Զօր. Սերրա Դրուատեց Բանակին Դերակատարութիւնը

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ դրուատեց լիբանանեան բանակին ազգային դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանէն բանակի որոշ զօրամասեր հիւսիսային Լիբանան փոխադրելու պատճառով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը ստիպուին առանձին շրջուն ջոկատներով հսկել սահմանային ապահովութեան ու խաղաղութեան:

Share this Article
CATEGORIES