Պայտըն – Պարզանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Քրտական ազգային միութիւն կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Իրաքի եւ շրջանին մէջ քաղաքական կացութիւնները:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Իրաքի, հիւսիսային Իրաքի ու շրջանի քաղաքական կացութեանց շուրջ տեսակէտներու փոխանակում եւ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է:
CATEGORIES Միջազգային

