Ղոսըն. «Բանակը Արժանապատուութիւն, Զոհողութիւն Եւ Հաւատարմութիւն Է»
Լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան 67-ամեակին առիթով, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հեռաձայնային յատուկ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հետ եւ այդ առիթով շնորհաւորեց նախարարը:
Ղոսըն յայտնեց, որ բանակին տօնը կարեւոր է իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար, որովհետեւ բանակն է երկրին միասնականութեան եւ գոյատեւման խորհրդանիշը:
Պաշտպանութեան նախարարը խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ կատարուած ցեխարձակումները` հաստատելով, որ բանակը օր մը օրանց այս կամ այն քաղաքական ուժին չէ զօրակցած, այլ զոհուած է ամբողջ Լիբանանին համար:
«Լիբանանեան բանակը բոլորին յարգանքին արժանի է, իսկ եթէ ոմանք չեն յարգեր զայն, պէտք է նուազագոյնը յարգեն անոր նահատակները, որոնք իրենց արեան գնով պաշտպանեցին երկիրը, պահպանեցին անոր միասնականութիւնը եւ պաշտպանեցին զայն բոլոր սպառնալիքներէն: Բանակը արժանապատուութիւն, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն է», ըսաւ Ղոսըն:
Այս առիթով պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորեց լիբանանահայութիւնը, որ մնայուն կերպով զօրակցած է բանակին` զայն եւ անոր անդամները նկատելով իր բանակը, իր արժանապատուութիւնը եւ իր զաւակները:
«Իսկ այսօր բանակի օրուան տօնակատարութեան ընթացքին, երբ վկայեցինք Սպայից վարժարանէն աւարտող սպաները, բուռն կերպով ծափահարեցինք Սպայից վարժարանը աւարտած լիբանանահայ սպաներուն եւ ողջունեցինք զանոնք», շեշտեց Ղոսըն:
Ղոսըն յայտնեց, որ հակառակ լիբանանեան բանակին ունեցած համեստ կարողութիւններուն, անոր հրամանատարութիւնը ունի բարձր գիտակցութիւն եւ զինուորները ունին զոհողութեան ոգի` երկրին մէջ սադրանքներու նախապատրաստութիւնը կանխարգիլելու, որովհետեւ նման սադրանքներ բռնկելու պարագային ոչ ոք կրնայ հակակշիռի տակ առնել անոնց տեւողութիւնը:
Բանակին հիմնադրութեան տարեդարձին առիթով Ղոսըն ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը մնայուն կերպով կը հսկէ հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի սահմաններուն, ինչպէս նաեւ երկրին ներքին ապահովական կայունութեան պահպանումին:
«Դժբախտաբար, սակայն, հակառակ այս ջանքերուն, ոմանք բանակին դէմ կանխամտածուած արշաւներ կը մղեն եւ զինուորական հաստատութիւնը ցեխարձակումներու կ՛ենթարկեն` իրենց շահերուն եւ անձնական նպատակներուն համար: Բայց եւ այնպէս կը հաստատենք, որ նման արշաւներ ու ցեխարձակումներ ապարդիւն դուրս պիտի գան, որովհետեւ բանակը ամրապնդուած կառոյց է եւ ան կը վայելէ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը», ընդգծեց Ղոսըն:
Պաշտպանութեան նախարարը իր խօսքը ուղղելով բանակին յայտնեց, որ ան երկրին ողնասիւնն է` աւելցնելով, որ բանակը նաեւ լիբանանցիները պաշտպանող փամփշտարգելն է: «Հետեւաբար, բանակին դէմ հարուած հասցնելու բոլոր փորձերը պիտի ձախողին եւ բանակին ազգային դերակատարութիւնն ու հեղինակութիւնը երբեք ոտնակոխ պիտի չըլլան», ըսաւ ան:
Ղոսըն կոչ ուղղեց գիտակցելու այս հանգրուանին զգայնութեան եւ զօրակցելու լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան իր դերակատարութիւնը կատարէ` հեռու մնալով քաղաքական տարկարծութիւններէն, որոնք ամբողջ Լիբանանին գոյութեան կը սպառնան: