Փլամպլի. «Լիբանանի Եւ Շրջանին Մէջ Կը Տիրէ Զգայուն Կացութիւն»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կը տիրէ զգայուն կացութիւն մը` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը շարունակեն իրենց աշխատանքը եւ կ՛աշխատին գործադրել Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

Փլամպլի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ յանձնառու է նաեւ լիբանանցիներուն մարդասիրական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներուն զօրակցելու, յատկապէս պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակելու առումով:

Ան շեշտեց, որ ՄԱԿ կը դրուատէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստերը վերաշխուժացնելու նախաձեռնութիւնը եւ նեցուկ կը կանգնի անոր, ինչպէս նաեւ գնահատեց Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին կատարուած լիբանանեան ֆինանսաւորումը:

Անդրադառնալով Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն իրականութեան եւ Լիբանանի մէջ անոնց յատուկ գաղթակայաններ հաստատելու հաւանականութեան` Փլամպլի դիտել տուաւ, որ Լիբանան պէտք է պատրաստուի աւելի մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ ընդունելու, «սակայն գաղթակայաններ կառուցելու միտումներ չկան», աւելցուց ան:

Share this Article
CATEGORIES