Բանակի Հիմնադրութեան 67-ամեակը Եղաւ Առիթ` Դատապարտելու Զայն Հարուածողները
Բանակի հիմնադրութեան 67-ամեակին առիթով, երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, Ֆիատիէի «Շուքրի Ղանեմ» զօրանոցին մէջ նախագահեց բանակի տողանցքին եւ Սպայից վարժարանի աւարտական հանդիսութեան:
Բանակին նահատակներուն յուշարձանին ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք տեղի ունեցաւ բանակի զօրամասերուն տողանցքը` պաշտօնական հիւրերուն եւ աւարտող սպաներուն ընտանիքներուն դիմաց:
Նախագահ Սլէյման իր պատգամը փոխանցեց աւարտող սպաներուն` շեշտելով, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան, որ հիմնուած ըլլայ բանակին վրայ` դիմադրելու համար իսրայէլեան բռնարարքներուն եւ ձախողեցնելու համար Լիբանանի դէմ Իսրայէլի առնելիք քայլերը:
«Լիբանանեան բանակը չի կրնար այս բոլորը կատարել, եթէ զինք գրկող եւ հովանաւորող ազգային յարմար մթնոլորտ մը չգոյանայ: Բանակը կը շինէ ու չի քանդեր եւ կը պաշտպանէ ու չի յարձակիր: Հետեւաբար, լիբանանեան դատական իշխանութիւնները պէտք է առանց վախի յանդգնին վճիռներ արձակել եւ անվարան պատժել լիբանանեան բանակին դէմ ցեխարձակումներ կատարող եւ բանակը վարկաբեկող անհատները», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Ան հաստատեց, որ պէտք է մերժել Լիբանանի մէջ ցիր ու ցան եղած զէնքն ու զինամթերքը եւ ճանչնալ ու հանդուրժողականութիւն ցուցաբերել ուրիշներուն նկատմամբ:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ պէտք չէ թիրախ դարձնել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համախոհութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ պէտք է Լիբանանը չէզոք մնայ` արաբական եւ շրջանային տագնապներուն նկատմամբ եւ քաղաքական առանցքներու գոյութենէն, որոնք արդէն իսկ երկփեղկում կը յառաջացնեն լիբանանցիներուն միջեւ:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ պէտք է Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալ եւ ամէն ջանք ի գործ դնել երկրին ժողովրդավարութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ պետութեան կերտումին համար` ապահովելով պետական կեանքին մէջ բոլոր համայնքներուն ներկայութիւնն ու պետական աշխատանքին մէջ բոլորին գործակցութիւնը:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման աւարտող 252 սպաները կոչեց «նահատակ Ուալիտ Շաար»-ի սերունդ:
Տօնակատարութեան աւարտին նախագահ Սլէյման եւ Պըրրի Սլէյմանի ինքնաշարժով ուղղուեցան նախագահական պալատ, ուր անոնք քննարկեցին երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան ան դրուատեց բանակին ջանքերն ու զոհողութիւնները` ի խնդիր Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին, երկրին սահմաններուն պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութեան ամրապնդումին:
Իր կարգին, զօր. Ժան Քահուաժին հանդիպումին ընթացքին ըսաւ. «Ով որ պէ՛տք է բանակը պաշտպանէ, զայն կը հարուածէ եւ բանակին կուրծքին նիզակներ կ՛ուղղէ»:
Ան նշեց, թէ անոնք, որոնք լիբանանեան պետութեան առողջութեան յանձնառու պէտք է ըլլան, բանակը թիրախ կը դարձնեն եւ կը փորձեն հարուածել անոր տրամադրութիւնները եւ զայն իր ժողովուրդին հետ բախումներու ենթարկել:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը անշեղ պիտի մնայ իր կեցուածքներէն, ինչպէս նաեւ հեռու պիտի մնայ քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ յարանուանական լարուածութիւններէն, որովհետեւ բանակը համոզուած է, որ եթէ իր սկզբունքներէն շեղի, ապա ան խոցած կ՛ըլլայ երկրին ազգային միասնականութիւնը եւ իմաստազրկած ազատութիւնը:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին շնորհաւորեց բանակը` իր 67-ամեակին առիթով եւ անոր մատուցած զոհողութիւններուն ու երկրին ապահովական կայունութեան հսկելուն համար:
«Բանակը իր գործունէութեամբ եւ առաքելութեան նկատմամբ հաւատարմութեամբ լիբանանցիներուն յարգանքին եւ սիրոյն արժանացած է», ըսաւ Միքաթի:
Վարչապետը հաստատեց, որ բանակը հասաւ նաեւ մինչեւ հարաւային Լիբանան եւ երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանեց թշնամի Իսրայէլէն: «Այդ իսկ պատճառով, կառավարութիւնը որոշեց բանակը դիրքաւորել նաեւ հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն վրայ, որպէսզի ան սահմանամերձ շրջանի բնակիչները պաշտպանէ եւ անոր անվտանգութեան հսկէ», աւելցուց վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:
Յայտնենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամեր Ռաշիտ Քապպանի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել բանակը շնորհաւորեցին եւ կոչ ուղղեցին համախմբուելու անոր շուրջ:
Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Քահուաժիի հետ եւ յոյս յայտնեց, որ բանակը դառնայ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան պաշտպանը: