Այսօր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Եւ Ապահովական Խորհուրդի Սուրիոյ Շուրջ Նիստեր

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սուրիական բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով բանակին ուղղուած իր ուղերձին մէջ յայտնեց, որ սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմութեան բախումներուն արդիւնքէն կախեալ է երկրին ներկան ու ապագան:

Դամասկոսի մէջ Ազգային ապահովութեան կեդրոնատեղիին դէմ գործուած յարձակումէն ետք իր կատարած առաջին յայտարարութեան մէջ ան զինուորներուն շնորհակալութիւն յայտնեց` ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար: «Ես կը հաւատամ ձեզի, մեր ժողովուրդը եւս կը հաւատայ, եւ իմ կարծիքովս, դուք պահապանն էք մեր հասարակութեան արժէքներուն», ըսաւ Ասատ:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Ֆահտ Ժասեմ Ֆրէյժ իր կարգին սուրիական պատկերասփիւռի կայանին հետ նոյն առիթով կատարած հարցազրոյցին ընթացքին իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական բանակի մղած ճակատամարտը Իսրայէլի հետ ճակատումին մէկ անքակտելի մասն է` նշելով, որ «մեր հաւատարիմ ժողովուրդն ու բանակը նախագահ Պաշշար Ասատի իմաստուն ղեկավարութեան շուրջ հաւաքուած են»:

Ան խօսքը բանակին ուղղելով յայտնեց, որ «հերոսական արարքներուն հետեւելով կը հաւաստենք, որ յաղթանակը մօտ է, եւ Սուրիա անկէ աւելի հզօրացած դուրս պիտի գայ»:

ՄԱԿ-ի կայքէջը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը այսօր Սուրիոյ հարցով արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ: Աղբիւրներ կը յայտնեն, որ ժողովը կը պատրաստուի քուէարկելու ի նպաստ Սէուտական Արաբիոյ պատրաստած բանաձեւին, որ կը քննադատէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը` Ասատի վրայ ազդել չկարենալուն համար:

Բանաձեւը նաեւ Ասատին կոչ կ՛ուղղէ իշխանութենէն հրաժարելու եւ երկրին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու սկսելու:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումները պարտադիր չեն, կ՛որդեգրուին ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ եւ այս պարագային վեթոյի իրաւունք գոյութիւն չունի: Բայց եւ այնպէս Ռուսիա, Պրազիլ, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ մերժեցին սէուտական բանաձեւը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր կարգին այսօր Սուրիոյ շուրջ Ֆրանսայի նախագահութեամբ նիստ մը պիտի գումարէ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Լոնտոն կ՛այցելէ` բրիտանացի պաշտօնատարներուն հետ Սուրիոյ կացութիւնը քննարկելու համար:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին մօտիկ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Էրտողան համաձայնութիւն գոյացուցած են այն բանին շուրջ, թէ Սուրիոյ ապագային մէջ Ասատին տեղ չկայ` նշելով, որ երկու կողմերը նաեւ համաձայնած են Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու եւ երկիրը ժողովրդավարական փոփոխութեան գնացքին վրայ դնելու ջանքերը արագացնելու կարեւորութեան շուրջ:

Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Խալետ Չուիքի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը տապալելու մասին մտածումները անարդարանալի են»: Ան վստահեցուց, որ Իրան կը փափաքի, որ Սուրիոյ մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնի, իսկ տարակարծութիւնները երկխօսութեան ճամբով լուծուին: Ան դարձեալ իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնեց սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը հիւրընկալելու:

Իրանի դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «Թեհրան կը զօրակցի ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին, եւ զայն ներկայ տագնապէն դուրս գալու միակ միջոցը կը նկատենք»:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակին պատկանող շուրջ 25 հրասայլեր Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող Մարտին նահանգին մէջ կը կատարեն ռազմափորձեր, որոնք քանի մը օր պիտի տեւեն: Ըստ Մարտինի նահանգապետ Թուրհան Իվազի, անոնք զինուորական սովորական մարզումներ են:

Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ «թուրք-սէուտական յարաբերութիւնները ռազմավարական կը նկատուին, իսկ Ռիատ ու Անգարա ջանք կը թափեն սուրիացի ժողովուրդին ողբերգութեան վերջ տալու եւ անոր դէմ վարչակարգին գործած ջարդերը կասեցնելու»: Ան ըսաւ, որ թուրք-սէուտական յարաբերութիւնները «կայուն են եւ պատմութեան մէջ արմատաւորուած, իսկ երկու երկիրներուն նպատակը շրջանին եւ աշխարհին մէջ ապահովութեան եւ խաղաղութեան հիմերը ամրապնդելն է»` վստահեցնելով, որ «Սուրիոյ նկատմամբ Ռիատի եւ Անգարայի յատուկ օրակարգեր գոյութիւն չունին»:

Յորդանանեան ապահովական եւ զինուորական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ յորդանանեան եւ սուրիական ուժերուն միջեւ մերթ ընդ մերթ բախումներ տեղի կ՛ունենան: Վերջինը տեղի ունեցած է յորդանանեան Ռամսա սահմանային քաղաքին մօտ, որմէ ետք յորդանանեան ուժերու հերթական ամրապնդում տեղի ունեցած է:

Մինչ այդ, ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմադիր աղբիւրներ տեղեկացուցած են, որ զինեալ ընդդիմութիւնը Թուրքիոյ ճամբով քսան հակաօդային ուսամբարձ կերպով արձակուող հրթիռներ ստացած են` նշելով, որ ընդդիմադիրները կը յուսան յաւելեալ այսպիսի համակարգեր ստանալ, ինչպէս նաեւ կը նշեն, որ անոնց ազդեցութիւնը շուտով պիտի զգացուի: Ընդդիմադիրները նշած են, որ նոր զէնքերը կրնան Հալէպի մէջ իրենց մղած ճակատամարտին ընթացքին օգտակար հանդիսանալ:

Մինչ երէկ Հալէպի Սալահէտտին եւ Պապ Նէյրապ թաղամասերուն մէջ բախումները շարունակուեցան, Դամասկոսի մէջ առաջին անգամ ըլլալով քրիստոնեաներով բնակուած Պապ Թումա շրջանին մէջ բախումներ արձանագրուեցան: Սուրիական բանակը Ռիֆ Տիմաշքի Ժապալ Ասուատ քաղաքը իր վերահսկողութեան տակ առաւ:

Միւս կողմէ, սուրիական լաւատեղեակ աղբիւր մը «Եունայթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ Ազգային ապահովութեան կեդրոնատեղիին դէմ կատարուած գործողութեան հեղինակը ձերբակալուած է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )