Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած ցեխարձակումները որեւէ պարագայի մերժելի են: Ան շեշտեց, որ այդ ցեխարձակումները կը ծառայեն Լիբանանի թշնամիներուն շահերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կատարած յայտարարութիւնները` հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններուն մասին, բաւական վտանգաւոր են եւ դատական իշխանութիւններուն միջամտութիւնը կ՛ենթադրեն:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը այսօր մասնատուելու սեմին կը գտնուի` աւելցնելով, որ կառավարութեան բաղկացուցիչները պատճառած են այդ մասնատումը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ բազմացուց Լիբանանի վերեւ իր կատարած թռիչքները, որոնք ոտնձգութիւններ կը նկատուին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 500 լ. ոսկիով:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ, անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի պարգեւատրումին, յայտնեց, որ այդ պարգեւատրումը տրուած շքանշանին նկատմամբ իսկ չարիք կը նկատուի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան պետութեան ողնաշարը նկատուող լիբանանեան բանակին շուրջ համախմբուիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս շեշտեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները վտանգաւոր են եւ կրնան ամբողջ Միջին Արեւելքը բռնկեցնել:
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ բռնկած զինեալ բախումներուն պատճառով պաղեստինցի մը սպաննուած է: Այս առումով Ֆաթհ շարժումի ղեկավար Մունիր Մաքտահ նշեց, որ Այն Հելուէի մէջ արձանագրուած դէպքը անձնական է եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ հոսանքի անջատումին դէմ իբրեւ բողոք, նախանցեալ երեկոյեան լիբանանցի երիտասարդներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան, Հըքմէի կամուրջը եւ Էշրեֆիէն Տըքուանէին միացնող շրջանները, ապա վերստին բացին զանոնք:
ԿԸ նախատեսուի, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները 48 ժամէն դիմեն մագլցողական այլ քայլերու:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քոնելլի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

