Առեւանգուած Լիբանանցիներու Տունդարձին Վերաբերող Դրական Նշոյլնե՞ր

Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ  յայտնեց, որ առեւանգեալներուն ընտանիքները վերջ տուած են իրենց կատարելիք մագլցողական քայլերուն, որովհետեւ դրական պայմաններ շօշափած են իրենց հարազատներուն տունդարձին վերաբերեալ:

Նշենք, որ առեւանգեալներու հարազատներու մէկ պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ շէյխ Զղէյպի, հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի հետ եւ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ իրենց հարազատներուն թղթածրարը ապահով ձեռքերու մէջ կը գտնուի:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ ինք անձամբ կը հետեւի անոնց թղթածրարին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )