Ներքին Գործոց Նախարարը Կը Յաջողի Վերջ Տալ Շէյխ Ասիրի Նստացոյցին

Նախարարական նիստէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նիստին` ներկայութեամբ խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի, ինչպէս նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ուսուցիչներուն պահանջները:

Նիստէն ետք Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին անունով յայտարարուեցաւ, որ եթէ ուսուցիչներուն պահանջները չկատարուին, ապա անոնք պիտի բռնագրաւեն կրթութեան նախարարութիւնը:

Ղոսըն իր կարգին յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է լուծէ անլոյծ մնացած թղթածրարները` պահպանելու համար լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի նախագահեց նաեւ նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան աշխատավարձերու յաւելումին վերաբերող հարցեր: Այս ծիրին մէջ յայտնուեցաւ, որ որոշ յառաջդիմութիւն մը արձանագրուած է եւ համաձայնութիւն մը գոյացած:

Աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ նիստը պիտի շարունակուի յառաջիկայ երեքշաբթի օր: Միւս կողմէ, կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ յայտնեց, որ աշխատավարձերու յաւելումին մասին ուսուցիչներուն հետ համաձայնութիւն մը գոյացուցած են եւ այդ համաձայնութիւնը առաւելագոյնը մինչեւ օգոստոսի վերջ պիտի վաւերացուի:

Իր կարգին, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ նախարարական յանձնախումբին հետ որոշ համաձայնութիւն մը գոյացած է առաջարկուած թիւերուն շուրջ:

Մահֆուտ աւելցուց սակայն, որ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը իր կարգին պիտի քննարկէ այդ համաձայնութիւնը եւ ըստ այն որոշում տայ:

Սայտայի Մէջ

Յայտնենք, որ երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 8:00-ին յայտնուեցաւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է Սայտայի մէջ շէյխ Ահմետ Ասիրի յայտարարած նստացոյցին վերջ մը տալու, եւ այդ նպատակով ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել ուղղուեցաւ Սայտա, ուր հանդիպում ունեցաւ շէյխ Ասիրի հետ, որ իր կարգին յայտարարեց բաց նստացոյցին աւարտը:

ՆՇԵՆՔ, որ այս բոլորին կողքին Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու թղթածրարին լուծման վերաբերող ջանքերը կը շարունակուին եւ այդ իմաստով դրական տուեալներու մասին անպաշտօն յայտարարութիւններ կատարուած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES