«Մենք Առաջինն Էինք, Որ Պաշտպանութեան Ռազմավարութիւն Ներկայացուցինք» Կ՛ըսէ Սէյիտ Նասրալլա
Երէկ սարքուած իֆթարի մը ընթացքին պատկերասփռուած ճառ մը արտասանելով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա` յայտարարեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին առաջինը Հըզպալլան էր, որ պաշտպանութեան ռազմավարութեան իր պատկերացումը ներկայացուց:
«Մեր եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ սկզբունքային համաձայնութիւն կար. ան ըսաւ ինծի, որ այն հարցերուն շուրջ, որ համաձայնած էինք իր հօր հետ, կը շարունակենք անոնց շուրջ համաձայն մնալ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, յաճախ երբ որեւէ դիմադրութիւն աշխարհի վրայ յաղթանակ կ՛արձանագրէ, ինք կ՛իշխէ, բայց Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը յաղթանակը ժողովուրդին նուիրեց եւ չպահանջեց իշխանութիւն:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ երբ Դիմադրութեան զէնքը պետութեան յանձնուի, կը կորսնցնէ թշնամին ետ մղելու իր կարողութիւնը եւ կը ժանգոտի պետութեան պահեստանոցներուն մէջ:
Նասրալլա նաեւ ըսաւ, որ Իրան պատրաստ է զինելու լիբանանեան բանակը, բայց արդեօք լիբանանեան իշխանութիւնները կ՛ընդունին Իրանի այս պատրաստակամութիւնը, թէ կը վախնան Միացեալ Նահանգներէն:

