կը յաջողի գիծ ու գոյն տալ միջավայրին ու ժամանակաշրջանին հարազատ ու պայծառ մէկ պատկերին, յայնժամ կրնանք եզրակացնել, որ երիտասարդ թատերագիրին այս երկը արդարօրէն կը հանդիսանայ այն տոկուն վէմը, որուն վրայ Լ. Շանթ տաղանդաւոր թատերագիրը կոչուած էր բարձրացնելու իր կոթողական թատերակներուն բարձր ու եզակի դասական շէնքը:
Շնորհակալութի՛ւն «Համազգային»ի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին` այս քաղցր յիշեցումին համար:
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ